Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Jan.
«Նկատա՞ծ ես թէ դաւանեալ Քրիստոնեաներէն շատեր Յիսուսի ուսուցումներուն չեն հետեւիր։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Օրինակ, շատեր հոս նշուած Յիսուսի խօսքերուն չեն հետեւիր։ [Կարդա՛ Յովհաննու 13։35–ը։] Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ Յիսուսի սորվեցուցածին եւ շատ մը դաւանեալ Քրիստոնեաներուն տեսակէտին միջեւ եղող տարբերութիւնը»։ Ներկայացուր էջ 18–ի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Փետրուար 1
«Կը խորհի՞ս թէ մեր հաւաքականութիւնը աւելի լաւ պիտի ըլլայ եթէ ամէն ոք սա խօսքերուն համաձայն ապրի։ [Կարդա՛ Եփեսացիս 4։25–ը։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր կը խորհին թէ կարգ մը պարագաներուն սուտ խօսիլը ընդունելի է։ Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ՝ մի՛շտ ճշմարտութիւնը խօսելուն օգուտները»։
Feb.
«Կարգ մը հաւաքականութիւններու մէջ կրօնքի հանդէպ տեսակէտը փոփոխութեան կ’ենթարկուի։ Կը խորհի՞ս թէ եկեղեցիները իրենց ազդեցութիւնը կը կորսնցնեն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Պօղոս առաքեալի սա խօսքերը կը բացատրեն թէ ոմանք ինչո՛ւ կրօնքի հանդէպ իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած են։ [Կարդա՛ Գործք 20։29, 30–ը։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Քրիստոնէութեան ապագային մասին»։