Եհովայի վկաներու 1994–ի «Աստուածային վախ» նահանգային համաժողովը
1 Հոգեւորապէս սփոփիչ յայտագրին համար երախտագիտութեան սրտագին արտայայտութիւններ լսուեցան 1,411,812 հոգիներէն շատերու կողմէ, որոնք ներկայ էին 1993–ի «Աստուածային Ուսուցում» Նահանգային Համաժողովներուն, Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի թաղամասին մէջ։ 13,920 նորեկներ մկրտուեցան առ ի հետեւանք իրենց ուշադրութիւն ընծայելուն Աստուածաշունչին մէջ գտնուած աստուածային ուսուցման։ Անցեալ տարի այդպիսի շինիչ յայտագիր մը վայելելը, մեզ իսկապէս պէտք է մղէ ամէն ճիգ թափելու որ ներկայ ըլլանք ոգեւորիչ յայտագրին որ կարգադրուած է 1994–ի «Աստուածային Վախ» Նահանգային Համաժողովին համար, եկող ամառ։ Նկատի ունենալով մարդկութեան դիմագրաւած բազմաթիւ խնդիրները այսօր, վստահաբար բոլորս ալ պիտի հրաւիրենք ու փորձենք կարգադրութիւն ընել մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն համար որ մեր հետ հոն գտնուին։ Ան պիտի փաստէ քաջալերութեան եւ ոյժի իսկական աղբիւր մը ըլլալ մինչ կը շարունակենք Եհովայի ծառայել աստուածային վախով, հակառակ որեւէ արգելքի որ կրնայ հանդիսանալ գալիք օրերուն։
2 Վստահ եղէք համաժողովի ձեր կարգադրութիւնները ուշադրութեամբ եւ աղօթքի կեցուածքով ընելու, որպէսզի կարենաք հաճելի հոգեւոր յայտագրին երեք օրերն ալ վայելել, բացման երգեցողութենէն մինչեւ փակման աղօթքը։ Ձեր ծրագիրներուն մէջ սիրալիր կերպով պարփակեցէք զանոնք որոնք օժանդակութեան կարիքը ունին, մասնաւորաբար վերջերս հետաքրքրուողները, որպէսզի անոնք ալ կարենան իւրաքանչիւր նիստի ներկայ ըլլալ։ Շատ օգտակար պիտի ըլլայ նկատի առնել այս յաւելուածական յօդուածին տեղեկութիւնները Աստուածաշունչի ոեւէ աշակերտի հետ որ կը ծրագրէ ներկայ գտնուիլ։ (Գաղ. 6։10) Յայտագիրը երաժշտութեամբ կը սկսի Ուրբաթ օր կէսօրէ առաջ ժամը 10։20–ին եւ կը վերջանայ կէսօրէ ետք մօտաւորապէս ժամը 5։00–ին։ Շաբաթ օր յայտագիրը կը սկսի կէսօրէ առաջ ժամը 9։30–ին եւ երգեցողութեամբ ու աղօթքով կը փակուի կէսօրէ ետք մօտաւորապէս ժամը 5։00–ին։ Կիրակի առաւօտ նիստը կը սկսի ժամը 9։30–ին եւ օրուան յայտագիրը վերջ կը գտնէ կէսօրէ ետք մօտաւորապէս ժամը 4։15–ին։ Հետեւեալ տեղեկութիւնները ձեզի պիտի օժանդակեն ձեր նախնական պատրաստութիւններու առնչութեամբ։
3 Հրահանգներ Իջեւան Ձեռք Ձգելու Համար. Յունուար 3–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովէն ետք, ժողովքները պէտք է ցուցատախտակին վրայ կախեն Recommended Lodging Locations list–ը այն նահանգային համաժողովին համար որու ժողովքը նշանակուած է։ Այս ցանկը կը պարփակէ բոլոր օթեւանները որոնք ներկայիս կը համագործակցին Ընկերութեան իջեւանելու կարգադրութիւններուն հետ։ Ձեր համագործակցութիւնը այս կարգադրութիւններուն հետ պիտի օժանդակէ համաժողովի յանձնախումբին իր ճիգերուն մէջ որ ամէն անհատի նպաստաւոր գիներով իջեւանելու բաւարար դիւրութիւններ հայթայթէ։
4 Ինչ Որ Պէտք Է Ընէք. Ձեր ժողովքը Recommended Lodging Locations list–ը կախելէ ետք—Ո՛Չ առաջ—որ կը պարփակէ օթեւաններու հասցէները, հեռաձայնի թիւերը եւ համաձայնուած սակերը, ազատ էք ցանկին մէջէն ձեր ընտրած օթեւանին հեռաձայնելու եւ վերապահութիւններ ընելու։ Դուք ձեզ բնորոշելը որպէս Եհովայի Վկաներէն մէկը կամ պատուիրակ մը՝ Դիտարանի համաժողովին ներկայ ըլլալու, ձեզ որակելի պիտի դարձնէ որ օգտուիք մատնանշուած սակերէն, որոնք յաճախ մեծապէս զեղչուած են։
5 Մէկ գիշերուան ԿԱՆԽԱՎՃԱՐԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է սենեակը ապահովելու համար։ Ձեր կանխավճարը պէտք է օթեւանին ուղղակի ղրկէք ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ որ վերապահութիւնները ընէք։ Եթէ օթեւանը չստանայ ձեր կանխավճարը, ձեր վերապահութիւնները կրնան ջնջուիլ որեւէ ժամանակ։ ՕԹԵՒԱՆՆԵՐԸ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԱԾ ՉԵՆ ՍԵՆԵԱԿՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ԱՌԱՆՑ ԿԱՆԽԱՎՃԱՐԻ ՄԸ։ Եթէ ձեր վերապահութիւնը պիտի ջնջէք, պէտք է անմիջապէս օթեւանին տեղեկացնէք, սենեակը մատչելի ընելով ուրիշ պատուիրակներու։
6 Եթէ առաջին օթեւանը որու կը հեռաձայնէք լեցուն է, ցանկէն ձեր ընտրած երկրորդ օթեւանին հեռաձայնեցէք եւ այսպէս շարունակեցէք։ Յաճախ, ամէն անհատ կը հեռաձայնէ այն օթեւաններուն որոնք ամենամօտն են համաժողովին համար գործածուած դիւրութեան. հետեւաբար, թերեւս օգտակար գտնէք փորձել աւելի հեռու եղող օթեւանները։ Անոնք յաճախ աւելի նուազ սակերով ընտիր սենեակներ ունին։ Համաժողովի Իջեւանելու Բաժինը պիտի շարունակէ վերաքննուած ցանկեր հայթայթել ժողովքներուն, ջնջելով լեցուած օթեւանները եւ արձանագրելով յաւելեալ օթեւաններ, մինչեւ որ ամէն անհատ սենեակ մը ունենայ։ Ուստի, եթէ ցանկին բոլոր օթեւանները լեցուած են, հաճեցէք համբերութեամբ սպասել յաջորդ ցանկը եւ պիտի կարենաք սենեակ մը ձեռք ձգել։
7 Ննջասրահներ. Մի քանի համաժողովներ, օթեւաններէն զատ, կը գործածեն դպրոցներու ննջասրահները որպէսզի ամէն անհատ իջեւան ունենայ։ Սովորաբար ժողովքները ասոնց մասին տեղեկութիւններ կը ստանան, օթեւաններու առաջին ցանկը ստանալէն շուրջ մէկ ամիս ետք։ Անոնք որոնք այսպիսի իջեւաններու կարիքը ունին պէտք է հետեւին այն հրահանգներուն որոնք նշուած են համաժողովին կողմէ ժողովքներուն ղրկուած ցանկին մէջ։
8 Մասնայատուկ Կարիքներ. Այս հայթայթումը միայն օրինակելի հրատարակիչներուն եւ իրենց լաւ վարք ունեցող զաւակներուն համար է, որոնք Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին կողմէ ընդունուած են։ Մասնայատուկ կարիքներ ունեցող անհատներու հոգատարութեան կարգադրութիւնները պէտք է ըլլան իրենց յաճախած ժողովքին կողմէ, փոխանակ այս պարտաւորութիւնը ձգուի համաժողովի յանձնախումբին վրայ։ Երէցներ եւ ուրիշներ որոնք տեղեակ են անհատին պարագաներէն, կրնան սիրալիր կերպով օգնութիւն ընծայել։ Ասիկա յաճախ կը պահանջէ որ հրատարակիչները նկատի առնեն լիաժամ ծառայողներու, տարիքոտներու, ֆիզիքապէս տկարներու եւ ուրիշներու կարիքները։ Հրատարակիչները կրնան օգնութիւն ընծայել այսպիսի անհատներ իրենց հետ առնելով կամ անոնց կարիքներուն տարբեր ձեւերով հոգալով։—Յակ. 2։15-17. Ա. Յովհ. 3։17, 18
