Վերայցելութեան Ատեն Հետաքրքրութիւն Մշակենք
1 Ծառայութիւնը յարմար կերպով երկրագործութեան նմանցուած է, եւ վերայցելութիւն ընելը բաղդատուած է մշակելուն ու ջրելուն հետ։ (Մատթ. 13։23. Ղուկ. 10։2. Բ. Կորն. 9։10) Որպէս «Աստուծոյ գործակից»ներ, պարտաւորութիւն ունինք օգնելու նոր ծիլ արձակող որեւէ սերմի որպէսզի աճի դէպի հասունութիւն եւ պտղաբեր ըլլայ։ (Ա. Կորն. 3։6, 9) Ի՞նչ է լաւագոյն կերպը որպէսզի ասիկա իրագործենք։
2 Շուտով վերայցելեցէք բոլոր անոնց որոնք կը հետաքրքրուին։ Ձեր տունէ–տուն արձանագրութիւնները վերաքաղ ըրէք, եւ որոշեցէք որո՛ւ այցելել ու ի՛նչ քննարկել։ Ընդհանուր առմամբ ձեր խօսակցութեան նիւթը կախեալ պիտի ըլլայ առաջին հանդիպումին նկատի առնուած նիւթէն։ Դիւրաթեք եղէք, ի մտի ունենալով սուրբ գրային ուրիշ գաղափարներ զորս կարելի է գործածել։ Միշտ լաւ բան մըն է Աստուածաշունչը գործածելը, գիտակցելով որ ան սրտին հասնելու ոյժ ունի։—Եբր. 4։12
3 Եթէ կը ծրագրէք տեղաւորել «Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի» գրքոյկը (Արաբ.), կրնաք սկսիլ ասոր նման բան մը ըսելով.
◼ «Շատ մը անկեղծ անհատներ կը հաւատան որ Աստուած այս երկրագունդը պիտի կործանէ, իսկ ուրիշներ կը վախնան որ մարդը ինք այդ պիտի ընէ։ Ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ փոխանակ երկրագունդը կործանելու, Աստուած զանիկա անարդարութենէն պիտի մաքրէ, զանիկա խաղաղութեան ու ապահովութեան վայր մը դարձնելով»։ Ուշադրութեան յանձնեցէք 22–րդ էջը, եւ հոն մէջբերուած Առակաց 2։21, 22–ը կարդացէք։ Եթէ հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, բացատրեցէք տան սուրբ գրային կարգադրութիւնը կամ ամենավերջին պարբերաթերթերը ներկայացուցէք, եւ ժամադրութիւն առէք որպէսզի վերադառնաք ու աւելի խօսակցիք Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհին մասին։
4 Եթէ պիտի տեղաւորէք «Ահա» գրքոյկը, կրնաք ըսել.
◼ «Նախորդ այցելութեանս ատեն, կարդացինք Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ խոստումին մասին թէ երկրագունդը դրախտի մը պիտի վերածէ, որ կը նմանի այս գրքոյկի կողքին պատկերին։ Կրնանք այս օրհնութիւնը վայելել աւելի սորվելով Աստուծոյ կամքին մասին եւ թէ ինչպէ՛ս մեզի կ’ազդէ»։ Կարդացէք Յովհաննու 17։3, ապա նկատի առէք 52 եւ 53–րդ պարբերութիւնները, էջ 27–ին վրայ։ Ամփոփօրէն բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ կարիքը կայ Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը առնելու։
5 Երբ կը վերայցելէք կրօնական հակում ունեցող անհատի մը, որու կ’ուզէք «Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը» գրքոյկը (Արաբ.) տեղաւորել, կրնաք յարմարօրէն ըսել.
◼ «Շատ հաւանական է որ Տէրունական Աղօթքը շատ անգամ կրկնած էք։ Ի՞նչ գաղափար ձեր մտքէն կ’անցնի երբ կը խնդրէք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ»։ Տանտիրոջ պատասխանէն ետք, ակնարկեցէք 8 եւ 9–րդ պարբերութիւններուն, էջ 26–ին վրայ, ապա կարդացէք Դանիէլ 2։44–ը։ Կրնաք խօսակցութիւնը շարունակել բացատրելով թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալը պիտի նշանակէ ամբարշտութեան ու տառապանքին մէջտեղէն վերցուիլը։ Նշեցէք թէ եթէ արդար կը սեպուինք Աստուծոյ կողմէ, կրնանք յաւիտենական կեանքը վայելել Դրախտին մէջ այս երկրագունդին վրայ։
6 Յիշեցէք որ կրնանք վերայցելել ոեւէ անհատի որ յօժար էր մտիկ ընելու։ Ջանացէք ամէն շաբաթ ժամանակ տրամադրել վերայցելութիւններ ընելու համար։ Եհովա պիտի օրհնէ ձեր ժրաջանութիւնը մշակելու համար ձեր գտած հետաքրքրութիւնը։ Կը յուսանք որ ան պտղաբեր ըլլայ, Իր փառքին համար։—Յովհ. 15։8