Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Awake! Jan. 22
«Թերեւս թեթեւի կ’առնենք այն իրողութիւնը թէ տուն մը ունինք։ Սակայն, համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւոր ապաստանեալներ անօգնական կը թափառին, իրենց փնտռած ապահովութիւնը երբեք չգտնելով։ Զարթի՛ր–ը կը քննէ այս խնդրին պատճառը, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչին խոստումը, թէ օր մը ամէն անհատ իր անձնական տունը պիտի ունենայ»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Փետրուար 1
«Շատեր իրենց պաշտամունքին մէջ պատկերներ կամ արձաններ կը գործածեն։ Կը խորհի՞ք թէ այսպիսի իրեր փրկելու զօրութիւն ունին։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Հաճեցէք նկատի առնել թէ ճշմարիտ Աստուածը ի՛նչ պիտի ընէ մեզի համար։ [Կարդացէք Յայտնութիւն 21։3, 4] Միայն իրական Աստուած մը կրնայ ասիկա իրագործել։ Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ ո՛վ է ան եւ ի՛նչպէս կրնանք օգտուիլ մեր վստահութիւնը իր վրայ դնելով»։
Awake! Feb. 8
«Անկասկած նկատած ըլլալու էք որ, թէեւ ամուսնութիւնները սովորաբար ուրախ սկիզբ մը կ’ունենան, բայց հետագային անոնցմէ շատեր կը քայքայուին։ Կը փափաքիմ ձեզի Զարթի՛ր–ի այս թիւը տալ, քանի որ նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչի տեսակէտը՝ ամուսնութիւն մը ի՛նչպէս մնայուն եւ ուրախ ընելու մասին»։