Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Feb.
«Ներկայիս մարդիկ բազմաթիւ աստուածներ կը պաշտեն։ Սակայն նկատի առ թէ Յիսուս իր մէկ աղօթքին մէջ ի՛նչ ըսաւ իր երկնաւոր Հօր մասին։ [Կարդա՛ Յովհաննու 17։3–ը։] Եթէ միայն մէկ ճշմարիտ Աստուած կայ, ուրեմն միւս աստուածները ի՞նչ են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս յօդուածը Աստուածաշունչի տեսակէտը կը բացատրէ»։ Ուշադրութեան յանձնէ էջ 28-29–ի վրայ գտնուող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Մարտ 1
«Եթէ կարենայիր մէկը նշանակել որ աշխարհը կառավարէ, ո՞վ կ’ընտրէիր։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Դիտարան պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ ինչո՛ւ Մեսիայի մը կարիք ունինք։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ թէ իր իշխանութիւնը մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի նշանակէ»։ Կարդա՛ Եսայեայ 9։6, 7–ն։
Mar.
«Սէրը մեր երջանկութեան ու բարօրութեան համար կենսական է։ Այսուհանդերձ շատերու համար, իսկական սէր գտնելը դժուար է։ Քու կարծիքով, ի՞նչ է պատճառը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Իսկական սէր գտնելու բանալիներէն մէկն է՝ սորվիլ ուրիշներու հանդէպ անձնուրաց սէր ցուցաբերել։ Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ ասիկա ի՛նչ կը պարփակէ»։ Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 13։4-7–ն։