Ինթըրնէթի Գործածութեան Վտանգներուն Նկատմամբ Արթուն Եղէք
1 Եհովայի ժողովուրդը իրարու հետ օգտակար ընկերակցութիւն կը վայելեն։ Անոնք կը սիրեն դաշտի ծառայութեան փորձառութիւններ բաժնել եւ գնահատութեամբ կը լսեն Եհովայի Վկաներու եւ համայն երկրի մէջ Թագաւորութեան գործին հետ առնչութիւն ունեցող իրադարձութիւններու մասին։ Անոնք կը փափաքին գիտնալ որեւէ յատկանշական բան որ կը պատահի մեր եղբայրներուն, ինչպէս՝ տագնապալից դէպք մը կամ բնական աղէտ մը, եւ կ’ուզեն գիտնալ թէ կրնա՞ն որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ անոնց։ Այսպիսի հետաքրքրութիւն եղբայրակցութեան միութիւնը ցոյց կու տայ, փաստելով թէ իրապէս զիրար կը սիրենք։—Յովհ. 13։34, 35
2 Ներկայիս, համաշխարհային իրադարձութիւններու լուրերը շուտով կը հասնին մեզի։ Ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայաններ, տեղւոյն վրայ դէպքերը ամենայն մանրամասնութեամբ կը սփռեն երկրագունդի բոլոր մասերուն մէջ գտնուող ունկնդիրներու։ Հեռաձայնն ալ աշխարհի չորս կողմը գտնուող մարդոց հետ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ գալը կարելի կը դարձնէ։ Մեծ ժողովրդականութիւն շահող հաղորդակցութեան նոր երեւոյթ մըն է՝ Ինթըրնէթը։—Տես՝ Զարթի՛ր 22 Յուլիս 1997։
3 Հեռաձայնի գիւտը համայն աշխարհի մէջ անհատներու միջեւ արագ հաղորդակցութեան դուռը բացաւ։ Թէեւ հեռաձայնը շատ օգտակար է, անոր գործածութեան նկատմամբ զգոյշ պէտք է ըլլանք, քանի որ անիկա կրնայ անպատշաճ ընկերակցութեան կամ գործունէութեանց գործիք մը դառնալ, իսկ հեռաձայնի չափազանց գործածութիւնը կրնայ սուղի նստիլ։ Հեռատեսիլը եւ ձայնասփիւռը կրթական մարզին մէջ հնարաւորութիւններ ունին։ Դժբախտաբար, սակայն, յայտագիրներուն մեծ մասը բարոյազուրկ, եւ անոնց հետեւիլը ժամավաճառութիւն է։ Իմաստութիւնը մեզ կը հարկադրէ որ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի գործածութեան նկատմամբ շատ ընտրողական ըլլանք։
4 Ինթըրնէթը կարելի կը դարձնէ որ անհատ մը համայն աշխարհի մէջ գտնուող միլիոնաւոր անհատներու հետ հաղորդակցի մատչելի գնով. նաեւ հսկայ քանակութեամբ տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու պատեհութիւն կ’ընծայէ։ (Զարթի՛ր 8 Յունուար 1998) Սակայն, Ինթըրնէթի անխտիր գործածութիւնը կրնայ անհատը հոգեւոր եւ բարոյական մեծ վտանգներու ենթարկել։ Ի՞նչ կերպով։
5 Շատեր հետաքրքրուած են իսկոյն մատչելի եղող տեղեկութիւններով, որոնք ցոյց կու տան զէնքեր ու ռումբեր շինելու կերպը։ Ճարտարարուեստի մէջ դժգոհութիւն կը յայտնուի Ինթըրնէթի գործածութեան պատճառաւ գործաւորներուն վատնած ժամանակին մասին։ Մեր գրականութիւններուն մէջ շատ բան ըսուած է Ինթըրնէթի ներկայացուցած հոգեւոր բացայայտ վտանգներուն մասին։ Բազմաթիւ Ուէպ–ի վայրեր վայրագ եւ պոռնկագրական նիւթեր կը հրամցնեն, որոնք Քրիստոնեաներուն համար բոլորովին անպատշաճ են։ (Սաղմ. 119։37) Այս վտանգներուն կողքին կայ աւելի թաքուն վտանգ մը, որու նկատմամբ Եհովայի Վկաները մասնաւորաբար զգոյշ պէտք է ըլլան։ Ի՞նչ է այդ վտանգը։
6 Օտարական մը ձեր տունը պիտի հրաւիրէի՞ք, առանց նախապէս գիտնալու թէ ո՛վ է ան։ Եթէ անոր ինքնութիւնը գիտնալու ոչ մէկ կերպ կայ, ի՞նչ պիտի ընէիք։ Թոյլ պիտի տայի՞ք որ այսպիսի օտարական մը ձեր զաւակներուն հետ մեկուսանար։ Ինթըրնէթի պարագային, ասիկա անվիճելի հաւանականութիւն մըն է։
7 Կրնաք ձեզի անծանօթ եղող անհատներու ելեկտրոնական թղթակցութեան մէջ մտնել։ Միեւնոյնն է պարագան, երբ ելեկտրոնական կերպով կը խօսակցիք խօսարանի մը կամ զրոյցի սենեակի մը մէջ։ Երբեմն, մասնակցողներ Եհովայի Վկաներ ըլլալ կը դաւանին, բայց յաճախ այդ չէ պարագան։ Անհատ մը թերեւս դաւանի պատանի մը ըլլալ, երբ իրականութիւնը այդ չէ։ Կամ մէկը կրնայ սուտ զրուցել, իր սեռին առնչութեամբ։
8 Ձեզի փոխանցուած տեղեկութիւնները՝ փորձառութիւններ կամ մեր հաւատալիքներուն մասին մեկնաբանութիւններ կրնան ըլլալ։ Այս տեղեկութիւնները ուրիշներու կը փոխանցուին, որոնք իրենց կարգին զանոնք տակաւին կը փոխանցեն ուրիշներու։ Ընդհանրապէս տեղեկութիւնները կարելի չէ ստուգել եւ թերեւս ճշմարտութիւն չըլլան։ Ըսուածները կրնան հաւատուրաց պատճառաբանութիւններ տարածելու քօղ մը ըլլալ։—Բ. Թես. 2։1-3
9 Այս վտանգը ի մտի ունենալով, եթէ Ինթըրնէթ կը գործածէք, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ինչո՞ւ զայն կը գործածեմ։ Հաւանակա՞ն է որ գործածած կերպիս պատճառաւ հոգեւորապէս վնասուիմ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ուրիշներու հոգեւոր վնասին նպաստեմ’։
10 «Եհովայի Վկաներ»ու Ուէպ–ի Վայրերը. Նկատի առէք, զոր օրինակ, կարգ մը Ինթըրնէթի վայրեր, որոնք հաստատուած են Եհովայի Վկաներ ըլլալ դաւանող անհատներու կողմէ։ Անոնք կը հրաւիրեն ձեզ որ այցելէք իրենց վայրերը, Վկայ ըլլալ դաւանող ուրիշ անհատներու կողմէ ղրկուած փորձառութիւններ կարդալու համար։ Անոնք կը քաջալերեն ձեզ որ Ընկերութեան գրականութիւններուն հանդէպ ձեր մտածումները եւ գաղափարները բաժնէք։ Ոմանք դաշտի ծառայութեան մէջ գործածուելու համար ներկայացումներ կը յանձնարարեն։ Այսպիսի վայրեր, ուրիշներու հետ տեղւոյն վրայ հաղորդակցութեան մտնելու համար զրոյցի սենեակներ կը ներկայացնեն, որ նման է հեռաձայնով խօսելու։ Անոնք յաճախ ձեզ կ’ուղղեն այլ վայրեր, ուր կրնաք հաղորդակցութեան մէջ գալ ու ընկերակցիլ աշխարհի չորս կողմը գտնուող Եհովայի Վկաներու հետ։ Սակայն, կրնա՞ք վստահութեամբ ըսել որ այս շփումները հաւատուրացներու կողմէ գաղտնաբար չեն ծրագրուած։
