«Աստուծոյ Սահմանած Կենցաղը» Եհովայի Վկաներու 1998–ի Նահանգային Համաժողով
1 Տարուէ տարի, Եհովայի արդի երկրպագուները համայն աշխարհի մէջ ակնկառոյց կը սպասեն նահանգային համաժողովներուն մեծ թիւերով հաւաքուելու։ Այս կեցուածքը կը ցոլացնէ վաղեմի Իսրայէլի մէջ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն ցուցաբերած հոգին, որոնք ուրախութեամբ 122–րդ Սաղմոսին խօսքերը կ’երգէին մինչ Երուսաղէմ կը ճամբորդէին, Եհովան պաշտելու համար։ Այդ Սաղմոսին առաջին համարը կ’ըսէ. «Կ’ուրախանայի երբ ինծի կ’ըսէին. ‘Տէրոջը տունը երթանք’»։ Ասկէ զատ, այսպիսի առիթներուն յաւելեալ ապացոյցներ կը տեսնենք թէ Եսայեայ 2։2, 3–ի ներշնչեալ խօսքերը կը կատարուին։
2 Այս տարի, ուրախանալու մասնաւոր պատճառ ունինք, քանի որ երկրագունդի բոլոր կողմերէն եկած հազարաւոր պատուիրակները միջազգային երեւոյթ մը պիտի տան կարգ մը մեծ նահանգային համաժողովներուն։ Այս համաժողովներուն ներկայ պիտի գտնուին միսիոնարներ, որոնք պիտի վերադառնան իրենց ընտանիքներն ու բարեկամները այցելելու։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր վայրի մէջ համաժողովի յայտագիրը պիտի պարփակէ դաշտի ծառայութեան փորձառութիւններ եւ ուրիշ երկիրներու մէջ Թագաւորութեան քարոզչութեան գործին արձանագրած յառաջդիմութեան մասին տեղեկագիրներ։
3 Անշուշտ, միայն միջազգային համաժողովներու շրջանը գտնուող ժողովքները պիտի հրաւիրուին այդ հաւաքոյթներուն։ Կենսական է որ ամէն անհատ յարգէ այս սահմանափակումները, որպէսզի բոլոր համաժողովները կարգապահութեամբ տեղի ունենան։ Միջազգային երեւոյթը բացայայտ պիտի ըլլայ բոլոր նահանգային համաժողովներուն, յայտագրի կարգ մը մասերուն եւ տեղեկագրութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ միսիոնարներուն ներկայութեամբ։
4 Մինչ 1998–ի «Աստուծոյ Սահմանած Կենցաղը» Նահանգային Համաժողովի պատրաստութիւնները կը շարունակուին, կը փափաքինք վերաքաղ ընել կարգ մը տեղեկութիւններ, որոնց կարիքը պիտի ունենաք պանդոկի սենեակներ ապահովելու համար։ Ձեր լման համագործակցութիւնը՝ ձեզի համար եղած այդ բոլոր կարգադրութիւններուն հանդէպ ձեր անձնական գնահատութիւնը ցոյց պիտի տայ։
5 Իջեւան Ապահովել. Երբ Ծառայութեան Ժողովին այս յաւելուածականը նկատի առնուի, ձեր նահանգային համաժողովի նշանակումի նամակը ժողովքին պիտի կարդացուի։ Այդ գիշեր ժողովէն ետք ձեր նահանգային համաժողովին համար Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներուն Ցանկը պիտի դրուի ժողովքի ցուցատախտակին վրայ։ Այս Ծառայութեան Ժողովին նահանգային համաժողովի նշանակումի նամակը կարդացուելէն առաջ, ո՛չ երէցները, ո՛չ ալ ուրիշներ ՈՐԵՒԷ պանդոկի մէջ սենեակներ պէտք է ապահովեն։ Գալիք համաժողովին համար մատչելի պանդոկները առաջին Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներուն Ցանկին վրայ դրուած են։ Միմիայն երբ այս պանդոկները լեցուին, նորերը պիտի աւելցուին եւ նորոգուած ցանկ մը պիտի ղրկուի ձեր ժողովքին։ Եթէ կարելի է, ձեր վերապահումները Յունուարի ընթացքին ըրէք, առաջին Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներուն Ցանկէն։
6 Եթէ ձեր ընտրած պանդոկը լեցուն է, ուրիշի մը հեռաձայնեցէք, մինչեւ որ տեղ մը ապահովէք։ Եթէ ցանկին վրայ եղած բոլոր պանդոկներուն հեռաձայնելէ ետք մատչելի սենեակներ չգտնուին, ձեր ժողովքի քարտուղարը տեղեակ պահեցէք եւ ան Իջեւանի Գրասենեակին հետ կապ պիտի պահէ, հեռաձայնելով Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներուն Ցանկին վերը յիշուած թիւին։ Ցանկին վրայ պանդոկներու անուններ պիտի աւելնան ու նոր ցանկ մը պիտի ուղարկուի ձեր ժողովքին։ Փոխանակ ձեր վերապահումները ընելու ցանկին վրայ չեղող պանդոկներու մէջ, հաճեցէք նոր ցանկեր սպասել։ Հրդեհի եւ ապահովութեան օրէնքներուն պատճառաւ, պէտք է ծրագրէք որ առաւելագոյնը չորս անհատներ ըլլան մէկ սենեակի մէջ։ Եթէ պանդոկ մը մէկ սենեակի մէջ չորս անհատներէ աւելի կը թոյլատրէ, ասիկա պիտի յիշուի Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներուն Ցանկին մէջ։ Երբ կանխաւ կ’ապահովէք, միշտ պանդոկէն խնդրեցէք որ ձեր վերապահումը վաւերացնող թիւ մը տայ։
7 Պանդոկներուն Կանխավճար Ղրկել. Սենեակի մը վերապահութիւնը կ’երաշխաւորէք միմիայն երբ պանդոկը ձեր կանխավճարը ստանայ։ Առանց կանխավճարի, պանդոկը իրաւունք ունի ձեր սենեակը ուրիշի մը տալու։ Իւրաքանչիւր ապահովուած սենեակի համար, մէկ գիշերուան կանխավճար պահանջուած է, վերապահութիւնը ընելէն ետք տասը օրուան ընթացքին։ Ձեր կանխավճարը կրնաք ընել վարկաքարտով, դրամատոմսով կամ վճարագրով։ Հաճեցէք թղթադրամ չուղարկել։ Եթէ դրամատոմս կամ վճարագիր մը ղրկէք, ձեր վերապահութիւնը վաւերացնող թիւը անոր վրայ դրէք, ապա պանդոկին հետ կապ պահեցէք երկու շաբաթ ետք, հաստատելու համար որ ձեր կանխավճարը ստացած են։ Եթէ ձեր կանխավճարին համար վարկաքարտի մը թիւը տալու ըլլաք, պէտք է պանդոկի պաշտօնեային տեղեկացնէք որ կանխավճարը անմիջապէս ձեր վարկաքարտէն գանձեն։
8 Պանդոկի Վերապահումներ Փոխել Կամ Մէկէ Աւելի Պանդոկներու Մէջ Վերապահումներ Ընել. Նահանգային համաժողովէն առաջ, Իջեւանի Գրասենեակը իւրաքանչիւր պանդոկի հետ կապի մէջ կը մտնէ գիտնալու թէ մեր պատուիրակներուն կողմէ քանի՛ սենեակներ վերապահուած են։ Սենեակներու կարիքը ունեցող մեծ թիւով եղբայրներու եւ քոյրերու պատճառաւ, կը խնդրենք որ կանխաւ ապահովելէ ետք, ձեր վերապահումը մէկ պանդոկէն միւսը չփոխէք, նոյնիսկ եթէ աւելի մօտիկ կամ աւելի բաղձալի հատ մը երեւնայ հետագայ ցանկի մը վրայ։ Այդ պանդոկը ցանկին վրայ աւելցուած է, քանի որ կան եղբայրներ եւ քոյրեր որոնք տակաւին սենեակներու կարիք ունին։ Անիկա աւելցուած չէ որպէսզի անհատներ արդէն իսկ իրենց ապահոված սենեակները փոխեն աւելի լաւի մը հետ։ Նաեւ, հաճեցէք համաժողովի ընթացքին միայն ձեզի պէտք եղած սենեակները վերապահել։ Ուրիշ պատուիրակներու համար սենեակներ մի՛ վերապահէք, բացի եթէ անձնապէս ձեզմէ խնդրած են որ դուք ընէք իրենց վերապահումները։ Մէկէ աւելի պանդոկներու մէջ վերապահումներ ընելը արդարութիւն չէ եւ յաւելեալ աշխատանք կը ստեղծէ թէ՛ պանդոկներուն եւ թէ Իջեւանի Գրասենեակին։
9 Եթէ պանդոկի մը հետ խնդիր մը ունենաք համաժողովի ժամանակամիջոցին, հաճեցէք հարցը համաժողովի տեղւոյն Իջեւանի Գրասենեակին ուշադրութեան յանձնել։ Համաժողովէն առաջ կամ ետք եթէ որեւէ դժուարութեան հանդիպիք, կրնաք Իջեւանի Գրասենեակին տեղեակ պահել, գործածելով Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներու Ցանկին հասցէն եւ հեռաձայնի թիւը։
10 Միայն Ընկերութեան Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներու Ցանկին Վրայ Եղող Պանդոկները Գործածել. Ընկերութիւնը կը ջանայ նահանգային համաժողովներ սարքել հոն՝ ուր աւելի յարմար է մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար։ Թէեւ մեր համաժողովի վայրերուն յարմարութիւնը կը թոյլատրէ որ բազմաթիւ եղբայրներ ամէն օր տուն վերադառնան, տակաւին պանդոկի սենեակները անհրաժեշտութիւն մը կը մնան։ Անցեալ տարի, 1,095 պանդոկներ գործածուեցան 66 տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած 194 նահանգային համաժողովներու համար։ 1998–ի համար, Ընկերութիւնը կը փորձէ համաժողովի վայրերուն աւելի մօտ եղող պանդոկներու մէջ սենեակներ ապահովել։ Ամէն տարի, մեր եղբայրներուն կոչ կ’ընենք որ վերապահումներ ընեն միմիայն Ընկերութեան Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներու Ցանկին վրայ եղած պանդոկներուն մէջ։ Այս ուղղութեան անսալով ի՞նչ բաներ կ’իրագործուին։
11 Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն դրամի խնայողութիւն կ’ըլլայ. Երբ պանդոկներ կը համագործակցին Ընկերութեան կարգադրութեանց հետ, սենեակի սակերը աւելի նուազ կ’ըլլան մեր եղբայրներուն համար։ Այս յաւելեալ գումարները փոխանակ պանդոկներուն երթալու, կրնան աւելի լաւ բաներու համար գործածուիլ՝ մեր եղբայրներու ու քոյրերու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ՝ երկրածաւալ գործին նպաստելու համար։ Նոյնիսկ եթէ անհատապէս ի վիճակի ենք աւելի սուղ պանդոկ մը իջեւանելու, պէտք է նեցուկ կանգնինք Իջեւանի Գրասենեակին ջանքերուն, գործածելով միմիայն Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներու Ցանկին վրայ եղած պանդոկները։ Ասիկա Ա. Յովհաննու 3։17–ի մէջ նկարագրուած եւ Ա. Կորնթացիս 10։24–ի սկզբունքին ետին գտնուող՝ ուրիշներով հետաքրքրուած ըլլալու հոգին է։
12 Ընկերութեան ուղղութիւններուն հնազանդութիւն ցոյց կու տանք. Այս կէտը մեր գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ։ Եբրայեցիս 13։17–ն կ’ըսէ. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ»։ Այս ուղղութեամբ մեր համագործակցութիւնը կը խնդրուի ամէն տարի միայն երկու կամ երեք օրուան համար։ Եթէ նոյնիսկ անձնապէս տարբեր բան մը կը նախընտրէիք, մեր եղբայրներուն կողմէ նկատուած մեր լաւ օրինակը, սիրալիր, միացեալ ու աջակցող հոգի մը պիտի քաջալերէ։—Տես՝ Ա. Կորնթացիս 16։16. Փիլիպպեցիս 2։1-4։
