Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/97 էջ 3
  • Ի՞նչ Պիտի Ըսեմ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ Պիտի Ըսեմ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դաշտի Ծառայութեան Համար Թելադրուած Ներկայացումներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՏԵՆ ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆԵԼ ԳԻՐՔԸ ԳՈՐԾԱԾԵՑԷՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Պատճառաբանել գիրքը կը գործածե՞ս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Սորվելու Ատակ Եղողները Փնտռենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
թծ 11/97 էջ 3

Ի՞նչ Պիտի Ըսեմ

Երբ ծառայութեան մէջ նպաստաւոր ընդառաջում ցուցաբերող անհատներու կը հանդիպինք, կը փափաքինք իրենց վերայցելել, որպէսզի յաւելեալ վկայութիւն տանք։ Սակայն, թերեւս կը տատամսինք թէ ի՛նչ պիտի ըսենք յաջորդ խօսակցութիւնը սկսելու համար։ Կրնաք հետեւեալ մօտեցումը փորձել. Հետաքրքրական հարցում մը հարցուցէք, ապա Պատճառաբանել գիրքը գործածելով սուրբ գրային պատասխանը ցոյց տուէք։ Շատ կ’օգնէ եթէ հարցումներու ցանկ մը ունենաք, որմէ կրնաք ընտրել հատ մը, որ որոշ վերայցելութեան մը ատեն գործածուելու յարմար է։ Հետեւեալ ցանկը քաղուած է Պատճառաբանել գրքէն (Անգլերէն) եւ ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր պատասխանին էջը.

◼ Ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք (98)

◼ Աստուծոյ հաւատալու զօրաւոր պատճառներ կա՞ն (145)

◼ Աստուած իրապէս մեզմով հետաքրքրուա՞ծ է (147)

◼ Անհատ մը երկի՞նք պէտք է երթայ իրապէս ուրախ ապագայ մը ունենալու համար (163)

◼ Ինչո՞ւ կարեւոր է գիտնալ եւ գործածել Աստուծոյ անձնական անունը (196)

◼ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ (227)

◼ Մարդկային կեանքին նպատակը ի՞նչ է (243)

◼ Ինչո՞ւ այսքան շատ կրօնքներ կան (322)

◼ Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ թէ ո՛ր կրօնքը շիտակ է (328)

◼ Սատանան ներկայ աշխարհին մէջ ո՞րքան զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնէ (364)

◼ Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը (393)

◼ Ինչո՞ւ այսքան շատ ամբարշտութիւն կայ (427)

Կրնաք ձեր Աստուածաշունչին կամ Պատճառաբանել գրքին մէջ այսպիսի ցանկ մը դնել, արագօրէն անոր դիմելու համար։ Վերայցելութեան ժամանակ խօսակցելիք նիւթ մը ի մտի ունենալը պիտի քաջալերէ որ ձեր գտած բոլոր հետաքրքրութիւնները հաւատարմօրէն հետապնդէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել