Բարի Լուրը Ինթըրնէթ–ի Վրայ
Արուեստագիտութեան մեր դարուն մէջ, ոմանք տեղեկութիւններ ձեռք կը ձգեն ելեկտրոնական աղբիւրներէ, մէջը ըլլալով Ինթըրնէթ–ը։ Ուստի, Ընկերութիւնը Ինթըրնէթ–ին վրայ զետեղած է կարգ մը ճշգրիտ տեղեկութիւններ, Եհովայի Վկաներու հաւատալիքներուն ու գործունէութեանց մասին։
Ինթըրնէթ–ի վրայ մեր Ուէպ–ի վայրը հետեւեալ հասցէն կը կրէ՝ http://www.watchtower.org ու կը բովանդակէ՝ թերթիկներու, գրքոյկներու, Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի յօդուածներու ընտրուած շարք մը, Անգլերէն, Գերմաներէն, Չինարէն (Պարզուած), Ռուսերէն, Սպաներէն, եւ ուրիշ լեզուներով։ Այս Ուէպ–ի վայրին մէջ գտնուող գրականութիւնները արդէն իսկ մատչելի են ժողովքներուն միջոցաւ եւ կը գործածուին ծառայութեան մէջ։ Մեր Ուէպ–ի վայրին նպատակն է, ոչ թէ նոր գրականութիւններ հրատարակել, այլ՝ ելեկտրոնական ձեւով տեղեկութիւններ մատչելի դարձնել հանրութեան։ Կարիքը չկայ որ ոեւէ անհատ Ինթըրնէթ–ի վրայ դրուելիք նիւթեր պատրաստէ՝ Եհովայի Վկաներու, մեր գործունէութեանց կամ հաւատալիքներուն մասին։ Մեր պաշտօնական վայրը ճշգրիտ տեղեկութիւն կը ներկայացնէ ոեւէ անհատի որ կը փափաքի զայն ունենալ։
Թէեւ մեր վայրը ելեկտրոնիկ նամակներու (E-mail) կարգադրութիւնը չունի, բայց կը հայթայթէ Ընկերութեան մասնաճիւղերուն հասցէները։ Հետեւաբար, անհատներ կրնան նամակով խնդրել յաւելեալ տեղեկութիւններ կամ անհատական օգնութիւն տեղւոյն Վկաներուն կողմէ։ Ազատ զգացէք Ինթըրնէթ–ի վերոյիշեալ հասցէն տալու ոեւէ անհատի որ կը փափաքի Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվիլ այս ձեւով։