13 Մասնայատուկ Կարիքներ. Տարեցները, ֆիզիքապէս անկարողները, լման ժամանակով ծառայողները կամ ուրիշներ թերեւս օգնութեան կարիքը ունենան համաժողովի ներկայ գտնուելու համար։ Ազգականներ, երէցներ ու ժողովքին մէջ ուրիշներ որոնք տեղեակ են անոնց յատուկ պարագաներէն, սիրալիր կերպով կրնան անհրաժեշտ եղող կարգադրութիւնները ընել, ընտանեկան եւ ժողովքային պատասխանատուութիւնը համաժողովը կազմակերպողներուն վրայ չդնելով։—Բաղդատել՝ Ա. Տիմոթէոս 5։4։
14 Անոնց նկատմամբ որոնք այս կերպով չեն կրնար հոգացուիլ, Ընկերութեան՝ Մասնայատուկ Կարիքներու Համար Իջեւանի Խնդրագիրը կը յիշէ Մասնայատուկ Կարիքներու համար պատճեն մը ներկայացնելու որակումները։ Այս կարգադրութիւնը միայն օրինակելի հրատարակիչներու համար է, մէջը ըլլալով իրենց լաւ վարք ունեցող զաւակները, որոնք Ժողովքին Ծառայութեան Յանձնախումբին կողմէ ընդունուած են։ Մասնայատուկ Կարիքներու Համար Իջեւանի Խնդրագիր մը ներկայացնելէ առաջ, ուշադրութեամբ կարդացէք այս խնդրագրին վարը յիշուած տեղեկութիւնը։ Այս խնդրագիրները Իջեւանի Գրասենեակին պէտք է ղրկուին կարելի եղածին չափ շուտով։ Հաճեցէք Մասնայատուկ Կարիքներու պատճենին ետեւը յիշուած համաժողովի հասցէն գործածել։
15 Ուրիշ Համաժողով մը Յաճախել. Իւրաքանչիւր ժողովք նշանակուած է ամենամօտ նահանգային համաժողովին։ Իւրաքանչիւր համաժողովին նշանակուած հրատարակիչներուն հիման վրայ, Ընկերութիւնը մօտաւորապէս կը հաշուէ ներկաներու թիւը, որպէսզի անոնց համար բաւարար նստարաններ, սենեակներ, գրականութիւն եւ հարկ եղած ուրիշ բաներ հայթայթէ։ Եթէ ստիպուած էք ուրիշ համաժողով մը յաճախել, թերեւս կարիքը ունենաք ուրիշ բաներու կողքին, իջեւանելու եւ կառատունի տոմսակներու նկատմամբ տեղեկութիւն ստանալ։ Ժողովքի քարտուղարէն կրնաք խնդրել որ ձեզի տայ ձեր յաճախելիք համաժողովին կեդրոնատեղիին հասցէն։ Ասիկա կրնաք գտնել Մասնայատուկ Կարիքներու Համար Իջեւանելու Խնդրագրին ետեւը։ Երբ ընթացիկ Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներու Ցանկը կամ որեւէ յաւելեալ տեղեկութիւն խնդրէք որու կարիքը ունիք, չմոռնաք պարփակել նամակադրոշմ մը ու ձեր անձնական հասցէն կրող նամակի պահարան մը։ Եթէ այդ քաղաքին մէջ մէկէ աւելի համաժողովներ կան, չմոռնաք յիշել ձեր յաճախելիք համաժողովին թուականը։
16 Եզրափակում. Պանդոկի անձնակազմերու կողմէ եղած մեկնաբանութիւնները ցոյց կու տան որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը բարեպաշտ յատկութիւններ ցուցաբերելու մէջ գովասանքի արժանի են։ Պանդոկի մը տնօրէնութիւնը ըսաւ թէ Եհովայի Վկաները «մեր հիւրասիրած ամենէն վայելուչ եւ ամենալաւ վարքը ունեցող խումբն են»։ Ուրիշ մը ըսաւ. «Պէտք զգացի պանդոկի անձնակազմին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի։ Ձեր պատուիրակները արժանի են գովաբանուելու, որպէս ամենէն վայելուչ, հաճելի եւ բարեկիրթ խումբերէն մէկը, որու ծառայելու հաճոյքը ունեցանք։ Ասիկա ձեր կազմակերպութեան արժանիքներուն