Հետաքրքրութիւն Զարգացնենք Խաղաղութիւն Բերող Աստուծոյ Թագաւորութեան Հանդէպ
1 Փետրուար ամսուան ընթացքին, մեր նպատակը պիտի ըլլայ պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներուն օգնել որ գնահատեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ ինչ որ պիտի իրագործէ։ Տեսակէտ յայտնող հարցումները կրնան մեզի օգնել որ այս նպատակին հասնինք։
2 Բարեկամական բարեւ մը տալէ ետք, կրնանք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Ապշեցուցիչ փոփոխութիւններ կառավարութիւններու մէջ տեղի կ’ունենան համայն աշխարհի մէջ եւ խաղաղութեան նպատակակէտը յաճախ կը յիշուի։ Կը խորհի՞ք որ իրական խաղաղութիւնը պիտի իրագործուի։ [Թոյլ տուէք որ մեկնէ։] Թէեւ շատեր կը յուսան որ մարդկային իշխաններ խաղաղութիւն պիտի բերեն, նկատեցէք թէ ինչպէս Աստուած կը խոստանայ խաղաղութիւն բերել, Սաղմոս 46։9–ի խօսքերով։ [Կարդացէք։] Երկիրի վրայ ի՞նչ փոփոխութիւններ կը խորհիք որ Աստուծոյ արարքը պիտի բերէ։ [Տանուտիրոջ պատասխանին մտիկ ըրէք եւ ապա կարդացէք Եսայեայ 65։21-23, ցոյց տալով երկրի վրայ վայելելիք կարգ մը օրհնութիւնները։] Կրնա՞ք մտապատկերել ինչ որ հոս յիշուած է»։ Եթէ պարագան կը ներէ, կարելի է յաւելեալ տեղեկութիւններ նկատի առնել Պատճառաբանել գրքէն, էջ 227-32 [361-66, Արաբ.], «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ի՞նչ Պիտի Իրագործէ» հարցումին ներքեւ։ Խօսակցութիւնը կրնանք եզրափակել հարցնելով. «Կը խորհի՞ք որ Աստուծոյ կողմէ կառավարութիւն մը այս փոփոխութիւնները պիտի բերէ»։ Եթէ տանուտէրը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, պէտք է կարգադրութիւններ ընենք վերայցելութեան մը համար։
3 Կամ կրնանք ըսել.
◼ «Շատ մտահոգութիւն կ’արտայայտուի խռովիչ խնդիրներու նկատմամբ զորս բոլորս ալ պէտք է ձեռք առնենք ամէն օր։ Կը խորհի՞ք որ այս խնդիրներէն հանգստանալու որեւէ յոյս կայ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ոմանք թերեւս կը զգան որ Աստուած անտարբեր է մեր դժուարին կացութեան հանդէպ։ Սակայն, նկատեցէք թէ ան ինչ կը խոստանայ Յայտնութիւն 21։3, 4–ին մէջ։ [Համարները կարդացէք։ Ապա ցոյց տուէք որ Աստուած իրապէս կը հոգայ մեզի։] Ասիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ մեզի համար։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ, ապա կարդացէք Ղուկաս 21։28։] Ասիկա չէ՞ ինչ որ բոլորս ալ կ’ուզենք ընել»։ Եթէ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կրնաք հարցնել. «Աստուած ինչո՞ւ տառապանքը թոյլատրած է»։ Ետքը կարգադրեցէք որ անոր մասին խօսակցիք յաջորդ այցելութեան։ Ի մտի ունեցէք ձեր հետ բերել Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի գրքոյկը, որպէսզի անոր Զ. Մասը նկատի առնէք։
4 Ներկայիս մարդիկ յաճախ շփոթութեան մատնուած են չգիտնալով ուր դիմեն մարդկութեան դիմագրաւած խնդիրներուն լուծումին համար։ Մենք առանձնաշնորհումը ունինք անոնց հետ բաժնելու յստակ յոյս մը ապագային համար։ (Գործք 17։27) Ուստի, ժրաջանօրէն մարդոց ուշադրութիւնը ուղղենք Աստուծոյ Թագաւորութեան, խաղաղութեան իրական աղբիւրին։