11 Ինթըրնէթի միջոցաւ ընկերակցութիւն ունենալը Եփեսացիս 5։15-17–ի մէջ գտնուած յանձնարարութեան հետ համաձայն չէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են։ Անոր համար անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը»։
12 Քրիստոնէական ժողովքը աստուածպետական այն խողովակն է, որու միջոցաւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մեզ հոգեւորապէս կը կերակրէ։ (Մատթ. 24։45-47) Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ կը գտնենք աշխարհէն անջատ պահուելու համար առաջնորդութիւն եւ պաշտպանութիւն, նաեւ, Տէրոջը գործին մէջ զբաղած մնալու համար մղում։ (Ա. Կորն. 15։58) Սաղմոսերգուն նշեց թէ ուրախ եւ ապահով կը զգար Աստուծոյ ժողովքին մէջ։ (Սաղմ. 27։4, 5. 55։14. 122։1) Ժողովքը նաեւ հոգեւոր օգնութիւն եւ աջակցութիւն կը հայթայթէ իր հետ ընկերակցողներուն։ Հոն կրնաք գտնել սիրալիր, հոգածու ու հոգատար բարեկամներու խումբ մը՝ անհատներ, որոնք անձնապէս կը ճանչնաք թէ պատրաստ ու յօժար են ուրիշներուն օգնելու ու մխիթարելու նեղութեան ժամանակ։ (Բ. Կորն. 7։5-7) ժողովքի անդամները պաշտպանուած են, անզեղջօրէն մեղք գործող կամ հաւատուրաց մտածելակերպ քաջալերող անհատները վտարելու սուրբ գրային կարգադրութեամբ։ (Բ. Կորն. 5։9-13. Տիտ. 3։10, 11) Կրնա՞նք ակնկալել միեւնոյն սիրալիր կարգադրութիւնները գտնել երբ Ինթըրնէթի միջոցաւ ուրիշներու հետ կ’ընկերակցինք։
13 Բացայայտ եղած է թէ պարագան ճիշդ ասոր հակառակն է։ Ուէպ–ի կարգ մը վայրեր որոշապէս հաւատուրաց պրոպականդի միջոցներ են։ Անոնք կրնան ասոր հակառակը դաւանիլ, եւ զայն երաշխաւորողները կրնան մանրամասն բացատրութիւն տալ, հաստատելով թէ իրենք իրապէս Եհովայի Վկաներ են։ Անոնք մինչեւ իսկ կրնան ձեզմէ տեղեկութիւն խնդրել, հաստատելու համար որ դուք Եհովայի Վկաներէն մէկն էք։
14 Եհովա կ’ուզէ որ ներատեսութիւն գործածէք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան գիտէ թէ անիկա ձեզ զանազան վտանգներէ պիտի պաշտպանէ։ Առակաց 2։10-19–ն կը սկսի ըսելով. «Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ, խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ»։ Ձեզ ի՞նչ բանէ պիտի պաշտպանէ։ Հետեւեալին նման բաներէ՝ «չար մարդուն ճամբայէն», ուղիղ ճամբան ձգողներէն, եւ անբարոյ ու ընդհանուր առմամբ, խոտորած վարք ունեցող մարդոցմէ։
15 Երբ Թագաւորութեան Սրահ երթանք, վստահ ենք որ մեր եղբայրներուն հետ ենք։ Զանոնք կը ճանչնանք։ Ոեւէ մէկը փաստ չի պահանջեր ասոր համար, քանի որ ցուցաբերուած եղբայրասիրութիւնը ասիկա բացայայտ կը դարձնէ։ Մեզմէ պահանջուած չէ յանձնարարագիր հայթայթել, փաստելու համար թէ մենք ի՛րապէս Եհովայի Վկաներ ենք։ Հո՛ս է որ կրնանք իսկական փոխադարձ քաջալերութիւն գտնել, որու մասին Պօղոս խօսեցաւ Եբրայեցիս 10։24, 25–ին մէջ։ Ասիկա ունենալու համար, Ինթըրնէթի վրայ ընկերակցութիւն հայթայթող Ուէպ–ի վայրերուն չենք կրնար վստահիլ։ Սաղմոս 26։4, 5–ի խօսքերը ի մտի ունենալը մեզ արթուն կը պահէ այն վտանգներուն նկատմամբ, որոնց դիւրաւ կրնանք հանդիպիլ, երբ Ինթըրնէթի վրայ Ուէպ–ի վայրեր կը գործածենք։
16 Ինթըրնէթ գործածողներուն մատչելի եղած եւ ձեռք ձգած տեղեկութեան տեսակին վրայ սահմանափակումներ կամ արգելքներ չկան։ Յաճախ, երախաներ ու դեռատիներ դիւրին որս կը դառնան այս միջավայրին մէջ գտնուող ոճիրին ու եղծանման։ Երախաներ հաւատք կ’ընծայեն, հետաքրքիր են եւ սայպըրսփէյս–ի յարաբերաբար նոր աշխարհը հետազօտելու մեծ փափաք ունին։ Հետեւաբար, ծնողներ իրենց զաւակներուն վրայ պէտք է հսկեն եւ Ինթըրնէթը գործածելու մասին սուրբ գրային օգտակար ուղղութիւններ տան անոնց, ինչպէս որ իրենց զաւկին ուղղութիւն պիտի տային երաժշտութեան կամ շարժապատկերներու ընտրութեան մէջ։—Ա. Կորն. 15։33
17 Դժբախտաբար, ատեն մը մեր եղբայրներն ու քոյրերը եղողներէն ոմանք վտարուեցան, քանի որ Ինթըրնէթի միջոցաւ զրոյցի սենեակներու մէջ աշխարհային անհատներու ծանօթանալով ընկերակցութիւններ մշակեցին, ինչ որ ի վերջոյ զիրենք անբարոյութեան առաջնորդեց։ Ապշած ու անակնկալի եկած, երէցներ գրած են թէ ոմանք նոյնիսկ իրենց ամուսինները կամ կիները ձգած են, Ինթըրնէթի վրայ սկսած յարաբերութիւն մը հետապնդելու համար։ (Բ. Տիմ. 3։6) Ուրիշներ ճշմարտութիւնը լքած են, քանի որ հաւատուրացներու միջոցաւ հայթայթուած տեղեկութիւններու հաւատացած են։ (Ա. Տիմ. 4։1, 2) Այս շատ լուրջ վտանգներուն ի տես, տրամաբանական չի՞ թուիր որ զգոյշ ըլլանք Ինթըրնէթի վրայ զրոյցի նիստերուն միջամուխ ըլլալէ։ Վստահաբար, Առակաց 2։10-19–ի մէջ յիշուած իմաստութիւնը, գիտութիւնը, խոհեմութիւնը եւ հանճարը այս հարցին մէջ մեզ պէտք է պաշտպանեն։
18 Նկատուած է որ կարգ մը անհատներ Ուէպ–ի վրայ վայրեր ստեղծած են, որպէսզի բարի լուրը քարոզեն։ Այս վայրերէն շատեր անխոհեմ եղբայրներու կողմէ խնամակալուած են։ Ուրիշ վայրեր՝ հաւատուրացներու կողմէ, որոնք կը փափաքին դիւրախաբ անհատները հրապուրել։ (Բ. Յովհ. 9-11) Եղբայրներու կողմէ Ուէպ–ի վայրեր ստեղծելու կարիքին մասին խօսելով, Նոյեմբեր 1997–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը էջ 3–ի վրայ կ’ըսէր. «Կարիքը չկայ որ ոեւէ անհատ Ինթըրնէթի վրայ դրուելիք նիւթեր պատրաստէ՝ Եհովայի Վկաներու, մեր գործունէութեանց կամ հաւատալիքներուն մասին։ Մեր պաշտօնական վայրը [www.watchtower.org] ճշգրիտ տեղեկութիւն կը ներկայացնէ ոեւէ անհատի որ կը փափաքի զայն ունենալ»։
