1996–Ի «Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաւորներ» Բնաբանով Եհովայի Վկաներու Նահանգային Համաժողով
1 Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի թաղամասին մէջ տեղի ունեցած 1995–ի «Ուրախ Փառաբանողներ» բնաբանով Նահանգային Համաժողովներուն ներկայ եղող 1,452,460 անհատներէն շատեր իրենց խոր գնահատանքը արտայայտեցին հոգեւորապէս վերաթարմացուցիչ յայտագրին համար։ Մեր սրտերը ուրախութեամբ լեցուեցան, երբ տեսանք 15,801 հոգի ջուրի մկրտութեամբ իրենց նուիրումը խորհրդանշեցին։ Մենք հրճուեցանք երկու նոր գրականութիւնները ստանալով՝ Եհովայի Վկաները եւ Կրթութիւնը եւ Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Անցեալ տարի այսպիսի ոգեւորող յայտագիր մը վայելած ըլլալով, մենք իրապէս պէտք է մղուինք որ ամէն ջանք թափենք 1996–ի «Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաւորներ» բնաբանով Նահանգային Համաժողովի յայտագրին ներկայ գտնուելու։ Վստահաբար բոլորս ալ պէտք է հրաւիրենք մեր Աստուածաշունչի աշակերտները եւ անոնց օգնենք որ մեր հետ համաժողովին ներկայ գտնուին։ Այս համաժողովները քաջալերուելու ու զօրանալու իսկական աղբիւր մը պիտի ըլլան մինչ կը շարունակենք այս վերջին օրերուն մէջ ուրախութեամբ Եհովայի ծառայել։
2 Վստահ եղէք որ համաժողովի ձեր կարգադրութիւնները կանուխէն ընէք այնպէս որ կարենաք հոն ըլլալ վայելելու համար հաճելի հոգեւոր յայտագրին երեք օրերն ալ, բացման երգեցողութենէն մինչեւ փակման աղօթքը։ Ձեր ծրագիրներուն մէջ սիրալիր կերպով պարփակեցէք զանոնք որոնք օժանդակութեան կարիքը ունին, մասնաւորաբար վերջերս հետաքրքրուողները, որպէսզի անոնք ալ կարենան իւրաքանչիւր նիստի ներկայ ըլլալ։ Շատ օգտակար պիտի ըլլայ որ այս յաւելուածական յօդուածին տեղեկութիւնները նկատի առնէք Աստուածաշունչի ոեւէ աշակերտի հետ որ կը ծրագրէ ներկայ ըլլալ։ (Գաղ. 6։6, 10) Յայտագիրը երաժշտութեամբ կը սկսի Ուրբաթ կէսօրէ առաջ ժամը 9։30–ին եւ կը վերջանայ կէսօրէ ետք շուրջ 4։30–ին։ Շաբաթ յայտագիրը կը սկսի կէսօրէ առաջ 9։30–ին եւ երգեցողութեամբ ու աղօթքով կը փակուի կէսօրէ ետք շուրջ 4։30–ին։ Կիրակի օրը առաւօտեան նիստը կը սկսի 9։30–ին եւ օրուան յայտագիրը վերջ կը գտնէ կէսօրէ ետք շուրջ 4։00–ին։ Հետեւեալ տեղեկութիւնները ձեզի պիտի օժանդակեն ձեր նախնական պատրաստութիւններուն առնչութեամբ։
3 Հրահանգներ՝ Իջեւան Ձեռք Ձգելու Համար. Յունուար 1–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովէն ետք, ժողովքները ցուցատախտակին վրայ պէտք է կախեն 1996–ի Յանձնարարուած Վարձասենեակներու Ցանկը (Recommended Lodging List) այն նահանգային համաժողովին համար որու ժողովքը նշանակուած է։ Այս ցանկը կը պարփակէ բոլոր պանդոկները որոնք ներկայիս Ընկերութեան իջեւանելու կարգադրութիւններուն հետ կը համագործակցին։ Ձեր համագործակցութիւնը այս կարգադրութիւններուն հետ պիտի օժանդակէ համաժողովի յանձնախումբին իր ճիգերուն մէջ որ նպաստաւոր գիներով իջեւանելու բաւարար դիւրութիւններ ամէն անհատի հայթայթէ։
4 Ձեր Ընելիք Բաները. Ձեր ժողովքը 1996–ի Յանձնարարուած Վարձասենեակներու Ցանկը կախելէ յետոյ՝ Ո՛Չ առաջ՝ որ կը պարփակէ պանդոկներու հասցէները, հեռաձայնի թիւերը եւ համաձայնուած սակերը, ազատ էք ցանկին մէջէն ձեր ընտրած պանդոկին հեռաձայնելու եւ վերապահութիւններ ընելու, յատկորոշելով պէտք եղած անկողիններուն թիւը։ Դուք ձեզ բնորոշելը որպէս Եհովայի Վկաներէն մէկը կամ Դիտարանի համաժողովին ներկայ ըլլալու պատուիրակ մը, ձեզ որակելի պիտի դարձնէ որ մատնանշուած սակերէն օգտուիք, որոնք յաճախ մեծապէս զեղչուած են։
5 Սենեակը ապահովելու համար մէկ գիշերուան ԿԱՆԽԱՎՃԱՐԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է։ Ձեր կանխավճարը պանդոկին ուղղակի պէտք է ղրկէք, վերապահութիւնները ընելէ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ յետոյ։ Վստահ ըլլալու համար որ ձեր վերապահութիւնը յարգուած է, խնդրեցէք պանդոկին նշանակած թիւը ձեր վերապահութեան համար։ Եթէ պանդոկը տասը օրուան ընթացքին ձեր կանխավճարը չստանայ, որեւէ ժամանակ ձեր վերապահութիւնները կրնան ջնջուիլ։ ՊԱՆԴՈԿՆԵՐԸ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԱԾ ՉԵՆ ԱՌԱՆՑ ԿԱՆԽԱՎՃԱՐԻ ՄԸ ՍԵՆԵԱԿՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ։ Եթէ ձեր վերապահութիւնը պիտի ջնջէք, պանդոկին անմիջապէս պէտք է տեղեկացնէք, սենեակը ուրիշ պատուիրակներու մատչելի ընելով։
6 Եթէ առաջին պանդոկը որու կը հեռաձայնէք լեցուն է, ցանկէն ձեր ընտրած երկրորդ պանդոկին հեռաձայնեցէք եւ այսպէս շարունակեցէք։ Յաճախ, ամէն անհատ կը հեռաձայնէ այն պանդոկներուն որոնք համաժողովին համար գործածուած դիւրութեան ամենամօտն են. հետեւաբար, թերեւս օգտակար է որ աւելի հեռու եղող պանդոկները փորձէք։ Անոնք ալ նուազ սակերով ընտիր սենեակներ ունին։ Համաժողովի Իջեւանելու Բաժինը պիտի շարունակէ վերաքննուած ցանկեր հայթայթել ժողովքներուն, լեցուած պանդոկները ջնջելով եւ յաւելեալ պանդոկներ արձանագրելով, մինչեւ որ ամէն անհատ սենեակ մը ունենայ։ Ուստի, եթէ ցանկին բոլոր պանդոկները լեցուած են, հաճեցէք ձեր ժողովքի քարտուղարին տեղեկացնել ու յաջորդ ցանկը համբերութեամբ սպասել եւ պիտի կարենաք սենեակ մը ձեռք ձգել։ Ժողովքի քարտուղարը պէտք է հեռաձայնէ համաժողովի Իջեւանելու Բաժինին, Յանձնարարուած Վարձասենեակներու Ցանկին մէջ եղած հեռաձայնի թիւը գործածելով, եւ անոնց իմացնէ որ պանդոկները կ’ըսեն թէ լեցուն են։
7 Ննջասրահներ. Մի քանի համաժողովներ, պանդոկներէն զատ, դպրոցներու ննջասրահները կը գործածեն որպէսզի ամէն անհատ իջեւան ունենայ։ Սովորաբար, ժողովքները ասոնց մասին տեղեկութիւններ կը ստանան, պանդոկներու առաջին ցանկը ստանալէն շուրջ մէկ ամիս ետք։ Անոնք որոնք այսպիսի իջեւաններու կարիքը ունին, պէտք է հետեւին ժողովքներուն ղրկուած ցանկին մէջ նշուած հրահանգներուն։
8 Մասնայատուկ Կարիքներ. Այս հայթայթումը միայն օրինակելի հրատարակիչներուն եւ իրենց լաւ վարք ունեցող զաւակներուն համար է, որոնք Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին կողմէ ընդունուած են։ Մասնայատուկ կարիքներ ունեցող անհատներու հոգատարութեան կարգադրութիւնները պէտք է ըլլան այն ժողովքին կողմէ որու ժողովներուն կը յաճախեն, փոխանակ այս պարտաւորութիւնը համաժողովի յանձնախումբին վրայ ձգուի։ Երէցներ եւ ուրիշներ որոնք անհատին պարագաներէն տեղեակ են, կրնան սիրալիր կերպով օգնութիւն ընծայել։ Ասիկա յաճախ կը պահանջէ որ հրատարակիչները լիաժամ ծառայողներու, տարիքոտներու, ֆիզիքապէս տկարներու եւ ուրիշներու կարիքները նկատի առնեն։ Հրատարակիչները կրնան օգնութիւն ընծայել, այսպիսի անհատներ իրենց հետ առնելով կամ գործնական տարբեր ձեւերով անոնց կարիքներուն հոգալով։—Յակ. 2։15-17. Ա. Յովհ. 3։17, 18
9 Անշուշտ, Իջեւանելու Բաժինը մասնայատուկ կարիքներով հրատարակիչներու պիտի ջանայ յարմար իջեւան հայթայթել, եթէ ժողովքի անդամները կարող չեն անոնց օգնել։ Այս հրատարակիչները իրենց վիճակին մասին կրնան ժողովքի քարտուղարին խօսիլ։ Քարտուղարը Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին մնացած անդամներուն պէտք է խօսի, տեսնելու համար ժողովքին կարողութիւնը այս անհատներուն օժանդակելու, որպէսզի իրենց իջեւանելու կարգադրութիւններուն հոգ տարուի։ Եթէ ժողովքը պէտք եղած օժանդակութիւնը ընծայելու անկարող է, քարտուղարը այսպիսի անհատներու կրնայ Special Needs Room Request թղթիկէն օրինակ մը տալ։ Միայն մասնաւոր կարիքներ ունեցողները այս թղթիկը պէտք է լեցնեն։ Ան պէտք է գրուի խնդրանքը ներկայացնող անհատին կողմէ։ Ան պէտք է վերադարձուի քարտուղարին, որ պիտի ստուգէ անոր ամբողջացումը, ճշգրտութիւնը եւ պարագաներուն վաւերացումը որոնք անհատը այսպիսի նկատառութեան որակելի կը դարձնեն։ Քարտուղարը պարագաները պէտք է ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՕՐԷՆ ԲԱՑԱՏՐԷ թղթիկին մէջ յատկացուած մասին մէջ։ Այս բոլորը համաժողովէն շատ առաջ պէտք է կատարուին։ Ծառայութեան յանձնախումբը վաւերացնելէ յետոյ, քարտուղարը թղթիկը պիտի ղրկէ Իջեւանելու Կեդրոնատեղիի հասցէին։ Խնդրանքը ներկայացնող անհատը ուղղակի պիտի տեղեկացուի իջեւանելու դիւրութիւններուն մասին։
