Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Feb.
«Կը խորհի՞ս թէ ասիկա պատճառ մըն է թէ ինչո՛ւ աշխարհի մէջ այսքան խնդիրներ կան։ [Կարդա՛ Ա. Յովհաննու 5։19–ն, ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս յօդուածը ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ «չարին» ինքնութեան մասին, եւ թէ ի՛նչպէս կրնանք իր զօրաւոր ազդեցութենէն խուսափիլ»։ Էջ 12–ի վրայ սկսող յօդուածը ներկայացուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ Մարտ 1
«Շատեր կը խորհին թէ բոլոր կրօնքները Աստուծոյ կ’առաջնորդեն։ Կը խորհի՞ս թէ տարբերութիւն կ’ընէ թէ անհատ մը ի՛նչ կրօնք կ’ընտրէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ հետեւեալ յանձնարարութիւնը։ [Կարդա՛ Ա. Յովհաննու 4։1–ը։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք ուսուցումները քննել, տեսնելու համար թէ Աստուծմէ՞ են։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ թէ տարբեր կրօնքները ի՛նչպէս սկսան»։
Mar.
«Քու կարծիքով, ներկայիս պատանիները ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս համարը աչքառու կը դարձնէ խնդիր մը,– շիտակ բարեկամներ ունենալը։ [Կարդա՛ Առակաց 13։20–ը։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ՝ համացանցը գործածելով բարեկամներ գտնելու վտանգները եւ թէ պատանիները ի՛նչպէս կրնան պաշտպանուիլ»։