19 Ինթըրնէթի Միջոցաւ Ուսումնասիրութեան Օգնականնե՞ր. Ոմանք խորհած են թէ եղբայրներուն ծառայութիւն մը մատուցած կ’ըլլան, աստուածպետական զանազան գործունէութիւններու վերաբերեալ հետազօտուած տեղեկութիւններ փոխանցելով։ Զոր օրինակ, անհատ մը թերեւս հանրային դասախօսութեան մը ուրուագծին հիման վրայ փնտռտուք ընէ, ապա զայն փոխանցէ ուրիշներու, խորհելով թէ այսպիսի տեղեկութիւն մը օգտակար պիտի ըլլայ միեւնոյն ուրուագիծը պատրաստող անհատներուն համար։ Ուրիշներ, յաջորդ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան բոլոր համարները Ինթըրնէթի վրայ կը դնեն, կամ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին կամ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան նիւթերուն աղբիւրները կը հայթայթեն։ Ոմանք դաշտի ծառայութեան ներկայացումներ կը թելադրեն։ Ասոնք իրապէս օգտակա՞ր են։
20 Եհովայի կազմակերպութեան հայթայթած գրականութիւնները մեր միտքը գործի կը լծեն կերտիչ գաղափարներով եւ մեզ կը մարզեն «բարին ու չարը զանազանել»ու։ (Եբր. 5։14) Կրնա՞նք ըսել թէ ասիկա կ’իրագործուի եթէ մեր հետազօտումները ուրիշներ ընեն։
21 Բերիացիներուն մասին կը խօսուի որպէս «Թեսաղոնիկէի մէջ եղողներէն աւելի ազնիւ մարդիկ»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են»։ (Գործք 17։11) Թէեւ Պօղոս ու Շիղա անոնց քարոզեցին, բայց անոնք ճշմարտութիւնը պիտի չիւրացնէին, եթէ անհատապէս իրենց բաժինը չբերէին։
22 Դասախօսութեան մը կամ այլ ժողովի պատրաստութեան համար, ուրիշի մը պատրաստած հետազօտութիւնը իրապէս ի դերեւ կը հանէ անձնական ուսումնասիրութեան նպատակը։ Դուք չէ՞ք փափաքիր Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ ձեր անձնական հաւատքը կերտել։ Անձնական համոզումի վրայ հիմնուելով, կրնաք հանրապէս ձեր հաւատքը արտայայտել ձեր դասախօսութիւններուն, ժողովներուն տուած ձեր պատասխաններուն, եւ դաշտի ծառայութեան մէջ։ (Հռովմ. 10։10) Ուրիշ անհատի մը հետազօտութիւնը գործածելը Առակաց 2։4, 5–ի մէջ տրուած նկարագրութեան չի յարմարիր, ուր կ’ըսէ որ անհատապէս ‘փնտռենք ու խնդրենք Աստուծոյ գիտութիւնը, ծածուկ գանձերու պէս’։
