Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/96 էջ 2
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ձեր Ժողովքի Հանրային Ժողովին Յայտագրին Լման Կերպով Թիկունք Կանգնեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Ուրիշներու Հանդէպ Նկատառութիւն Ցոյց Տանք—Մաս Ա
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 8/96 էջ 2

Հարցումի Տուփ

◼ Ի՞նչ պէտք է ընել, երբ նշանակուած հանրային դասախօս մը ճիշդ ժամանակին ժողովին չհասնի։

Երբեմն անխուսափելի պարագաներ կրնան արգելք հանդիսանալ որ եղբայր մը ճիշդ ժամանակին չհասնի, իր յայտագրուած դասախօսութիւնը ներկայացնելու։ Եթէ պատճառ կայ խորհելու որ ան շուտով պիտի ժամանէ, երէցները կրնան որոշել որ նախ Դիտարանի Ուսումնասիրութիւնը սկսին. անկէ ետք, կրնան Հանրային Ժողովը ընել։ Իսկ եթէ բացայայտ ըլլայ որ դասախօսը պիտի չգայ, թերեւս տեղական դասախօս մը կրնայ իր պատրաստած դասախօսութիւններէն մէկը ներկայացնել։

Առաջուընէ ուշադրութեամբ ծրագրելը սովորաբար թոյլ չի տար որ այս խնդիրը ծագի։ Այն եղբայրը որ հանրային դասախօսութիւնները կը համակարգէ, պէտք է իւրաքանչիւր դասախօսին հետ կապ պահէ առնուազն մէկ շաբաթ առաջ, որպէսզի անոր յիշեցնէ իր նշանակումը։ Վերյիշեցումը պէտք է պարփակէ ժողովին ժամը, Թագաւորութեան Սրահին հասցէն ու հեռաձայնի թիւը, եւ յստակ բացատրութիւն թէ ի՛նչ ճամբով սրահին հասնիլ։ Դասախօսը այս մանրամասնութիւնները ուշադրութեամբ պէտք է նոթագրէ։ Ան նշանակումը լուրջի պէտք է առնէ, իր անձնական յայտագրին մէջ հարկ եղած որեւէ բարեճշդում ընելով, այնպէս որ կարենայ այս պատասխանատուութիւնը կատարել։ Եթէ անխուսափելի բան մը յառաջ գայ, որ արգելք պիտի հանդիսանայ իր պատասխանատուութեան, ան անմիջապէս պէտք է կապ պահէ այն եղբօր հետ որ հանրային դասախօսութիւնները կը համակարգէ, այնպէս որ կարելի ըլլայ փոխանորդ մը կարգադրել։ Ամէն ջանք պէտք է թափուի նշանակումը վերջին վայրկեանին ջնջելէ խուսափելու համար։ Եթէ դասախօսը մի քանի վայրկեան պիտի ուշանայ, ան կրնայ եղբայրներուն հեռաձայնել, որպէսզի գիտնան ի՛նչ ընեն։

Հանրային դասախօսութեան նշանակումը գնահատելը, առաջուընէ լաւ ծրագրելը ու վերյիշեցումները, եւ ուշադիր վերատեսչութիւնը կրնան վստահեցնել թէ ժողովքը ամէն շաբաթ օգտակար հանրային դասախօսութիւն մը պիտի վայելէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել