Նպատակով Մը Վերայցելութիւններ Ընենք
1 Երբ կը վերայցելես, պէտք է ջանաս համար մը գործածել որ պիտի աւելցնէ անհատին գիտութիւնը սուրբ գրային նիւթին մասին զոր նախապէս նկատի առիք։
2 Պարբերաթերթի տեղաւորումներուն վերայցելելու նպատակակէտերէն մէկն է հաստատել պարբերաթերթերով կանոնաւոր այցելութիւններ ընել։ Ասոր նման պարզ ներկայացում մը կրնայ ազդեցիկ ըլլալ.
◼ «Կը յուսամ որ հաճոյք առիր քեզի յանձնած Դիտարանի յօդուածէն, որ բացատրեց թէ ինչո՛ւ պէտք է Աստուծմէ վախնանք։ Այսօր բերած եմ յօդուած մը Զարթի՛ր պարբերաթերթին մէջ որ հարց կու տայ, ‘Կեանքը Ինչո՞ւ Այսքան Կարճ Է’։ Ասիկա լաւ հարցում մըն է, այդպէս չէ՞»։ Կրնաս շարունակել, ըսելով. «Յիսուսի հանրածանօթ խօսքերը Յովհաննու 3։16–ի մէջ խոստում կը բովանդակեն յաւիտենական կեանքի մասին։ Հաճիս ընդունիր այս պարբերաթերթը եւ պիտի քաջալերուիս Աստուծոյ Խօսքին մատուցանած հաստատ յոյսով»։ Յետոյ բացատրէ թէ պիտի վերադառնաս յաջորդ թիւերը բերելու համար եւ թերեւս աւելի նկատի պիտի առնէք ինչ որ Աստուած խոստացած է հնազանդ մարդկութեան համար։ Մի մոռնար թէ ամէն անգամ որ պարբերաթերթեր կը յանձնես, կրնաս վերայցելութիւն մը տեղեկագրել։
3 Եթէ տեղաւորած ես «Առանց Պատերազմի Աշխարհ մը—Ե՞րբ» յօդուածը, կրնաս ըսել.
◼ «Այս երկրագունդին վրայ ի՞նչպիսի կեանք մը պիտի ըլլար եթէ պատերազմներ չըլլային։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Թոյլ տուր որ քեզի ցոյց տամ ինչ որ Աստուած խոստացած է ընել»։ Կարդա Սաղմոս 37։10, 11, եւ նկարագրէ թէ իրերը ի՛նչպէս պիտի ըլլան երբ Աստուծոյ կամքը կատարուի երկրի վրայ։ Անհատին վերյիշեցուր Յիսուսի սորվեցուցածը իր աշակերտներուն թէ ինչ բանի համար աղօթեն, ինչպէս որ արձանագրուած է Մատթէոս 6։9, 10–ին մէջ։ Անոր օգնէ որ խորապէս մտածէ Յիսուսի խօսքերուն նշանակութեան մասին։ Եթէ հարազատ հետաքրքրութիւն կայ, կրնաս Դիտարանի կամ Զարթի՛րի բաժանորդագրութիւն մը առաջարկել եւ յաւելեալ խօսակցութեան համար կարգադրութիւններ ընել վերադառնալու։
4 Եթէ կը վերադառնաս յաւելեալ խօսակցութեան համար «Կեանքը Ինչո՞ւ Այսքան Կարճ Է» յօդուածաշարքին մասին, կրնաս այս կերպով սկսիլ.
◼ «Վերջին այցելութեանս խօսակցեցանք մարդկային երկայնակեցութեան մասին։ Ինչպէս որ անկասկած նկատեցիր Զարթի՛րի յօդուածներուն մէջ, գիտնականները չնչին յոյս կը մատուցանեն մեզի օգնելու որ ապրինք աւելի քան 70 կամ 80 տարիներ։ Բայց ի՞նչ կը խորհիս Աստուածաշունչին խոստումին նկատմամբ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Աստուած շատ աւելի լաւ բան մը ի մտի ունի մարդուն համար»։ Ապա կարդա Յովհաննու 17։3 եւ բացատրէ թէ ինչպէս գիտութիւն ստանալը կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։ Այդ ժամանակ թերեւս կրնաս տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկել կամ սուրբ գրային ուրիշ խօսակցութեան մը համար կարգադրութիւն ընել։
5 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլը կարեւոր նպատակակէտ մըն է մեր ծառայութեան մէջ։ Հաւանական է որ մի քանի վերայցելութիւններ ըրած ես անհատի մը որ պարբերաթերթերը ընդունած է։ Ինչո՞ւ հետեւեալ մօտեցումը չփորձես յաջորդ այցելութեանդ ատեն.
◼ «Մարդիկ շատ մը տարբեր գաղափարներ ունին կրօնքին եւ արդի կեանքին մէջ անոր արժէքին մասին։ Հակասական հաւատալիքներ կան թէ Աստուած ինչո՛ւ ամբարշտութիւնը թոյլատրած է կամ թէ ինչո՛ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Ոմանք կը փափաքին գիտնալ ի՛նչպէս աղօթեն ու Աստուծմէ լսուին»։ Մեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գրականութիւններէն մէկը բաց այն նիւթին որ կը խորհիս թէ պիտի հետաքրքրէ տանտէրը, եւ հակիրճօրէն ցոյց տուր ի՛նչպէս ուսումնասիրութիւն մը կը վարուի։
6 Եհովա նպատակ ունեցող Աստուած է։ Թող որ զինք ընդօրինակենք Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, նպատակով մը վերայցելութիւններ ընելով։