23 Օրինակի համար, երբ ձեր Աստուածաշունչին մէջ համար մը կը փնտռէք, կրնաք հակիրճօրէն աչքէ անցընել իւրաքանչիւր համարի բովանդակութիւնը։ Կրնաք ‘ամէն բաներուն ճշդութեամբ տեղեկանալ’ ինչպէս Ղուկաս ըրաւ, երբ իր Աւետարանը գրեց։ (Ղուկ. 1։3) Ձեր թափած յաւելեալ ջանքը նաեւ պիտի օգնէ, որ ծառայութեան մէջ եւ դասախօսութիւններ տալու ժամանակ համարները բանալու մէջ հմուտ ըլլաք։ Շատեր ըսած են թէ տպաւորուած են Եհովայի Վկաներէն, քանի որ անոնք գիտեն ի՛նչպէս գործածել իրենց Աստուածաշունչը։ Ասիկա ընելու միակ կերպն է՝ սովորութիւն դարձնել մեր Աստուածաշունչը գործածել համարները գտնելու համար։
24 Մեր Ժամանակը Իմաստութեամբ Գործածենք. Այս առնչութեամբ կայ ուրիշ հարց մը, որ կապ ունի Ինթըրնէթի վրայ ցուցադրուած տեղեկութիւնները պատրաստելու, կարդալու եւ անոնց պատասխանելու համար տրամադրուած ժամանակին հետ։ Սաղմոս 90։12–ը կը քաջալերէ մեզ որ աղօթենք. «Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք»։ Պօղոս ըսաւ. «Մնացած ժամանակը կարճցած է» (Ա. Կորն. 7։29, ՆԱ) Ասկէ զատ. «Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։—Գաղ. 6։10
25 Այսպիսի խրատներ կ’ընդգծեն մեր ժամանակը գործածելու մէջ լաւ դատողութիւն ունենալու կարիքը։ Որքա՜ն աւելի օգտակար է Աստուծոյ Խօսքը ընթերցելու համար ժամանակ տրամադրել։ (Սաղմ. 1։1, 2) Ասիկա լաւագոյն ընկերակցութիւնն է զոր կրնանք ունենալ։ (Բ. Տիմ. 3։16, 17) Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն կը սորվեցնէ՞ք Թագաւորութեան շահերուն ի նպաստ իրենց ժամանակը իմաստութեամբ գործածելուն արժէքը։ (Ժող. 12։1) Աստուածաշունչի անձնական ու ընտանեկան ուսումնասիրութեան, ժողովներու յաճախելուն եւ դաշտի ծառայութեան համար տրամադրուած ժամանակը շա՜տ աւելի գերակշիռ է քան՝ օգուտ քաղելու ակնկալութեամբ Ինթըրնէթի մէջ շրջագայելու համար վատնուած ժամանակը։
26 Այս առնչութեամբ, իմաստուն ընթացքն է մեր ուշադրութիւնը հոգեւոր հարցերու եւ որպէս Քրիստոնեաներ մեր կեանքին հետ առնչուող ու կենսական եղող բաներուն վրայ կեդրոնացնել։ Ասիկա կը պահանջէ լաւ կերպով ընտրել այն տեղեկութիւնները որոնք մեր ժամանակին ու մտքին արժանի են։ Որպէս Քրիստոնեաներ, մեր կեանքին համար կարեւորութիւն ունեցող բաները Քրիստոս ամփոփեց, ըսելով. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթ. 6։33) Աւելի ուրախ չէ՞ք ըլլար երբ ձեր կեանքը Թագաւորութեան շահերը հետապնդող բաներով լեցնէք, քան ուրիշ որեւէ գործունէութեամբ մը։
27 Ինթըրնէթի Ելեկտրոնական Թղթակցութիւն. Թէեւ իրարմէ հեռու բնակող ընտանիքի անդամներու կամ բարեկամներու միջեւ անձնական փորձառութիւններ կամ գաղափարներ բաժնելը պատշաճ է, իրապէս սիրալի՞ր բան է զանոնք փոխանցել ուրիշներու, որոնք թերեւս չեն ճանչնար ձեր ընտանիքը կամ բարեկամները։ Կամ, զանոնք Ուէպ–ի վրայ պէ՞տք է դնէք, որպէսզի ոեւէ անհատ կարդայ։ Այս անձնական նամակները պէ՞տք է ընդօրինակուին ու անխտիր ղրկուին ձեր ճանչցած կամ չճանչցած անհատներուն։ Նմանապէս, եթէ ուրիշներէ պատգամներ ստանաք, որոնք բացայայտօրէն ձեզի համար մտադրուած չէին, սիրալի՞ր բան է զանոնք ուրիշներու փոխանցել։
