Անկեղծօրէն հետաքրքրուինք՝ հետաքրքրութիւն ցոյց տուող բոլոր անհատներով
1 Եհովայի կազմակերպութեան մէջ գտնուողները ստիպողական զգացումով մը կը գործեն։ Թագաւորութեան համաշխարհային ծանուցումը շուտով իր աւարտին պիտի հասնի, որմէ ետք, ‘Աստուած չճանչցողները’ պիտի բնաջնջուին։ (Բ. Թես. 1։7-9) Հետեւաբար, ուրիշներուն կեանքով անկեղծօրէն հետաքրքրուիլը կը մղէ Եհովայի ժողովուրդը, որ Թագաւորութեան պատգամը հասցնեն կարելի եղածին չափ շատ անհատներու։—Սոփ. 2։3
2 Ամէն ամիս, միլիոնաւոր ժամեր կը տրամադրուին, «աւելի լաւ բանի մը աւետիս»ը լսել ուզողները գտնելու համար։ (Եսայ. 52։7, ՆԱ) Գրականութեան ընթացիկ առաջարկին ընդառաջելով, շատեր՝ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, կամ՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը ընդունած են։ Այս անհատներուն հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւնը պէտք է մղէ մեզ, որ շարունակենք մշակել ցուցաբերուած ամէն հետաքրքրութիւն։—Առ. 3։27
3 Ճշգրիտ Արձանագրութիւններ Պահենք. Շատ աւելին պիտի իրագործուի, ցոյց տրուած հետաքրքրութեան եւ տեղաւորումներուն մասին աւելի լման եւ ճշգրիտ արձանագրութիւն մը պահելով։ Տեղեկութիւններ, ինչպէս՝ տանտիրոջ անունը եւ հասցէն, այցելութեան օրը եւ ժամը, տեղաւորուած գրականութիւնը եւ նկատի առնուած նիւթը, պիտի օգնեն որ երբ վերադառնաք, աւելի ազդու ըլլաք։ Նաեւ, եթէ առաջին հանդիպումին տանտիրոջ ըսած խօսքերէն ոմանք նոթագրէք, թերեւս վերայցելութեան կարենաք ազդուօրէն անոնց ակնարկելով ձեր խօսակցութիւնը վերսկսիլ։
4 Վերայցելութիւններ Ընելու Մէջ Փութաջան Ըլլանք. Անցեալ ամիս ձեզմէ գրականութիւններ ընդունողներէն, քանի՞ հոգիներու փորձեցիք վերայցելել։ Արդեօք շաբաթնե՞ր անցան առանց վերայցելելու։ Անոնց յաւիտենական բարօրութեամբ անկեղծօրէն հետաքրքրուիլը պէտք է մղէ ձեզ, որ կարելի եղածին չափ շուտով վերայցելէք, նախընտրաբար՝ քանի մը օրէն, երբ խօսակցութիւնը տակաւին թարմ է անոնց մտքին մէջ։ Անոնց հետաքրքրութիւնը մշակելու համար շուտով վերադառնալով, թերեւս կարենաք արգելք հանդիսանալ ‘անոնց սրտերուն մէջ ցանուած խօսքը հանելու’ Սատանայի ջանքերուն։—Մար. 4։15
5 Պատրաստութիւնը Կենսական Է. Վերայցելութիւններ ընելու մէջ ձեր ազդու ըլլալը ուղղակիօրէն կախեալ է ձեր լաւ պատրաստութենէն։ Անհատին վերայցելելէ առաջ, ձեր մօտեցումը ծրագրեցէք։ Ապրիլ 1997 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին վերջին էջը, քանի մը մօտեցումներ կը հայթայթէ, որոնք մեծ յաջողութեամբ կրնան գործածուիլ, երբ պարբերաթերթերը կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կը ներկայացնէք։ Յաջորդ քայլն է, քանի մը գաղափարներ ի մտի ունենալ երբ կը վերադառնաք։ Ի՞նչ կարելի է ըսել երբ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը կը մշակէք։ Ի՞նչպէս կրնաք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
6 Երբ կը վերայցելէք անհատի մը, որու հետ խօսակցեցաք թէ ի՛նչ բանի կարիքը կայ երկիրը մաքրելու եւ զայն բնակութեան աւելի լաւ վայրի մը վերածելու համար, կրնաք ըսել.