9 Անշուշտ, Իջեւանելու Բաժինը պիտի ջանայ յարմար իջեւան հայթայթել մասնայատուկ կարիքներով հրատարակիչներու եթէ ժողովքի անդամները կարող չեն անոնց օգնել։ Այս հրատարակիչները կրնան իրենց վիճակին մասին խօսիլ ժողովքի քարտուղարին հետ։ Քարտուղարը պէտք է Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին հետ խօսի տեսնելու համար ժողովքին կարողութիւնը այս անհատներուն օժանդակելու որ իրենց իջեւանելու կարգադրութիւններուն հոգ տանին։ Եթէ ժողովքը անկարող է պէտք եղած օժանդակութիւնը ընծայելու, քարտուղարը կրնայ Special Needs Room Request form–էն օրինակ մը տալ այսպիսի անհատներու։ Միայն անոնք որոնք մասնաւոր կարիքներ ունին պէտք է այս թղթիկը լեցնեն։ Ան պէտք է գրուի խնդրանքը ներկայացնող անհատին կողմէ։ Ան պէտք է վերադարձուի քարտուղարին, որ պիտի ստուգէ անոր ամբողջացումը, ճշգրտութիւնը եւ պարագաներուն վաւերացումը որոնք անհատը որակելի կը դարձնեն այսպիսի նկատառութեան։ Քարտուղարը պէտք է պարագաները ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՕՐԷՆ ԲԱՑԱՏՐԷ թղթիկին վրայ յատկացուած մասին մէջ։ Այս բոլորը պէտք է համաժողովէն շատ առաջ կատարուին։ Այն ատեն քարտուղարը թղթիկը պիտի ղրկէ Իջեւանելու Բաժինին։ Խնդրանքը ներկայացնող անհատը ուղղակի պիտի տեղեկացուի իջեւանելու դիւրութիւններու մասին։
10 Մասնաւոր կարիքներ ունեցողները պէտք ՉԷ համաժողովին երթան ու սենեակ մը խնդրեն երբ հասնին, որովհետեւ Իջեւանելու Բաժինը պէտք է Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին վաւերացումը ունենայ։
11 Անձնական տուներու դիւրութիւնները պահուած են անոնց համար որոնք կրնան իսկական դժուարութեան մատնուիլ եթէ այսպիսի դիւրութիւններ մատչելի չըլլան։ Անոնք չեն յատկացուած անոնց համար որոնք կարող են օթեւան ապահովել բայց կ’ուզեն ձրի կամ աժան սենեակներ, պարզապէս դրամ խնայելու համար։ Ասկէ զատ, պատշաճ չէ որ այսպիսի խնդրանք ներկայացնողները եղբայրներուն հիւրասիրութիւնը օգտագործելով ակնկալեն յաւելեալ օրեր հոն մնալ համաժողովէն առաջ ու վերջ։ Այս սենեակները հայթայթուած են ՄԻԱՅՆ համաժողովի ժամանակաշրջանին։ Այսպիսի դիւրութիւններ ստացողները պէտք է վստահ ըլլան որ իրենք ու իրենց զաւակները յարգանքով կը վարուին հիւրընկալին տան հանդէպ. պէտք չէ խառնակեն կամ վնաս հասցնեն հիւրընկալին ստացուածքներուն կամ տան անձնական շրջանները մտնեն։ Եթէ տանուտէրները ասոնց առնչութեամբ որեւէ դժուարութեան մատնուին, պէտք է անմիջապէս համաժողովի իջեւանելու տեսուչին ուշադրութեան յանձնեն զայն, եւ ան ուրախ պիտի ըլլայ օգնելով։
12 Նշանակուած Շրջանին Դուրսէն Եկող Պատուիրակներ. Մօտաւորապէս ամէն պարագայի, ձեր յաճախելիք նշանակուած վայրը ամենամօտն է ձեր ժողովքին։ Բաւարար նստարան, գրականութիւն, ուտելիք, իջեւանելու դիւրութիւններ, եւ նման բաներ ունենալը հիմնուած է այն ենթադրութեան վրայ որ հրատարակիչներուն մեծամասնութիւնը ներկայ պիտի ըլլայ իրենց ժողովքին նշանակուած համաժողովին։ Սակայն, եթէ լաւ պատճառի մը համար ներկայ պիտի ըլլաք ձեզի չնշանակուած համաժողովի մը եւ իջեւանելու կարիքը ունիք, ժողովքի քարտուղարը կրնայ ձեզի տալ այդ համաժողովի կեդրոնատեղիին հասցէն, առնելով զայն Special Needs Room Request form–ին ետեւի էջի ցանկէն։ Յետոյ կրնաք նամակով խնդրել օրինակ մը օթեւաններու ցանկէն այդ վայրին համար, պարփակելով պահարան մը որ դրոշմաթուղթ ու ձեր հասցէն կը կրէ։ Այս ցանկը ստանալէ ետք, գործածեցէք զայն ձեր վերապահութիւնը ընելու։
