Սորվելու Ատակ Եղողները Փնտռենք
1 «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։ (Յովհ. 6։44) Եհովա՝ որ սրտերը կը քննէ՝ պիտի վարձատրէ զանոնք որոնք սորվելու ատակ են եւ իրենց սորվածին համաձայն կը գործեն։ (Երեմ. 17։10. Յովհ. 6։45) Մենք առանձնաշնորհումը ունինք իր գործակիցները ըլլալու, փնտռելով հեզերը որոնք նոր աշխարհի մը կը տենչան։—Սաղմ. 37։11. Ա. Կորն. 3։9
2 Յիսուս իր աշակերտները նկարագրեց որպէս «մարդոց որսորդ»ներ։ (Մատթ. 4։19) Թէեւ այդ գործը երբեմն չարքաշութիւն կը պահանջէ, շատ գոհացում յառաջ կու գայ լաւ արդիւնքներ քաղելով։ Փոխանակ մեր անձնական շահուն համար աշխատելու, մենք «ձուկերը» իրապէս կ’ազատենք ստոյգ կործանումէ։ Յաջող ձկնորս մը պէտք է գիտնայ ի՛նչ ընել ձուկը հրապուրելու համար։ Նմանապէս, Թագաւորութեան պատգամը պէտք է կոչ ընող ոճով ներկայացնենք, որ մեր ունկնդիրներուն հետաքրքրութիւնը կ’արթնցնէ։ Ասիկա մասնաւորաբար ճշմարիտ է երբ վերայցելութիւններ կ’ընենք։ Ի՞նչ կրնանք ըսել։
3 Եթէ հետաքրքրութիւն ցոյց տրուած էր կրօնքի վերաբերող «Դիտարան»ի յօդուածներուն հանդէպ, կրնաս ըսել.
◼ «Նախապէս խօսեցանք թէ ինչո՛ւ շատ մը մարդիկ չեն սիրեր կրօնքի մասին խօսակցիլ։ Չե՞ս խորհիր թէ ասիկա զարմանալի է, քանի որ մեր դրացիներուն մեծամասնութիւնը Քրիստոնեայ ըլլալ կը դաւանի։ Թերեւս հարց կու տաս թէ ինչո՛ւ կրօնքը այսպիսի բաժանարար եւ վիճելի նիւթ մըն է»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Բաց Պատճառաբանել գրքին 322–րդ էջը եւ «Ինչո՞ւ Շատ Կրօնքներ Կան» խորագրին տակ եղած նիւթէն մի քանի գաղափարներ բաժնէ։
4 Կրնաս այս նոյնանման մօտեցումը գործածել, խօսակցութիւն մը սկսելու համար կրօնքի նիւթին մասին.
◼ «Կերպ մը կա՞յ որով կրնանք վստահ ըլլալ թէ ճշմարիտ կրօնքը ունինք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Քանի որ տարբեր բազմաթիւ կրօնքներ կան, շատ մարդիկ շփոթած եւ տարտամ են»։ Բաց Պատճառաբանել գիրքը, էջեր 328–9, ուր կը քննարկէ «Ինչպէ՞ս անձ մը կրնայ գիտնալ թէ ո՛ր կրօնքը շիտակ է» հարցումը։ Հակիրճօրէն նկատի առ թիւ 5 հարցումը. «Անոր անդամները անկեղծօրէն զիրար կը սիրե՞ն»։ Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կարելի է աւելին սորվիլ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ։
5 Եթէ տանտէրը մտահոգ էր աշխարհի վիճակներուն առնչութեամբ, կրնաս հետեւեալը փորձել.
◼ «Ըստ երեւոյթին մտահոգ ես այն գէշ վիճակներուն նկատմամբ որոնց հետ պէտք է գլուխ ելլենք մինչ մեր ապրուստը կ’ապահովենք ու մեր ընտանիքները կը խնամենք։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ հոյակապ խոստում մը զոր Աստուած պիտի կատարէ մօտ ապագային»։ Կարդա Առակաց 2։21, 22–ը, եւ բացատրէ թէ ինչպէս Եհովա խոստացած է մնայուն խաղաղութեան աշխարհ մը։
6 Երբ վերայցելութիւններ կ’ընես մասնաւոր Թագաւորութեան Լուրերու արշաւը սկսելէն ետք, հաճիս վստահ ըլլալ որ Թագաւորութեան Լուրերէն օրինակ մը ներկայացնես այն տանտէրներուն որոնք հատ մը չունին։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Մայիս թիւին մէջ նկատի պիտի առնուի թէ Թագաւորութեան Լուրերը տեղաւորելէ ետք ի՛նչ կրնաս ըսել երբ կը վերայցելես։
7 Քանի որ Աստուծոյ Խօսքը «զօրեղ» է, պէտք է ջանանք զայն գործածել մեր ներկայացումներուն մէջ։ (Եբր. 4։12) Վստահ եղէք տանտէրը քաջալերելու որ Աստուածաշունչը ի՛նք կարդայ։ (Բաղդատել Գործք 17։11։) Եթէ ժրաջանութեամբ մեր բաժինը ընենք, Եհովա մեր ջանքերը պիտի օրհնէ։