◼ Անցեալ այցելութեանս, համաձայնեցանք թէ ազդու քայլեր պէտք է առնուին, երկիրը խաղաղ դրախտի մը վերածուելէն առաջ։ Կը խորհի՞ք, որ մարդիկ պէտք եղած միջոցները ունին այս հսկայ աշխատանքը կատարելու համար։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Հաճեցէք նկատի առնել թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, որ Աստուած մարդկային գործառնութիւններուն միջամուխ ըլլայ»։ Կարդացէք Սաղմոս 37։38–ը։ Ապա բացէք՝ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 5–րդ դասը, 4 եւ 5–րդ պարբերութիւններէն ընտրուած մասեր գործածեցէք, ցոյց տալու համար թէ Աստուած այս մարգարէութիւնը ի՛նչպէս պիտի կատարէ։ Խօսակցութիւնը շարունակեցէք, գրքոյկին գործածութեամբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկելով։
7 Եթէ առաջին հանդիպումին Աստուծոյ Թագաւորութեան նիւթը նկատի առիք ու «Ի՛նչ կը Պահանջէ» գրքոյկը տեղաւորեցիք, երբ վերադառնաք, կրնաք հետեւեալին նման բան մը ըսել.
◼ «Վերջին անգամ որ խօսեցանք, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բնորոշեցինք որպէս իսկական կառավարութիւն մը, որ համայն երկրի պիտի տիրէ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս Քրիստոս անոր իշխանը պիտի ըլլայ։ Կրնա՞ք երեւակայել, այսպիսի կառավարութեան մը եւ առաջնորդի մը կողմէ գալիք օգուտները»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Բացէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 6–րդ դասը։ Գործածելով 6 եւ 7–րդ պարբերութիւններէն ընտրուած կէտեր եւ 13–րդ էջին պատկերը, ցոյց տուէք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան համար ապագային ի՛նչ պիտի ընէ։ Կարդացէք Դանիէլ 2։44–ը, ու եթէ պատշաճ է, Գիտութիւն գիրքը ներկայացուցէք եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցէք։
8 Եթէ անհատ մը գտաք որ կը գիտակցէր թէ աշխարհի կրօնքները մարդկութեան համար խնդիրներ յարուցած են, վերայցելութեան ատեն կրնաք ասիկա հարցնել.
◼ «Բնաւ հարց տուա՞ծ էք, թէ ի՛նչպէս կրնանք գիտնալ թէ ո՛ր կրօնքը Աստուծոյ հաւանութիւնը ունի։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս գրքոյկը՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ՝ ճշմարիտ կրօնքը բնորոշող նշանները կու տայ»։ Բացէք 13–րդ դասը եւ ուշադրութիւն հրաւիրեցէք 3-7–րդ պարբերութիւններուն մէջ տարբեր գիրերով տպուած հինգ կէտերուն։ Կրնաք շարունակել ըսելով. «Ճշմարիտ կրօնքը գտնելէն զատ, պէտք է գիտնանք թէ Աստուած անհատապէս ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ»։ Կարդացէք Յովհաննու 4։23, 24–ը։ Առաջարկեցէք ասոր մասին ուրիշ անգամ խօսիլ։ Գրքոյկին առաջին դասը բացէք ու ցուցադրեցէք թէ ի՛նչպէս կ’ուսումնասիրենք զայն։
9 Երբ կը վերադառնաք ընտանեկան ուրախութեան մասին սկսուած խօսակցութիւն մը շարունակելու համար, կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Երբ առաջին անգամ հանդիպեցանք, ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքին մասին խօսեցանք, որ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ գտնուած խրատները կիրարկելն է։ Երբ արդի ընտանիքին կարիքները նկատի ունենանք, Աստուածաշունչը ժամանակավրէ՞պ թէ այժմէական կը գտնէք»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Գիտութիւն գիրքը ներկայացուցէք։ Բացէք 2–րդ դասը ու կարդացէք 13–րդ պարբերութեան մէջբերումը։ Երրորդ պարբերութեան մէջ յիշուած կէտերը գործածելով, Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցէք։
10 Ճշգրիտ արձանագրութիւն պահելով, կենսական պատրաստութիւն տեսնելով եւ անոնց հետաքրքրութիւնը մշակելու համար շուտով վերադառնալով, կրնանք ցուցաբերել այն դրացիական սէրը, որ զանոնք փրկութեան ճամբուն պիտի հրապուրէ։—Մատթ. 22։39. Գաղ. 6։10