Վերայցելենք Գրքոյկներու Բոլոր Տեղաւորումներուն
1 Պօղոս առաքեալ Փիլիպպեցիները գովեց, որովհետեւ ‘իր մասին դարձեալ մտածեցին’։ (Փիլ. 4։10) Եթէ անոնց ըրածը գործածենք որպէս օրինակ մը դաշտի ծառայութեան համար, ‘դարձեալ պիտի մտածենք’ անոնց մասին որոնց կը վկայենք եւ վերայցելութիւններ ընելու պիտի փութանք։
2 Եթէ տեղաւորեցիր «Այն Կառավարութիւնը Որ Դրախտ Պիտի Բերէ» գրքոյկը, կրնաս ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Կը մտածէի այն խօսակցութեան մասին զոր ունեցանք անցեալ օր, եւ միտքս եկան երկու համարներ զորս կը փափաքիմ հետդ բաժնել։ Թերեւս կը վերյիշես որ խօսեցանք Աստուած երկրի իշխանութիւնը ստանձնելու մասին։ Աստուածաշունչին մէջ, Եհովա Աստուած խոստացած է որ ասիկա տեղի պիտի ունենայ։ [Կարդա Դանիէլ 2։44–ը։] Կը հաւատա՞ս որ ատիկա իրապէս կրնայ պատահիլ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Մտիկ ըրէ թէ Աստուած ի՛նչ կ’ըսէ իր խոստումները կատարելու իր կարողութեան մասին։ [Կարդա Եսայեայ 55։11–ը։] Ասիկա պէտք չէ՞ մեզ քաջալերէ որ մեր վստահութիւնը դնենք Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ։ Բայց Աստուած ե՞րբ պիտի կատարէ իր խոստումները»։ Բացատրէ թէ այդ հարցումին պիտի պատասխանես յաջորդ այցելութեան ատեն։
3 Կրնաս այս մօտեցումը գործածել երբ կը վերայցելես անձի մը որ առաւ «Երբ Սիրելի մը կը Մեռնի» գրքոյկը.
◼ «Մասնաւոր ջանք թափեցի որ վերադառնամ, ի մտի ունենալով մեր խօսակցութիւնը մահով մէկը կորսնցնելու մասին»։ Ցոյց տուր էջ 30–ի պատկերը մինչ կ’ըսես. «Կը վերյիշե՞ս այս ուրախ տեսարանը այն մարդոց մասին որոնք կը յարուցուին ու իրենց սիրելիներուն հետ նորէն կը միանան։ Քեզի հարցում մը ուղղած էի թէ ասիկա ո՛ւր տեղի պիտի ունենայ, երկնքի մէջ թէ երկրի վրայ։ Թերեւս Աստուածաշունչին պատասխանը գտար այս գրքոյկին էջ 26–ին մէջ»։ Նկատի առ 3–էն 5–րդ պարբերութիւններու գլխաւոր կէտերը եւ կարդա Յովհաննու 5։21, 28, 29։ Ժամանակին ներած չափով, կարդա մնացած համարները էջին մէջ։
4 Ուսումնասիրութիւն մը սկսա՞ր «‘Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ’» գրքոյկով։ Վերայցելութեան ատեն, կրնաս ասիկա ընել.
◼ Դարձեալ ակնարկէ էջ 30–ին եւ ցոյց տուր հարցումը. «Ի՞նչ կերպով Աստուածաշունչը ուշագրաւ է»։ Բաց 3 եւ 4–րդ էջերը, եւ վերաքաղ ըրէ 1–4 պարբերութիւնները ինչպէս նաեւ՝ գրքոյկին կողքի պատկերը։ Կարդա մէկ կամ երկու համարներ որոնք մէջբերուած են 4–րդ պարբերութեան լուսանցքի բացատրութեան մէջ։ Բացատրէ թէ Աստուածաշունչը միակ գիրքն է որ կը մատուցանէ այսպիսի սքանչելի յոյս մը։ Կարգադրութիւններ ըրէ յաջորդ այցելութեան համար։ Երրորդ այցելութենէդ ետք, եթէ թուի որ ուսումնասիրութիւնը պիտի շարունակուի, կրնաս սկսիլ նոր ուսումնասիրութիւն մը տեղեկագրել։
5 Կրնաս հետեւեալ կերպով խօսակցութիւն մը վերսկսիլ «Աստուածային Անունը Որ Յաւիտեան Պիտի Գոյատեւէ» գրքոյկին մասին.
◼ «Նախապէս, կրցայ քեզի ցոյց տալ Աստուծոյ անունը Աստուածաշունչին մէջ։ Եհովա անունը ճանչնալը եւ գործածելը մեր պաշտամունքին կենսական մէկ մասն է»։ Բաց 31–րդ էջը, վերաքաղ ըրէ վերջին չորս պարբերութիւններու գլխաւոր կէտերը եւ կարդա Յովհաննու 17։3 եւ Միքիա 4։5–ը։ Բացատրէ թէ մենք կը հայթայթենք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան յայտագիր մը, որ կրնայ ցոյց տալ թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ անունը պատշաճ կերպով մը պիտի սրբացուի եւ ինչպէ՛ս կրնանք վայելել դրախտ երկրի մը օրհնութիւնները։
6 Ուրեմն, դարձեալ մտածեցէք անոնց մասին որոնց հանդիպած էք։ Յարատեւաբար վերադարձէք եւ բաժնելիք օգտակար բան մը պատրաստեցէք։ Կրնաք այնպիսի մէկը ըլլալ որ «պտուղ կու տայ» նոր աշակերտներ ընելով։—Մատթ. 13։23