եւ մարդկութեան հանդէպ անկեղծ յարգանքին իսկական ցոլացումն է։ Անհամբեր կը սպասենք ձեզ դարձեալ հիւրասիրելու»։ Անցեալ տարուան նահանգային համաժողովին համար կանխաւ սենեակ ապահովելու ժամանակ, վերապահումներ ընող պանդոկի մը պաշտօնեան հետեւեալը ըսաւ քրոջ մը. «Կրնամ անմիջապէս զանազանել երբ հեռաձայնով հետս խօսողը Եհովայի Վկայ մըն է։ Դուք միշտ քաղաքավար, ջերմ եւ խօսուն էք։ Ես որ Մկրտչական մըն եմ, միշտ կը հիանամ ձեր վրայ, բոլորդ ալ գովասանքի արժանի էք»։ Այսպիսի արտայայտութիւններ լսելը հաճելի է, այնպէս չէ՞։ Եհովայի սիրտը կը ցնծայ երբ եղբայրներու ու քոյրերու վարքին շնորհիւ անհատներ այսպէս կ’արտայայտուին։
17 Ընկերութիւնը բազմաթիւ նամակներ կը ստանայ եղբայրներէ ու քոյրերէ, որոնք իրենց համար եղած կարգադրութիւններուն համար գնահատական խօսքեր կ’ուղղեն։ Իլլէնոյէն ընտանիք մը հետեւեալը ըսաւ. «Կը փափաքինք ձեզի ըսել որ նահանգային համաժողովին համար երախտապարտ ենք։ Կը գիտակցինք որ անիկա բազմաթիւ եղբայրներու ժրաջան աշխատանքին արդիւնքն էր։ Այս նամակով ուզեցինք մեր շնորհակալութիւնը յայտնել»։ Միշիկընէն քոյր մը գրեց. «Իմ սրտագին շնորհակալութիւններս կ’ուզեմ յայտնել այն բոլոր եղբայրներուն որոնք իջեւանելու կարգադրութեանց մէջ բաժին բերին։ Ամուսինս ու ես կը գնահատենք աւելի նուազ սակերը, քանի որ միայն ամուսինիս եկամուտով կ’ապրինք, որպէսզի կարենամ ռահվիրայութիւնս շարունակել։ Այս կարգադրութիւնները կը ձգեն որ համաժողովէն շատ աւելի օգտուինք»։
18 Մեր բոլորին յստակ է որ Եհովա թիկունք կը կանգնի տարեկան համաժողովներու կարգադրութեան։ Քանի որ նահանգային համաժողովներու ճամբորդող բազմաթիւ եղբայրներ սենեակներու պահանջք ունին, վստահ կրնանք ըլլալ որ Եհովա յարմար կերպով պիտի լեցնէ այս կարիքները։ Երբ փաստենք որ «քիչ բանի մէջ հաւատարիմ» ենք, ասիկա որակելի կը դարձնէ մեզ որ Եհովան սիրողներուն վերապահուած հոյակապ օրհնութիւնները ստանանք։—Ղուկ. 16։10
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Պանդոկի Ձեր Վերապահումները Ընել
1. Պանդոկ հեռաձայնեցէք սովորական գործի ժամերուն։
2. Վերապահումներ ընող պաշտօնեայէն ձեր վերապահումը վաւերացնող թիւ մը խնդրեցէք։
3. Ձեր կանխավճարումը ըրէք։ Ձեր դրամատոմսին կամ վճարագրին վրայ վերապահումը հաստատող թիւը գրեցէք։ Թղթադրամ ՄԻ՛ ղրկէք։
4. Եթէ դրամատոմսով կամ վճարագրով վճարէք, երկու շաբաթ ետք պանդոկին հետ կապ պահեցէք ստուգելու համար թէ ձեր կանխավճարը ստացած են։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Ընելիքներ
◼ Ձեր վերապահումները Յունուարի ընթացքին ըրէք։
◼ Ձեր անձը ներկայացուցէք որպէս Եհովայի Վկայ կամ Դիտարանի համաժողովի պատուիրակ մը։
◼ Վերապահումը ընելէն անմիջապէս ետք, ձեր կանխավճարումը ըրէ՛ք։
◼ Միմիայն ձեր անհատական գործածութեան համար սենեակներ վերապահեցէք։
◼ Ձեր առաջին վերապահումը պահեցէք։
[Շրջանակ՝ էջ 6]
Յայտագրին Ժամերը
Ուրբաթ եւ Շաբաթ
9։30 կ.ա. – 5։00 կ.ե.
Կիրակի
9։30 կ.ա. – 4։00 կ.ե.