10 Մասնաւոր կարիքներ ունեցողները համաժողովին պէտք ՉԷ երթան ու սենեակ մը խնդրեն երբ հասնին, որովհետեւ Իջեւանելու Բաժինը Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին վաւերացումը պէտք է ունենայ։
11 Անձնական տուներու դիւրութիւնները պահուած են անոնց համար որոնք կրնան իսկական դժուարութեան մատնուիլ եթէ այսպիսի դիւրութիւններ մատչելի չըլլան։ Այդ դիւրութիւնները չեն յատկացուած անոնց համար որոնք կարող են պանդոկ ապահովել բայց կ’ուզեն ձրի կամ աժան սենեակներ, պարզապէս դրամ խնայելու համար։ Ասկէ զատ, պատշաճ չէ որ այսպիսի խնդրանք ներկայացնողները եղբայրներուն հիւրասիրութիւնը օգտագործելով ակնկալեն յաւելեալ օրեր հոն մնալ, համաժողովէն առաջ ու վերջ։ Այս սենեակները ՄԻԱՅՆ համաժողովի ժամանակաշրջանին հայթայթուած են։ Այսպիսի դիւրութիւններ ստացողները պէտք է վստահ ըլլան որ իրենք ու իրենց զաւակները յարգանքով կը վարուին հիւրընկալին տան հանդէպ. պէտք չէ խառնակեն կամ հիւրընկալին ստացուածքներուն վնաս հասցնեն կամ տան անձնական շրջանները մտնեն։ Եթէ տանտէրները ասոնց առնչութեամբ որեւէ դժուարութեան մատնուին, համաժողովի իջեւանելու տեսուչին անմիջապէս պէտք է տեղեակ պահեն։
12 Նշանակուած Շրջանէն Չեղող Պատուիրակներ. Ձեր նշանակուած յաճախելիք վայրը ձեր ժողովքին ամենամօտն է։ Բաւարար նստարան, գրականութիւն, իջեւանելու դիւրութիւններ եւ նման բաներ ունենալը հիմնուած է այն ենթադրութեան վրայ որ հրատարակիչներուն մեծամասնութիւնը իր ժողովքին նշանակուած համաժողովին ներկայ պիտի ըլլայ։ Սակայն, եթէ վաւերական պատճառի մը համար ձեզի չնշանակուած համաժողովի մը ներկայ պիտի ըլլաք եւ իջեւանելու, ինքնաշարժը տեղ մը կեցնելու տոմսի եւ այլնի կարիքը ունիք, ժողովքի քարտուղարը կրնայ այդ համաժողովի կեդրոնատեղիին հասցէն ձեզի տալ, զանիկա առնելով Special Needs Room Request թղթիկին ետեւի էջի ցանկէն։ Յետոյ կրնաք նամակով խնդրել այս տարուան Յանձնարարուած Վարձասենեակներու Ցանկը կամ որեւէ ուրիշ տեղեկութիւն այդ վայրին համար։ Պարփակեցէք պահարան մը որ դրոշմաթուղթ ու ձեր հասցէն կը կրէ։ Այս ցանկը ստանալէ յետոյ, զանիկա գործածեցէք ձեր վերապահութիւնը ընելու։
13 Ձեր Համագործակցութիւնը կը Գնահատենք. Իջեւանելու այս կարգադրութեան յաջողութիւնը պարփակուած բոլոր անհատներուն համագործակցութենէն կախեալ է։ (Բաղդատել Եբրայեցիս 13։17։) Եղբայրներուն եւ քոյրերուն մեծամասնութիւնը Ընկերութեան իջեւանելու կարգադրութեան հետ լիովին կը համագործակցի եւ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԷ ՄԻԱՅՆ ԱՅՆ ՊԱՆԴՈԿՆԵՐԸ ՈՐՈՆՔ ԸՆԹԱՑԻԿ ՏԱՐՈՒԱՆ ՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԱԾ ՎԱՐՁԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ՄԷՋ ԵՆ։ Սակայն, դժբախտաբար, ոմանք չեն համագործակցիր, մեծ դժուարութիւններ պատճառելով պանդոկներու հետ համաձայնելու