13 Ձեր Համագործակցութեան Կարիքը Կայ. Իջեւանելու այս կարգադրութեան յաջողութիւնը կախեալ է կապակցութիւն ունեցող բոլոր անհատներուն համագործակցութենէն։ (Եբր. 13։17) Ուստի, ամէն անհատէ կը խնդրենք որ լիովին համագործակցի Ընկերութեան իջեւանելու կարգադրութեան հետ եւ ԳՈՐԾԱԾԷ ՄԻԱՅՆ ԱՅՆ ՕԹԵՒԱՆՆԵՐԸ ՈՐՈՆՔ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ RECOMMENDED LODGING LOCATIONS LIST–ԻՆ ՎՐԱՅ ԵՆ, որպէսզի օթեւաններու հետ համաձայնելու ատեն ծագած մեծ դժուարութիւններէն խուսափինք։ Ցանկին վրայ յիշուած պանդոկներուն հետ պայմանագրութիւններ ըրած ենք, նշելով թէ մեր ժողովուրդը զանոնք պիտի գործածէ։ Երաշխաւորութիւն մըն է որ անոնք գործ պիտի ունենան եթէ մեզի համար մասնայատուկ սակեր որոշեն։ Հրատարակիչներուն մեծամասնութիւնը լուրջի կ’առնեն յստակ ուղղութիւնը որ տրուեցաւ նախորդ համաժողովի յաւելուածականներուն մէջ, եւ շատ մը լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգուին։ Սակայն, դեռ անհրաժեշտ է խնդրել որ ամէն անհատ ՀԱՃԻ ՆԿԱՏԻ ԱՌՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՈՒՂԵԳԾԵՐԸ ՕԹԵՒԱՆԻ ԴԻՒՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ.
(ա) Համաժողովի քաղաքին մէջ եղած օթեւաններու մի՛ հեռաձայնէք անոնց հարցնելով թէ ընթացիկ ցանկին վրա՞յ են կամ համաժողովին համար Դիտարանի մասնայատուկ սակեր ունի՞ն։ Նաեւ, հաճեցէք նոյն օթեւանը չգործածել տարիէ տարի առանց ստուգելու թէ ան որոշապէս կը գտնուի ընթացիկ ցանկին վրայ։
(բ) Մի՛ ընդունիք ընթացիկ ցանկին վրայ յիշուած գինէն աւելի բարձր գին մը վճարել օթեւանի սենեակի մը համար։
(գ) Հաճեցէք ձեր վերապահութիւնները չընել օթեւանի մը հետ զոր գործածելու մտադիր չէք կամ մէկէ աւելի օթեւաններու հետ, այն միտքով որ զանոնք կը ստուգէք, լաւագոյնը կ’ընտրէք ու մնացածը կը ջնջէք։ (Մատթ. 5։37) Ասիկա անարդարութիւն է, քանի որ օթեւաններուն արգելք կը հանդիսանայ գործ մը ձեռք ձգելու եւ կը զրկէ ուրիշ հրատարակիչներ այս սենեակները գործածելէ, որոնք յաճախ մեծապէս պիտանի են։
(դ) Ձեզի եւ ուրիշներու համար սենեակներ մի՛ վերապահէք առանց անուններ տալու եւ իւրաքանչիւր սենեակի համար անմիջապէս կանխավճար ղրկելու։
(ե) Օրէնքին ու վարչութեան արտօնածէն աւելի անհատներ մի՛ դնէք սենեակին մէջ, որ բնականաբար չորս կամ հինգ անհատէ աւելի չէ, պարփակելով պզտիկները։ Յիշեցէք, կը վճարէք սակ մը որ հիմնուած է սենեակին մէջ եղող անհատներու այն թիւին վրայ որու ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԾ ԷՔ։
14 Այս մարզերուն մէջ թերանալը կը դժուարացնէ լաւ սակերու վրայ համաձայնիլը եւ Եհովայի անուան ու կազմակերպութեան նախատինք կը բերէ։ (Բաղդատել Սաղմոս 119։168)։ Հետեւաբար, Ընկերութիւնը պիտի խնդրէ Իջեւանելու Բաժինէն որ քննէ օթեւանները նկատելու համար եթէ մէկը այդպիսի խնդիրներ կ’ունենայ եւ ո՛վ պարփակուած է։ Միւս կողմէն, ԵԹԷ ԽՆԴԻՐ ՄԸ ՈՒՆԵՆԱՔ ՕԹԵՒԱՆԻ ՄԸ ՀԵՏ, հաճեցէք չվարանիլ զայն համաժողովի Իջեւանելու Բաժինին տեսուչին ուշադրութեան յանձնել, որպէսզի ձեզի օժանդակէ հարցը անմիջապէս լուծելու։
