«Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը»—Եհովայի Վկաներու 1999–ի Նահանգային Համաժողով
1 Երբ Իսրայելացիները անապատին մէջ էին, Եհովա Մովսէսին պատուիրեց որ երկու հատ արծաթէ փող շինէ։ Երբ միայն մէկ փողը հնչուէր, ցեղերուն իշխանները պէտք էր խորանին դուռը հաւաքուէին։ Երբ երկու փողերը հնչուէին, կը նշանակէր թէ բոլոր Իսրայէլ պէտք էր համախմբուէր։ (Թուոց 10։1-4) Ներկայիս, չե՞նք խայտար երբ փողանման ծանուցումներ լսենք, որոնք մեզ կը հաւաքեն մեր նահանգային տարեկան համաժողովներուն համար։ Մեր համաժողովներուն Եհովայէ հրահանգներ եւ առաջնորդութիւն կը ստանանք, իր Խօսքին եւ իր կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչներուն միջոցաւ։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ հաստատօրէն յարատեւենք։ Չե՞նք ուրախանար երբ տեսնենք հազարաւոր, թերեւս տասնեակ հազարաւոր հաւատարիմ հաւատակիցներ, որոնք միասնաբար հաւաքուած են սիրով եւ խաղաղութեամբ։ Վստահաբար կ’ուրախանանք։—Սաղմ. 122։1, 7, 8
2 1998–ին, Մայիսէն սկսեալ մինչեւ Սեպտեմբեր, «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» բնաբանով 198 Նահանգային եւ Միջազգային Համաժողովներ տեղի ունեցան 69 քաղաքներու մէջ, Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին։ Համաժողովի չորս քաղաքներու մէջ՝ (Լոնկ Պիչ եւ Սան Տիէկօ, Գալիֆորնիա. Փոնթիաք, Միչիկըն. եւ Հիւսթըն, Թէքսաս) եղբայրներ ու քոյրեր աշխարհի չորս կողմերէն հազարաւոր պատուիրակներ հիւրընկալեցին, որոնք 1978–էն ետք, Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին գումարուած միջազգային համաժողովներուն ներկայ կ’ըլլային։ Լեզուներու այլազանութիւնը, համաժողովներուն ընթացքին ջերմ սէր ցուցաբերուելու արգելք չհանդիսացաւ։ Իրենց տան մէջ օտար պատուիրակներ հիւրընկալող եղբայրները, յաւելեալ հաճելի ընկերակցութիւն վայելեցին։ Միսիոնարներ եւ միջազգային ծառաներ Միացեալ Նահանգներ վերադարձան համաժողովներուն ներկայ գտնուելու համար։ Անոնց ներկայութիւնը բոլորին համար հոգեւորապէս քաջալերական եղաւ։ Մինչ միասնաբար պիտի հաւաքուինք 1999–ի նահանգային համաժողովին համար, յաւելեալ պատեհութիւններ պիտի ունենանք մեր թանկագին եղբայրակցութիւնը վայելելու եւ Եհովայի տուած միութեան համար Իրեն շնորհակալութիւն յայտնելու։
3 Իջեւան Ապահովել. Կարգադրութիւններ եղած են որ համաժողովի վայրին մօտիկ յարմար իջեւաններ ապահովուին։ Ամէն տարի, ուրախութեամբ ձեզի տեղեկութիւն կը հայթայթենք համաժողովի նկատմամբ իջեւանի կարգադրութիւններ ընելու շուրջ, եւ մեծապէս կը գնահատենք ձեր համագործակցութիւնը եւ նեցուկ կանգնիլը։ Իջեւանի տեղական Գրասենեակը պատրաստած է Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներու Ցանկ մը, պանդոկներ, որոնք պատրաստ են վերապահումներ ընդունելու։ Հաճեցէք այս յաւելուածականին՝ «Իջեւանի Ձեր Վերապահումները Ընելու Համար Քայլեր», խորագրով շրջագծին մէջ յիշուած ուղղութիւններուն հետեւիլ։ Հրդեհի եւ ապահովութեան օրէնքներուն պատճառաւ, պէտք է ծրագրէք որ առաւելագոյնը չորս անհատներ ըլլան մէկ սենեակի մէջ։ Եթէ պանդոկ մը մէկ սենեակի մէջ չորս անհատներէ աւելի կը թոյլատրէ, ասիկա յստակօրէն պիտի յիշուի Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներու Ցանկին մէջ։
4 Ձեր համաժողովին համար մատչելի պանդոկները Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներուն առաջին Ցանկին վրայ դրուած են։ Միմիայն երբ այս պանդոկները լեցուին, նորոգուած ցանկ մը պիտի ղրկուի ձեր ժողովքին։ Կը խնդրենք որ ձեր վերապահումը ընելէն ետք, զայն չփոխէք։ Ձեր վերապահումները մէկ պանդոկէն միւսը մի՛ փոխէք, նոյնիսկ եթէ հետագայ ցանկի մը վրայ աւելի մօտիկ կամ աւելի յարմար պանդոկ մը աւելնայ։ Ցանկին վրայ յաւելեալ պանդոկներ կ’աւելնան, ոչ թէ արդէն վերապահումներ ունեցողներուն յաւելեալ ընտրութիւն մը տալու համար, այլ, որովհետեւ կան եղբայրներ ու քոյրեր որոնք տակաւին սենեակներու կարիքը ունին։ Այս ուղղութիւններուն հետեւիլը, մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն հանդէպ սէր ցուցաբերելու պատեհութիւնը կու տայ մեզի։—Ա. Կորն. 10։24. Ա. Տիմ. 6։8
5 Եթէ ցանկին վրայ եղած բոլոր պանդոկներուն հեռաձայնելէ ետք մատչելի սենեակներ չգտնուին, ձեր ժողովքի քարտուղարը տեղեակ պահեցէք եւ ան Իջեւանի Գրասենեակին հետ կապ պիտի պահէ, գործածելով իւրաքանչիւր ցանկին վերը յիշուած հասցէն կամ հեռաձայնի թիւը։ Սովորաբար, ցանկին վրայ գտնուող պանդոկներ երբ համաժողովի ժամանակը մօտենայ յաւելեալ սենեակներ մատչելի կը դարձնեն։ Երբ Իջեւանի Գրասենեակը ասիկա կարգադրէ, այդ պանդոկները պիտի աւելնան նորոգուած ցանկի մը վրայ։ Փոխանակ ձեր ցանկին վրայ չեղող պանդոկներէն վերապահումներ ընելու, հաճեցէք նոր ցանկերը սպասել։
6 Պանդոկներուն Կանխավճար Ղրկել. Սենեակի մը վերապահութիւնը կ’երաշխաւորէք միմիայն երբ պանդոկը ձեր կանխավճարը ստանայ։ Իւրաքանչիւր ապահովուած սենեակի համար, մէկ գիշերուան կանխավճար պահանջուած է, վերապահութիւնը ընելէն ետք տասը օրուան միջոցին։ Եթէ կանխավճար մը չտաք, պանդոկը իրաւունք ունի ձեր սենեակը ուրիշի մը տալու։
7 Պանդոկի Մէջ Ծագած Խնդիրները Ձեռք Առնել. Եթէ պանդոկի մը հետ որեւէ խնդիր ունենաք, տեղւոյն Իջեւանի Գրասենեակը կը փափաքի այս մասին տեղեակ ըլլալ, ձեզի աջակցելու համար։ Համաժողովէն առաջ կամ վերջ եթէ որեւէ դժուարութեան հանդիպիք, կրնաք Իջեւանի Գրասենեակին գրել կամ հեռաձայնել, գործածելով Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներու Ցանկին վերը յիշուած հասցէն կամ հեռաձայնի թիւը։ Եթէ խնդիր մը ծագի համաժողովի միջոցին, պէտք է հարցը համաժողովի Իջեւանի Գրասենեակին ուշադրութեան յանձնէք, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն լուծել, պանդոկը ձգելէ առաջ։
8 Ուրիշ Համաժողովի մը Երթալ. Եթէ կը ծրագրէք ձեր ժողովքին նշանակուած համաժողովէն տարբեր համաժողովի մը երթալ, ձեր ժողովքի քարտուղարը կրնայ ձեզի տալ ձեր յաճախելիք համաժողովին կեդրոնատեղիին հասցէն։ Երբ իջեւանելու կամ որեւէ յաւելեալ տեղեկութիւն խնդրէք, ձեր խնդրանքին հետ պարփակեցէք նամակադրոշմ մը ու ձեր անձնական հասցէն կրող նամակի պահարան մը։ Եթէ այդ քաղաքին մէջ մէկէ աւելի համաժողովներ կան, չմոռնաք յիշել ձեր յաճախելիք համաժողովին թուականը։
9 Մասնայատուկ Կարիքներ Ունեցողներուն Օգնել. Հաճեցէք արթուն ըլլալ տարեցներուն, ֆիզիքապէս անկարողներուն, լման ժամանակով ծառայողներուն կամ ձեր ժողովքի ուրիշ անդամներուն, որոնք թերեւս օգնութեան կարիքը ունենան համաժողովի ներկայ գտնուելու համար։ Ազգականներ, երէցներ ու ժողովքին մէջ ուրիշներ, որոնք տեղեակ են անոնց յատուկ պարագաներէն, սիրալիր կերպով կրնան անհրաժեշտ եղող կարգադրութիւնները ընել։—Բաղդատել՝ Ա. Տիմոթէոս 5։4։
10 Ընկերութեան՝ Մասնայատուկ Կարիքներու Համար Իջեւանի Խնդրագիրը, կը յիշէ թէ ի՛նչ պայմաններ պէտք է լեցնեն այս պատճեն տալու համար։ Այս կարգադրութիւնը միայն օրինակելի հրատարակիչներու համար է, մէջը ըլլալով իրենց լաւ վարք ունեցող զաւակները, որոնք Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին հաւանականութիւնը ունին։ Այս խնդրագիրները Իջեւանի Գրասենեակին պէտք է ղրկուին կարելի եղածին չափ շուտ, գործածելով պատճենին ետեւը յիշուած համաժողովի հասցէն։
11 Գնահատութիւն Արտայայտել. Վկայ ընտանիք մը, իրենց իջեւանած պանդոկի տնօրէնին գրեց. «Ձեր պանդոկը մինչեւ հիմա մեր ընտանիքին իջեւանած պանդոկներուն մէջ լաւագոյնն էր։ Սենեակները շատ մաքուր էին եւ մեզի հարկ եղած բոլոր պիտոյքները հայթայթուած էին։ Շատ հաճելի շաբաթավերջ մը վայելեցինք, ձեր պանդոկին մէջ բոլորին ցուցաբերած համագործակցութեան հոգիին պատճառաւ։ Շնորհակալ ենք որ Դիտարանի Համաժողովներու կարգադրութեանց մէջ դուք ալ բաժին բերիք, մեր կարողութեան համաձայն սակեր հայթայթելով»։ Դուք ալ ձեզի համար եղած բազմաթիւ կարգադրութիւններուն համար երախտապա՞րտ էք։ Ընկերութեան համար հաճոյք է համաժողովի ժամանակաշրջանին, հանգիստ ու դիւրամատչելի իջեւաններ հայթայթել, թոյլ տալով որ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք համաժողովին ու յայտագրին հոգեւոր օգուտներուն վրայ։
12 Համաժողովներու ընթացքին մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ցուցաբերած լաւ վարքին պատճառաւ, Եհովայի անուան ուղղուած փառաբանութիւններ լսելը քաջալերական է։ Պանդոկի մը պաշտօնեան ըսաւ. «Ձեր պատուիրակները մեր պանդոկին մէջ գտնուող լաւագոյն անհատներն են»։ Ուրիշ մը ըսաւ. «Ձեր պատուիրակներուն համար վերապահումներ ընելը մեզի համար հաճոյք է։ Բոլորն ալ քաղաքավար են եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ունին։ Ձեր խումբին հետ աշխատիլը շատ դիւրին է»։ Ճաշարանի մը տնօրէնուհին ըսաւ. «Մեզի համար հաճոյք է մեր քաղաքին մէջ խումբ մը մարդիկ ունենալ, որոնցմով հպարտ կրնանք զգալ»։ Ճաշարանը 10 առ հարիւր զեղչ ըրաւ, ոեւէ պատուիրակի որ համաժողովի լանջանշանը կը կրէր։ Իսկ պանդոկի մը տնօրէնը ըսաւ. «Ձեզ մեր պանդոկին մէջ հիւրընկալելը մեզի համար հաճոյք էր»։ Այս արտայայտութիւնները, դրսեցիներուն կողմէ հոյակապ վկայութիւններ են։ Մեր վաստկած լաւ համբաւը Եհովան կը փառաբանէ եւ կը ձգէ որ ան մեզմով հպարտ զգայ։—Ա. Թես. 4։11. Ա. Պետ. 2։12
13 Կը քաջալերենք որ հիմա իսկ ձեր կարգադրութիւնները ընէք, «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» բնաբանով 1999–ի Նահանգային Համաժողովին երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուելու համար։ Մենք ալ ձեզի հետ անձկագին կը սպասենք, որպէսզի Աստուած պաշտողներու միացած բազմութեան հոգեւոր «ուրախութեան ու օրհնութեան ձայն»ը լսենք։ (Սաղմ. 42։4) Թող որ Եհովա օրհնէ մեր հոգեւոր, յարատեւ բարգաւաճութեան համար եղած բոլոր կարգադրութիւնները։
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Յայտագրին ժամերը
Ուրբաթ եւ Շաբաթ
9։30 կ.ա. – 5։00 կ.ե.
Կիրակի
9։30 կ.ա. – 4։00 կ.ե.
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Իջեւանի Ձեր Վերապահումները Ընելու Համար Քայլեր
1. Պանդոկներուն հեռաձայնեցէք գործի սովորական ժամերուն (եթէ կարելի է Յունուարին)։
2. Պանդոկին տեղեկացուցէք որ դուք Դիտարանի Համաժողովին ներկայ եղող Եհովայի Վկաներէն մէկն էք։
3. Պանդոկին մէջ ձեր կեցութեան թուականները տուէք։
4. Վստահ եղէք որ Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներու Ցանկին վրայ եղած սակը/սակերը պիտի վճարէք։ Մերժեցէք բարձր սակ մը։
5. Եթէ մատչելի սենեակներ չկան, ցանկին վրայ յիշուած ուրիշ պանդոկի մը հեռաձայնեցէք։
6. Ձեր վերապահումները ըրէք եւ զայն վաւերացնող թիւ մը խնդրեցէք։
7. Ձեր կանխավճարը վարկաքարտով, դրամատոմսով կամ վճարագրով ըրէք։ Հաճեցէք թղթադրամ ՉՈՒՂԱՐԿԵԼ։ Եթէ կանխավճարում ընէք
Վարկաքարտով. Պանդոկին պատուիրեցէք որ ձեր կանխավճարը անմիջապէս գանձէ վարկաքարտէն։
Դրամատոմսով կամ վճարագրով. Վաւերացնող թիւը առջեւը գրեցէք եւ տասը օրուան մէջ նամակատան միջոցաւ ուղարկեցէք։
Հաճեցէք Նաեւ Նկատի Առնել.
◆ Միայն Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներու Ցանկին մէջ յիշուած պանդոկներուն մէջ իջեւանեցէք։
◆ Միայն ձեր եւ ձեր հետ մասնայատուկ կարգադրութիւններ ընող անհատներուն համար սենեակ/սենեակներ վերապահեցէք։
◆ Ձեր սկիզբի վերապահումը պահեցէք։