նկատմամբ։ Պանդոկի պաշտօնեաներէն ոմանք կ’ըսեն որ իրենք ստիպուած չեն Իջեւանելու Բաժինին հետ գործել, քանի որ համաժողովի պատուիրակները արդէն իրենց պանդոկի սենեակները պիտի վարձեն։ Դիտարանի Համաժողովը ցանկին մէջ յիշուած պանդոկներուն հետ պայմանագրութիւններ ըրած է, նշելով թէ մեր համաժողովի պատուիրակները զանոնք պիտի գործածեն։ Անիկա երաշխաւորութիւն մըն է որ անոնք գործ պիտի ունենան եթէ մեզի համար մասնայատուկ սակեր որոշեն։ Հրատարակիչներուն մեծամասնութիւնը լուրջի կ’առնէ յստակ ուղղութիւնը որ նախորդ համաժողովներու յաւելուածականներուն մէջ տրուած է, եւ շատ մը լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգուին։
14 Եղբայր մը Ընկերութեան տեղեկացուց որ իջեւանելու կարգադրութիւնը իրապէս «դրամ կը խնայէ»։ Ան պանդոկ մը իջաւ, վճարելով «միմիայն $38 իւրաքանչիւր օրուան համար»։ Անոր դիմաց անհատ մը իւրաքանչիւր օրուան համար $82 վճարեց։ Եղբայրը շարունակեց ըսել. «Ի՜նչ խնայութիւն մեր բոլորին համար։ Ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք իւրաքանչիւր օրուան համար $82 վճարել, վառելանիւթէն, կերակուրէն եւ ուրիշ ծախսերէն զատ։ Չեմ կարծեր որ եղբայրներէն շատեր գիտեն ‘սովորական սակերը’—մենք միայն այսօր գիտցանք։ Շնորհակալ ենք ձեզի»։ Ուրիշ մը գրեց. «Մեծապէս տպաւորուեցայ այս տարուան նահանգային համաժողովով։ Համաժողովներուն միշտ ներկայ եղած եմ ու (դժբախտաբար) թեթեւի առած եմ Եհովայի ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերուած սէրը, հիւրասիրութիւնը եւ հոգատարութիւնը։ Ամէն տարի Յանձնարարուած Վարձասենեակներու Ցանկ մը կը ստանանք որ կը պարունակէ այն պանդոկները որոնք շատ նուազ սակեր կը մատուցանեն եւ զորոնք պէտք է գործածենք երբ համաժողովին կը յաճախենք։ Ես կրնամ միայն երեւակայել տրամադրուած ժամանակը, դրամը եւ ջանքը, որպէսզի սակերուն եւ այլնի բոլոր մանրամասնութիւնները պատրաստուին, եւ անիկա իրապէս Ընկերութեան պարտաւորութիւնը չէ։ Կարելի էր թոյլ տալ որ իւրաքանչիւր Վկայ որեւէ սակով իր սենեակը ապահովէր, բայց պարագան այդպէս չէ։ Այս բոլորը իրապէս կ’ապացուցանեն որ մեր Հայրը՝ Եհովա՝ որքա՜ն սէր ու հետաքրքրութիւն ունի իր ծառաներուն հանդէպ եւ երկրի վրայ կազմակերպութիւն մը հաստատած է, որպէսզի իր ոչխարներուն հոգեւոր ու ֆիզիքական կարիքներուն հոգ տանի։ Արդ, կը փափաքիմ անձամբ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել ձեր ժրաջանութեան ու սիրոյն համար»։ Վստահութիւն ունինք որ այս տարի ամէն անհատ պիտի հետեւի վերի շրջագծի պարունակած ուղեգծերուն՝ պանդոկի դիւրութիւններ ձեռք ձգելու վերաբերեալ։
15 Ոմանք անցեալ տարիներու Յանձնարարուած Վարձասենեակներու ցանկը գործածած են եւ իրենց ընտրած պանդոկը այլեւս ընթացիկ ցանկին մէջ չէր։ Ուրիշներ նամակներ ստացած են իրենց նախապէս իջած պանդոկներէն որոնք այլեւս ցանկին մէջ չեն։ Հետեւաբար, կը խնդրենք որ ընթացիկ տարուան ցանկը գործածէք։ Ոմանք ցանկին մէջ չեղող պանդոկի սենեակներ կը վերապահեն կամ նշուած սակերէն աւելի կը վճարեն, ըսելով թէ իրենք բնաւ չեն տեղեկացներ որ Դիտարանի համաժողովին հետ կապ ունին։ Անոնք իրենց սենեակը կը վերապահեն, իրենց անձնական կամ հաստատութեան անունը գործածելով։ Անշուշտ, պանդոկի անձնակազմը դիւրաւ կ’եզրակացնէ որ այս անհատները Եհովայի Վկաներ են, նկատի առնելով անոնց վերապահութեան թուականները եւ անոնց արտաքին երեւոյթը ու արարքները երբ պանդոկ կ’իջնեն։ Դժբախտաբար, մեր կարգ մը հարուստ եղբայրներն են որոնք Ընկերութեան կարգադրութեան չեն հետեւիր, խորհելով որ կրնան աւելի բարձր սակեր վճարել եւ յանձնարարուած պանդոկները չգործածել։ Սակայն, ասիկա ամբողջ եղբայրակցութեան կարիքները նկատի չ’առներ։ Ա. Տիմոթէոս 6։17–19 մեզի կը վերյիշեցնէ. «Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան եւ անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու, բարիք գործեն, բարի գործերով հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլան։ Հանդերձեալին համար կարենան անձին բարի հիմ դնել, որպէսզի յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն»։ Ճիշդ ինչպէս որբին եւ որբեւայրիին հոգ պիտի տանէինք, մենք ամէն ատեն մեր բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն կարիքները պէտք է նկատի առնենք, ոչ միայն մեր կարիքները։—Փիլ. 2։4
16 Միւս կողմէն, ԵԹԷ ՊԱՆԴՈԿԻ ՄԸ ՀԵՏ ԽՆԴԻՐ ՄԸ ՈՒՆԵՆԱՔ, հաճեցէք չվարանիլ զայն համաժողովի Իջեւանելու Բաժինի տեսուչին ուշադրութեան յանձնել, որպէսզի ձեզի օժանդակէ հարցը անմիջապէս լուծելու։
17 Համաժողովի յանձնախումբը ժրաջան կ’աշխատի որպէսզի յարմար դիւրութիւններ մատչելի ըլլան եւ մեր եղբայրները կարելի եղածին չափ ծախս խնայեն։ Ուստի բոլորին օգտին համար է ամբողջովին համագործակցիլը Ընկերութեան իջեւանելու կարգադրութեան հետ։ Ցանկը համագործակցող պանդոկներու լաւորակ դիւրութիւններու ընտրութիւն մը կու տայ։ Այս կարգադրութեամբ, մեր նպատակակէտն է համաժողովի բոլոր պատուիրակներուն օգնել որ կարելի եղածին չափ հանգստաւէտ ու խնայող կերպով իջեւանեն, որպէսզի կարենան համաժողովի ընտիր հոգեւոր յայտագիրը լիովին վայելել։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային միջոցաւ Եհովայի ըրած այս հայթայթումին ձեր հաւատարիմ աջակցութիւնը խորապէս կը գնահատենք։