15 Համաժողովի յանձնախումբը ժրաջան կ’աշխատի որպէսզի մեր եղբայրները կարելի եղածին չափ ծախս խնայեն, ուստի բոլորին օգտին համար է ամբողջովին համագործակցիլը Ընկերութեան իջեւանելու կարգադրութեան հետ, որպէսզի այս հայթայթումը շարունակուի։ Ցանկը կու տայ համագործակցող օթեւաններու լաւ որակով դիւրութիւններու ընտրութիւն մը։ Այս կարգադրութեամբ, մեր նպատակակէտն է օգնել պատուիրակներուն որ իջեւանին կարելի եղածին չափ հանգստաւէտ ու խնայող կերպով, որպէսզի համաժողովի հոգեւոր ընտիր յայտագիրը վայելեն։
16 Խուլերու Լեզուով Համաժողովներ. Մեծ բարեփոխում մը կ’երեւի Դիտարանի Փետրուար 15, 1994, թիւին մէջ 1994–ի Նահանգային Համաժողովի Վայրերու ցանկին մէջ, ցոյց տալով թէ առաջին անգամ ըլլալով Ամերիկեան Խուլերու Լեզուով լման նահանգային համաժողով մը պիտի ըլլայ։ Խուլերու լեզուով ոչ միայն մէկ այլ երկու լման համաժողովներ պիտի ըլլան։ Յայտագրին բաժինները պիտի չթարգմանուին, այլ՝ Ամերիկեան Խուլերու Լեզուով պիտի տրուին որակելի եղբայրներու կողմէ։ Այս կը նշանակէ որ համաժողովին ամբողջ յայտագիրը ուղղակի պիտի հաղորդուի ներկաներուն, որոնք նաեւ պիտի կարենան շատ շինիչ ընկերակցութիւն մը վայելել աւելի մեծ խումբերու հետ։ Այս պատճառով, խուլերու լեզուի որեւէ տեսակի համար ՈՉ ՄԷԿ ՀԱՅԹԱՅԹՈՒՄ պիտի ըլլայ որեւէ ուրիշ համաժողովի մէջ։
17 Այսպիսի կարեւոր փոփոխութիւն մը կատարելով խուլերու դաշտին համար, անհրաժեշտ է որ բոլոր խուլ անհատները ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ծրագրեն այս երկու խուլերու–լեզուով նահանգային համաժողովներէն մէկուն ներկայ ըլլալ։ Երէցները պէտք է ժրաջանութեամբ ստուգեն թէ իրենց ժողովքի իւրաքանչիւր խուլ անհատ տեղեակ է այս կարգադրութենէն եւ որոշեն եթէ հարկ կայ որեւէ օժանդակութեան որպէսզի անոնք ներկայ ըլլան։
[Նկարին խորագիրը՝ էջ 1]
[Ծանօթագրութիւն Երէցներու Մարմնին. Յունուար 3–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին ընթացքին, հաճեցէք կարդալ Դեկտեմբեր 15, 1993–ի Ընկերութեան ղրկած համաժողովի նշանակումի նամակը եւ ձեր ժողովքին համար Recommended Lodging Locations list–ին առաջին ու վերջին պարբերութիւնները։ Այդ ժողովէն ետք, նամակը եւ ցանկը ցուցատախտակին վրայ կախեցէք։ Երէցները պէտք ՉԷ փոխեն այդ շաբթուան իրենց ծառայութեան ժողովին օրը, զայն աւելի առաջ ընելով։ ՈՉ ՈՔ, ՄԷՋԸ ԸԼԼԱԼՈՎ ԵՐԷՑՆԵՐԸ, ՕԹԵՒԱՆԻ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԷՏՔ Է ԸՆԷ ԱՅՍ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԷՆ ԱՌԱՋ։ Այս կերպով բոլոր ժողովքները տեղեկութիւնները պիտի ստանան նոյն շաբթուան ընթացքին։ Կարելի եղածին չափ, ժողովքին քարտուղարը պէտք է ձեռք առնէ համաժողովին վերաբերեալ նիւթերն ու ծանուցումները ապագայ Ծառայութեան Ժողովներու ընթացքին, բացի եթէ այլապէս նշուած է կամ ինք անկարող է ատիկա ընելու]։