Լուսաւորներու պէս փայլող պատանիներ
1. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Քրիստոնեաները աչքի պիտի զարնէին, եւ ասիկա ներկայիս ի՞նչպէս կը կիրարկուի Քրիստոնեայ պատանիներուն։
1 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք էք աշխարհի լոյսը»։ (Մատթ. 5։14, 16) Բլուրի վրայ գտնուած քաղաքի մը նման, որ արեւու լոյսին տակ կը փայլի, անոնք աչքի պիտի զարնէին։ Ներկայիս, պատանի Քրիստոնեաներէն շատեր «լուսաւորներու պէս կը [փայլին] աշխարհի մէջ», իրենց պարկեշտ վարքին ու նախանձախնդիր վկայութեան շնորհիւ։—Փիլ. 2։15. Մաղ. 3։18
2. Ուսուցիչներուդ եւ դասակիցներուդ վկայելու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։
2 Դպրոցը. Ի՞նչպէս կրնաս դպրոցին մէջ վկայել։ Կարգ մը պատանիներ օգտագործած են դասարանի քննարկումը որոշ նիւթերու, ինչպէս՝ թմրեցուցիչ, բարեշրջութիւն եւ Ողջակիզում։ Քոյր մը ահաբեկչութեան վերաբերեալ իրեն նշանակուած շարադրութիւնը օգտագործելով, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին վկայեց որպէս մարդկութեան իսկական յոյսը։ Ուսուցիչը լաւ մտածուած տեղեկագրութեամբ տպաւորուեցաւ, եւ ասիկա հող պատրաստեց յաւելեալ վկայութեան համար։
3. Դպրոցին մէջ ի՞նչպէս կրնաս վարքովդ քու լոյսդ փայլեցնել։
3 Կրնաս նաեւ լուսաւորներու պէս փայլիլ՝ վարքովդ եւ համեստ հագուստովդ ու յարդարանքովդ։ (Ա. Կորն. 4։9. Ա. Տիմ. 2։9) Աշակերտները եւ ուսուցիչները տեսնելով թէ վարմունքդ տարբեր է, ոմանք կրնան ճշմարտութեան հրապուրուիլ քու լաւ բարքիդ շնորհիւ եւ քեզի առիթ տալ որ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները ներկայացնես։ (Ա. Պետ. 2։12. 3։1, 2) Աստուածահաճոյ վարք ունենալը կրնայ դիւրին չըլլալ, բայց Եհովա առատօրէն պիտի օրհնէ քեզ։ (Ա. Պետ. 3։16, 17. 4։14) Բարի լուրին հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար, կրնաս դադարի ընթացքին աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կարդալ կամ զանոնք տեղ մը դնել, ուր ուրիշներ կրնան տեսնել։
4. Դպրոցին մէջ վկայելով ի՞նչ օգուտներ կը քաղես։
4 Դպրոցին մէջ լոյսդ փայլեցնելը կը զօրացնէ հաւատքդ եւ քեզի կ’օգնէ որ Եհովայի ծառայութեամբ պարծենաս։ (Երեմ. 9։24) Անիկա նաեւ որպէս պաշտպանութիւն կը ծառայէ։ Քոյր մը ըսաւ. «Հաւատալիքներուս մասին խօսելով օգուտ մը կը քաղեմ,– աշակերտները չեն ճնշեր որ ընեմ բան մը, որ Աստուածաշունչին ըսածին հետ ներդաշնակ չէ»։
5. (ա) Կարգ մը պատանիներ իրենց ծառայութիւնը ի՞նչպէս կ’ընդարձակեն։ (բ) Ի՞նչ են հոգեւոր նպատակակէտերդ։
5 Ընդարձակուած ծառայութիւն. Բազմաթիւ պատանիներ որպէս լուսաւորներ կը փայլին՝ իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելով։ Երկրորդականը աւարտելէ ետք, եղբայր մը փոխադրուեցաւ տեղ մը՝ ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու աւելի մեծ կարիք կար։ Ան մէկ երէց ունեցող պզտիկ ժողովքի մը մաս կազմեց։ Ան իր բարեկամին գրեց. «Հոս շա՛տ ուրախ ժամանակ կ’անցընեմ։ Ծառայութիւնը շա՜տ թարմացուցիչ է։ Իւրաքանչիւր դրան առջեւ շուրջ 20 վայրկեան կը խօսինք, քանի որ մարդիկ կ’ուզեն լսել ա՛յնքան որքան կրնաս իրենց խօսիլ»։ Ան աւելցուց. «Կը մաղթեմ որ իւրաքանչիւր պատանի այսպիսի բան մը ընէ եւ նման զգացումներ վայելէ։ Մեր բոլոր ունեցածով Եհովայի ծառայելէ աւելի լաւ բան չկայ»։
6. Ժողովքիդ մէջ գտնուող պատանիներուն նկատմամբ ի՞նչ բան կը գնահատես։
6 Որքա՜ն կը պարծենանք ձեզմով, ո՛վ պատանիներ, որ աշխարհի մէջ լուսաւորներու պէս կը փայլիք։ (Ա. Թես. 2։20) Ձեր ամբողջ սիրտով, անձով, միտքով եւ զօրութեամբ Եհովայի ծառայելով, պիտի ստանաք «հարիւրապատի՛կը հիմա՝ այս ատեն . . . ու յաւիտենական կեանքը՝ գալիք աշխարհին մէջ»։—Մար. 10։29, 30, ԱՎ. 12։30