Նշմար Երէցներու Մարմինին. Յունուար 1–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովէն առաջ, հաճեցէք չկարդալ 15 Դեկտեմբեր 1995–ի Ընկերութեան ղրկած համաժողովի նշանակումի նամակը եւ ձեր ժողովքին համար եղած Յանձնարարուած Վարձասենեակներու Ցանկին առաջին ու վերջին պարբերութիւնները։ Այդ ժողովէն ետք, նամակը եւ ցանկը ցուցատախտակին վրայ կախեցէք։ Երէցները պէտք ՉԷ փոխեն այդ շաբթուան իրենց Ծառայութեան Ժողովին օրը, զայն աւելի առաջ ընելով, բացի եթէ շրջանային տեսուչը ժողովքին կ’այցելէ։ ԱՅՍ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԷՆ ԱՌԱՋ ՈՉ ՈՔ, ԵՐԷՑՆԵՐԸ ՆԵՐԱՌԵԱԼ, ՊԱՆԴՈԿԻ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԷՏՔ Է ԸՆԷ։ Կարելի եղածին չափ, ժողովքին քարտուղարը պէտք է ձեռք առնէ համաժողովին վերաբերեալ նիւթերն ու ծանուցումները ապագայ Ծառայութեան Ժողովներու մէջ, բացի եթէ այլապէս նշուած է կամ ինք չի կրնար ասիկա ընել։
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Սենեակ մը Ձեռք Ձգելու Համար
◼ 1996–ի Յանձնարարուած Վարձասենեակներու Ցանկը կախուելէ ետք, ձեր ընտրած պանդոկին հեռաձայնեցէք։
◼ Դուք ձեզ բնորոշեցէք որպէս Եհովայի Վկաներէն մէկը կամ պատուիրակ մը՝ Դիտարանի համաժողովին ներկայ ըլլալու։
◼ Պատրաստ եղէք որ մէկ գիշերուան կանխավճարը ղրկէք վերապահութիւնը ընելէ անմիջապէս յետոյ։
◼ Եթէ բոլոր պանդոկները կամ ննջասրահները լեցուած են, հաճեցէք յաջորդ ցանկը համբերութեամբ սպասել։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Կերպեր՝ Որոնցմով Կրնաք Համագործակցիլ
◼ Համաժողովի քաղաքին մէջ գտնուող պանդոկներու մի՛ հեռաձայնէք, անոնց հարցնելով թէ ընթացիկ ցանկին մէ՞ջ են կամ համաժողովին համար Դիտարանի մասնայատուկ սակեր ունի՞ն։ Նաեւ, հաճեցէք նոյն պանդոկը չգործածել տարիէ տարի առանց նախ ստուգելու թէ ան ընթացիկ ցանկին մէջ որոշապէս կը գտնուի։
◼ Մի՛ ընդունիք ընթացիկ ցանկին մէջ յիշուած սակէն աւելի բարձր գին մը վճարել պանդոկի սենեակի մը համար, Հինգշաբթի եւ Կիրակի իրիկունները ներառեալ։
◼ Հաճեցէք ձեր վերապահութիւնները չընել պանդոկի մը հետ զոր գործածելու մտադիր չէք կամ մէկէ աւելի պանդոկներու հետ, այն միտքով թէ սենեակները աչքէ կ’անցընէք, լաւագոյնը կ’ընտրէք ու մնացածը կը ջնջէք։ (Մատթ. 5։37) Ասիկա անարդարութիւն է, քանի որ պանդոկներուն արգելք կը հանդիսանայ գործ մը ձեռք ձգելու եւ ուրիշ հրատարակիչներ կը զրկէ այս սենեակները գործածելէ, որոնք յաճախ մեծապէս պիտանի են։
◼ Ձեզի եւ ուրիշներու համար սենեակներ մի՛ վերապահէք առանց անուններ տալու եւ իւրաքանչիւր սենեակի համար անմիջապէս կանխավճար ղրկելու։
◼ Օրէնքին ու վարչութեան արտօնածէն աւելի անհատներ մի՛ դնէք սենեակին մէջ, որ բնականաբար չորս կամ հինգ անհատէ աւելի չէ, պզտիկները ներառեալ։ Յիշեցէք, կը վճարէք սակ մը որ հիմնուած է ՁԵՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԾ անհատներու թիւին վրայ, որոնք սենեակին մէջ պիտի ըլլան։