Ձեր Ժողովքի Հանրային Ժողովին Յայտագրին Լման Կերպով Թիկունք Կանգնեցէք
1 Տարիներ առաջ, երիտասարդ մը գտաւ թղթիկ մը որ կը ծանուցանէր տեղական ժողովքին ժողովները։ Քանի որ ճշմարտութիւնը կը փնտռէր, ան որոշեց Հանրային Ժողովին ներկայ գտնուիլ յաջորդ Կիրակի եւ շատ կանուխ սրահը հասաւ։ Հրատարակիչ մը ջերմօրէն զինք բարեւեց եւ խօսակցութեան ընթացքին իրեն առաջարկեց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը, բայց ան մերժեց։ Սակայն, ան ա՛յնքան տպաւորուեցաւ լաւ պատրաստուած հանրային դասախօսութենէն որ իր միտքը փոխեց ու ժողովէն ետք ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Այս երիտասարդը արագ յառաջդիմութիւն մը արձանագրեց ու մի քանի ամիս ետք մկրտուեցաւ։ Այս փորձառութենէն կրնանք սորվիլ առնուազն երեք օգտակար կէտեր։
2 Նախ, Հանրային Ժողովը ծանուցանուած էր։ Երբ ատենապետը կը ծանուցանէ հանրային դասախօսութեան բնաբանը որ յաջորդ շաբաթ պիտի տրուի, մտածեցէք ձեր թաղամասին մէջ եղող անհատներու մասին որոնք կրնան մասնաւորաբար հետաքրքրուած ըլլալ այս նիւթով, անոնք ներկայիս մեր գրականութիւնները կը կարդան կամ ոչ։ Կարգ մը անհատներ կարդալ չեն սիրեր կամ շատ դժուարութեամբ կը կարդան, բայց թերեւս կը փափաքին լսել դասախօսութիւն մը սուրբ գրային նիւթի մը շուրջ։
3 Երկրորդ, նորեկին ջերմ ընդունելութիւն տրուեցաւ։ Եթէ ծրագրէք կարելի եղածին չափ կանուխ հասնիլ սրահը, կրնաք ձեր եղբայրներն ու քոյրերը բարեւել ինչպէս նաեւ՝ ոեւէ հետաքրքրուող անհատ։ (Եբր. 10։24) Եթէ նորեկ մը առաջին անգամ ըլլալով ներկայ կը գտնուի, ան թերեւս չի գիտեր ինչ տեղի պիտի ունենայ։ Բացատրեցէք որ մեր ժողովները երգեցողութեամբ ու աղօթքով կը սկսին եւ անոր ըսէք թէ ժողովը ինչպէս պիտի վարուի։ Եթէ յարմար է, զինք հրաւիրեցէք որ ձեզի հետ նստի որպէսզի ձեր Աստուածաշունչն ու երգարանը բաժնէք իրեն հետ։ Զինք հրաւիրեցէք որ ձեր հետ նկատի առնէ որեւէ հարցում որ կ’ունենայ անմիջապէս որ ժողովը վերջանայ։
4 Երրորդ, դասախօսութիւնը շատ լաւ պատրաստուած էր։ Անոնք որոնք առանձնաշնորհումը ունին ժողովքը ներկայացնելու որպէս հանրային դասախօսներ, շատ ժամանակ կը յատկացնեն նիւթը պատրաստելու եւ փորձ ընելու, որպէսզի ունկնդիրները մղեն աւելի մեծ սիրոյ ու ընտիր գործերու։ Բոլորս ալ ճնշումի ներքեւ ենք այսօր, եւ Աստուծոյ Խօսքէն սփոփիչ ճշմարտութիւնները մեզի կ’օգնեն որ տոկանք։ Անշուշտ, որքան ալ հանրային դասախօսութիւնը տեղեկատուական ըլլայ, քիչ արժէք պիտի ունենայ մեզի համար անհատապէս եթէ լաւ ուշադրութիւն չընծայենք ըսուածին։ Երբեմն դժուարութիւն կ’ունենա՞ք դասախօսութեան ընթացքին կեդրոնանալու։ Կրնայ օգնական ըլլալ հակիրճ նոթագրութիւն ընելը, ինչպէս յաճախ կ’ընենք մեր համաժողովներուն ընթացքին։ Վստահ եղէք ձեր Աստուածաշունչը գործածելու երբ համար մը կը կարդացուի ու կը բացատրուի։
5 Ընկերութիւնը հանրային դասախօսութիւններ հայթայթած է սուրբ գրային զանազան նիւթերու մասին։ Երէցներու մարմինը, գործելով վերակացու տեսուչին կամ անոր կողմէ նշանակուած եղբօր մը միջոցաւ, կը համակարգէ ժողովքի Հանրային Ժողովին յայտագիրը։ Ընկերութեան կողմէ ուրուագծուած նիւթերը կ’ընտրուին նկատի առնելու համար ընթացիկ տեղական կարիքները։ Այս կենսական տեղեկութիւնները մի փախցնէք եւ լման կերպով թիկունք կանգնեցէք ձեր ժողովքի շաբաթական Հանրային Ժողովին։