28 Ի՞նչ կը պատահի եթէ ձեր փոխանցած փորձառութիւնը ճշգրիտ չէ։ Ասիկա սուտ մը տարածելու մէջ բաժին բերել պիտի չըլլա՞ր։ (Առ. 12։19. 21։28. 30։8. Կող. 3։9) Վստահաբար, ‘զգուշութեամբ քալելը, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս’, պիտի մղէ մեզ որ այս հարցը նկատի առնենք։ (Եփ. 5։15, 16) Որքա՜ն ուրախ ենք որ Տարեգիրք–ը, Դիտարան–ը եւ Զարթի՛ր–ը լեցուն են ստուգելի փորձառութիւններով, որոնք կը քաջալերեն ու կը մղեն մեզ որ ‘ճամբուն’ մէջ շարունակենք քալել։—Եսայ. 30։20, 21
29 Ուրիշ վտանգ մըն ալ կայ։ Պօղոս առաքեալ ոմանց մասին խօսելով ըսաւ. «Տունէ տուն կը պտըտին եւ ո՛չ միայն ծոյլ, հապա շատախօս ու հետաքրքիր կ’ըլլան եւ անպատեհ բաներ կը խօսին»։ (Ա. Տիմ. 5։13) Ասիկա, մեր եղբայրներուն դատարկ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար ժամանակ ու ջանք յատկացնելու գաղափարին դէմ է։
30 Պահ մը խորհեցէք նաեւ թէ որքա՜ն ժամանակի կը կարօտի մեծ քանակով ելեկտրոնական թղթակցութիւններ ստանալն ու կարդալը։ Հետաքրքրականօրէն, Տաթա Սմոկ (Անգլերէն) գիրքը նշեց. «Երբ անհատ մը հետզհետէ աւելի ժամանակ կ’անցընէ Ինթըրնէթի վրայ, ելեկտրոնական թղթակցութիւնը հետաքրքրաշարժ նորութենէ մը շուտով կը փոխուի ժամանակավաճառ բեռի մը, ամէն օր պաշտօնակիցներէ, բարեկամներէ, ընտանիքի անդամներէ եկած տասնեակ պատգամներ . . . նաեւ չակնկալուած առուծախի ծանուցումներ, պէտք է կարդացուին ու պատասխանուին»։ Ասկէ զատ, անիկա կ’ըսէ. «Ելեկտրոնական տեղեկութիւններ քաղող ու բաշխող անյագ անհատներ, իրենց ստացած իւրաքանչիւր տեղեկութիւն՝ կատակներ, քաղաքային առասպելներ, շրջաբերող ելեկտրոնական նամակներ, եւայլն, իրենց ելեկտրոնական հասցէագրքին մէջ գտնուող բոլոր անհատներուն փոխանցելու գէշ սովորութիւնը որդեգրած են»։
31 Ասիկա բացայայտ եղած է շատ մը եղբայրներու միջեւ շրջաբերող ելեկտրոնական թղթակցութեան մէջ՝ ծառայութեան մասին կատակներ կամ զուարճացուցիչ պատմութիւններ. ենթադրաբար մեր հաւատալիքներուն վրայ հիմնուած բանաստեղծութիւններ. համաժողովներուն կամ Թագաւորութեան Սրահին մէջ լսուած զանազան դասախօսութիւններէն օրինակներ. դաշտի ծառայութեան փորձառութիւններ, եւայլն, բաներ որոնք բաւական անմեղ կը թուին ըլլալ։ Շատեր այսպիսի ելեկտրոնական թղթակցութիւններ ուրիշներու ղրկելը սովորութիւն դարձուցած են, առանց աղբիւրէն վստահ ըլլալու, դժուարացնելով անոր իսկական ծագում տուողին ինքնութիւնը գիտնալը, որ իր կարգին հարցի տակ կը դնէ այս տեղեկութեան ճշգրիտ ըլլալը։—Առ. 22։20, 21
32 Յաճախ թեթեւսոլիկ նկատուած այսպիսի պատգամներ չեն համապատասխաներ Պօղոսի ի մտի ունեցած ողջամիտ խօսքերուն, երբ ան Տիմոթէոսի գրեց՝ ըսելով. «Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինծմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է»։ (Բ. Տիմ. 1։13) Աստուածաշունչի ճշմարտութեան «մաքուր լեզուն» ունի «ողջամիտ խօսքերուն օրինակը», որ գլխաւորաբար հիմնուած է Աստուածաշունչի բնաբանին վրայ, որ է՝ իր Թագաւորութեան միջոցաւ Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովումը։ (Սոփ. 3։9, ՆԱ) Ամէն ջանք պէտք է թափենք մեր ունեցած ժամանակն ու կորովը յատկացնելու, Եհովայի գերիշխանութեան այս ջատագովման թիկունք կանգնելու համար։
33 Քանի որ իրերու այս դրութեան վերջին ժամանակին մէջ շատ յառաջացած ենք, հիմա թուլնալու ժամանակ չէ։ Աստուածաշունչը կ’ազդարարէ մեզ. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։ (Ա. Պետ. 5։8) Ասկէ զատ անիկա կ’ըսէ. «Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել»։—Եփ. 6։11
34 Եթէ սխալ կերպով գործածուի, Սատանան Ինթըրնէթի միջոցաւ ծուղակի մէջ կը ձգէ անոր զօրութեամբ հրապուրուողները։ Թէեւ անիկա սահմանափակ օգտակարութիւն ունի, սակայն կրնայ վտանգաւոր ըլլալ, եթէ զայն զգուշութեամբ նկատի չառնենք։ Մասնաւորաբար ծնողներ հետաքրքրուած պէտք է ըլլան թէ Ինթըրնէթի վրայ իրենց զաւակները ի՛նչ բանով կը զբաղին։
35 Ինթըրնէթի հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանելը պաշտպանութիւն է։ Կը գնահատենք Պօղոսի այժմէական վերյիշեցումը. «Անոնք որ աշխարհը կը գործածեն՝ որպէս թէ զայն լիովին չեն գործածեր. վասն զի այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի»։ (Ա. Կորն. 7։29-31, ՆԱ) Այս բաները ի մտի ունենալը պիտի օգնէ մեզի որ մենք մեզ ու մեր ընտանիքները աշխարհի հրամցուցած բոլոր բաներուն պատճառաւ զբաղած ըլլալէ ետ պահենք, մէջը ըլլալով Ինթըրնէթի հրամցուցած բաները։
36 Անհրաժեշտ է որ ժողովքին մէջ մեր եղբայրներուն մօտիկ մնանք եւ մնացեալ ժամանակը իմաստութեամբ գործածենք, այսպիսով օգտակար պիտի ըլլանք Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու մէջ։ Մինչ այս դրութիւնը իր վախճանին կը հասնի, թող որ ‘անգամ մըն ալ այնպէս չքալենք, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներ կը քալեն իրենց մտքին ունայնութեանը մէջ’, ‘հապա իմանանք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը’։—Եփ. 4։17. 5։17