Աճումը Խրախուսենք Նշանակալից Վերայցելութիւններու Միջոցաւ
1 Հետաքրքրութիւն յայտնող անհատներուն օգնելու համար, կենսական է որ շարունակենք անոնց հայթայթել հոգեւոր սնունդը կանոնաւոր վերայցելութիւններու միջոցաւ։ Մեր այցելութիւնները աստիճանաբար պիտի օգնեն որ անոնց հոգեւոր աճումը խրախուսուի։ (Ա. Կորն. 3։6-9) Որպէսզի մեր այցելութիւնները նշանակալից ըլլան, անհրաժեշտ է որ առաջուընէ պատրաստուինք, այն անհատը ի մտի ունենալով։
2 Վերայցելենք Զանոնք Որոնց կ’Ուզենք Թերթիկ մը Տալ. Թերեւս կ’ուզենք վերայցելութեան ատեն տեղաւորել Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը մէջ թերթիկը։
Նկատի առնուած նիւթը հակիրճօրէն վերաքաղ ընելէ ետք, կրնանք ասոր նման բան մը հարցնել.
◼ «Ո՞ր կառավարութիւնը կրնայ այս փոփոխութիւնները իրագործել։ [Թոյլ տուէք որ մեկնաբանէ, ապա ցոյց տուէք Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը մէջ թերթիկը։] Կրնա՞ք մտապատկերել ինչ որ հոս նկարագրուած է։ Անկասկած դուք ալ պիտի վայելէք ապրելով այսպիսի վիճակներու ներքեւ։ [Նկատի առէք «Կեանքը՝ Աստուծոյ Նոր Աշխարհին մէջ» ենթագլուխին ներքեւ եղած տեղեկութիւնները։] Ինչպէ՞ս կրնանք անձամբ վայելել այսպիսի վիճակներ»։ Կրնաք նկատի առնել «Այս Խոստումները Մատչելի Են Ձեզի» ենթագլուխին ներքեւ եղած տեղեկութիւնները։ Եթէ հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, կարելի է ուշադրութեան յանձնել Յաւիտեան Ապրիլ գրքին 15–րդ գլուխը, «Աստուծոյ Կառավարութեան Հպատակ մը Ըլլալ»։ Կրնանք խօսակցիլ առաջին երկու պարբերութիւններուն մասին, ապա հարցնել. «Աստուծոյ մասին սորվիլը ինչպէ՞ս պէտք է մեզի ազդէ»։ Կարելի է կարգադրութիւններ ընել հարցումին պատասխանելու եւ գլուխէն յաւելեալ տեղեկութիւններ նկատի առնելու յաջորդ այցելութեան ընթացքին։
3 Երբ կը վերայցելենք զանոնք որոնց կ’ուզենք տալ «Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի» գրքոյկը, կրնանք ըսել.
◼ «Վերջին այցելութեանս ընթացքին, նկատի առինք մարդկութեան դիմագրաւած շատ մը խնդիրները եւ ինչ որ Աստուած պիտի ընէ անոնց նկատմամբ։ Բայց Աստուած ինչո՞ւ տառապանքը այսքան երկար ժամանակ թոյլատրած է։ Հետաքրքրական պատասխանը կը գտնուի Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի խորագրով այս գրքոյկին Զ. Մասին մէջ»։ Մի քանի պարբերութիւններ նկատի առնելէ ետք, կրնանք հարցնել. «Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի օգտուինք Աստուծոյ խոստումներէն»։ ԺԱ. Մասին տեղեկութիւնները, էջ 28-31, «Նոր Աշխարհի Հիմը Հիմա կը Կազմուի», կրնանք ցցուն ընել անոնց մասին խօսակցելու համար յաջորդ այցելութեան ատեն։
4 Վերայցելենք Զանոնք Որոնց կ’Ուզենք Պարբերաթերթեր Տալ. Եթէ ընտրէք մասնայատուկ յօդուած մը որ տանուտիրոջ հետաքրքրութիւնը կրնայ արթնցնել, երբ կը վերադառնաք, յօդուածէն կէտեր զարգացուցէք, կեդրոնանալով մէկ գլխաւոր համարի մը վրայ եւ զայն բացատրող տեղեկութիւններուն վրայ։ Եթէ հետաքրքրութիւնը կը շարունակուի, կարելի է նկատի առնել պարբերաթերթերուն օգուտները։ Նաեւ, կրնանք ուշադրութիւնը դարձնել պարբերաթերթին յաջորդ թիւին եթէ կը բովանդակէ նոյն նիւթը բացատրող յօդուած մը։ Այլապէս, կրնանք ուշադրութիւնը դարձնել Յաւիտեան Ապրիլ գրքի այն տեղեկութիւններուն որոնք կապ ունին նիւթին հետ եւ կարգադրութիւններ ընել զանոնք նկատի առնելու մեր յաջորդ այցելութեան ընթացքին։
5 Անձնական հետաքրքրութիւն մեր ցուցաբերելը, շարունակելով նշանակալից վերայցելութիւններ ընելով, պիտի յայտնաբերէ մեր սէրը մարդոց ու Եհովայի հանդէպ։ (Յովհ. 13։34, 35) Թող որ շարունակենք մեր թաղամասին մէջ եղող անհատներու հոգեւոր աճումը խրախուսել, կանոնաւորաբար նշանակալից վերայցելութիւններ ընելով։