Եհովայի Վկաներու «Աստուծոյ Հնազանդիլ» Բնաբանով 2005–ի Նահանգային Համաժողով
1 Մեր Մեծ Ուսուցիչը ըլլալով, Եհովա Աստուած կը կարգադրէ որ համախմբուինք, իր ուղիներուն վերաբերեալ հրահանգներ ստանալու համար։ (Եսայ. 30։20, 21, ՆԱ. 54։13) Ան ասիկա կ’ընէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին միջոցով, որ ժողովներ կը կազմակերպէ, ինչպէս՝ մեր տարեկան նահանգային համաժողովը։ (Մատթ. 24։45-47) Մենք սաղմոսերգու Դաւիթի զգացումները կը բաժնենք, որ տաղերգեց. «Ժողովներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնեմ»։ (Սաղմ. 26։12) Դաւիթ ըմբռնած էր Եհովայի կողմէ սորվելուն արժէքը եւ վճռած էր անոր ժողովուրդին մէջ ըլլալ, ամէն անգամ որ համախմբուէին։
2 Այս տարի, «Աստուծոյ Հնազանդիլ» բնաբանով Նահանգային Համաժողովին ներկայ գտնուող բազմութեան մէջ պիտի ըլլա՞ս։ Եթէ այո, հետեւեալ տեղեկութիւնները պիտի օգնեն քեզի, որ հարկ եղած նախապատրաստութիւնները կատարես։
3 Հիմակուընէ Ծրագրէ Ամէն Օր Ներկայ Ըլլալ. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն»։ (Առ. 21։5) Այս խօսքը չի՞ շեշտեր համաժողովին ներկայ գտնուելու համար անյապաղ ծրագիրներ ընելու արժէքը։ Հոգեւորապէս թարմացուցիչ յայտագրէն որեւէ մաս չկորսնցնելու համար, խոհեմութիւն է հիմակուընէ հարկ եղած կարգադրութիւնները ընել, որ երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուիս։ Եթէ ստիպուած ես գործէդ արձակուրդ առնել, հիմա՛ խնդրանքդ ներկայացուր։ Եթէ ծրագիրներուդ մասին պէտք է խօսիս անհաւատ կողակիցիդ հետ, ասիկա մի՛ ըներ վերջին վայրկեանին։ Ի՛նչ դժուարութիւններ ալ դիմագրաւես, անոնց մասին Եհովայի աղօթէ, վստահ ըլլալով որ իր օգնութեամբ «քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին»։ (Առ. 16։3) Ասկէ զատ, լաւ կ’ըլլայ որ Աստուածաշունչի աշակերտներուդ օգնես որ նախապատրաստուին, իւրաքանչիւր նիստին ներկայ գտնուելու համար։
4 Իջեւանի Կարգադրութիւններ. Հանգստաւէտութեանդ համար, արդէն իւրաքանչիւր համաժողովի քաղաքին մէջ իջեւանի կարգադրութիւններ եղած են։ Այս յօդուածը Ծառայութեան Ժողովին մէջ նկատի առնուելէ ետք, մատչելի պանդոկներուն վերաբերեալ Յանձնարարուած Իջեւանի Ցանկ մը պիտի դրուի տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ։ Հաճիս, սենեակներ վերապահէ միայն ցանկին յիշած պանդոկներուն մէջ, եւ վճարէ միայն նշուած սակերը։ Համագործակցութեամբդ մասնաճիւղի գրասենեակը կրնայ շարունակել լաւագոյն սակերով բարձրորակ պանդոկներ ապահովել։ Ի մտի ունեցիր թէ պայման չէ որ բարձրորակ պանդոկները համաժողովի վայրին ամենամօտն ըլլան։ Վերապահում ընելու համար հեռախօսելէ առաջ, աչքէ անցուր «Ի՛նչպէս Կրնաս Իջեւանի Կարգադրութիւններուն Թիկունք Կանգնիլ» շրջանակը։ Հեռախօսելու ատեն, «Պանդոկի Սենեակ մը Վերապահելու Լաւագոյն Կերպը Ի՞նչ Է» շրջանակին նշած կէտերը գործադրէ։
5 Մասնայատուկ Կարիքներ. Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ կարգ մը եղբայրներ իրեն «զօրացուցիչ սատար» եղան։ (Կող. 4։7-11, ՆԱ) Անոնք անձնական ծառայութիւններ կատարեցին Պօղոսի։ Ի՞նչպէս կրնաս համաժողովին առնչութեամբ ուրիշներուն «զօրացուցիչ սատար» ըլլալ։ Տարեց հրատարակիչներ, անկարողներ, լիաժամ ծառաներ եւ ուրիշներ կրնան փոխադրութեան կամ իջեւանի առնչութեամբ գործնական օգնութեան պէտք ունենալ։ Այսպիսիներուն հոգ տանիլը գլխաւորաբար ազգականներուն պատասխանատուութիւնն է։ (Ա. Տիմ. 5։4) Սակայն եթէ ասիկա ընելու կարող չեն, հաւատակիցները կը ջանան ձեռք տալ։ (Յակ. 1։27) Գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչները պէտք է վստահ ըլլան թէ իրենց խումբին մէջ եղող մասնայատուկ կարիքներ ունեցողները, համաժողովէն բաւական առաջ իրենց կարգադրութիւնները կատարած են։
6 Մասնայատուկ Կարիքներու Համար Իջեւանի Խնդրագիր պատճենները մատչելի են միայն այն հրատարակիչներուն, որոնց ընտանիքի անդամները կամ ժողովքը կարող չեն իրենց իջեւանի կարիքներուն հոգ տանիլ։ Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը հրատարակիչին որակումները պէտք է աչքէ անցընէ, գործածելով պատճենին յիշած ուղեգծերը եւ երէցներու մարմիններուն յղուած 14 Դեկտեմբեր 2004 թուակիր նամակը։ Այս կարգադրութիւնը միմիայն լաւ կեցուածք ունեցող հրատարակիչներուն եւ անոնց բարեկիրթ զաւակներուն համար է։
7 Ուրիշ Համաժողովի մը Ներկայ Գտնուիլ. Վստահ ըլլալու համար թէ բաւարար նստարաններ, գրականութիւններ, իջեւաններ, եւ այլ բաներ կան, հրատարակիչները կը քաջալերենք որ իրենց ժողովքին նշանակուած համաժողովին ներկայ գտնուին։ Եթէ պատճառի մը համար տարբեր համաժողովի մը ներկայ պիտի գտնուիս, հաճիս, ժողովքիդ քարտուղարը տես, համաժողովին հասցէն առնելու համար, որ տպուած է Մասնայատուկ Կարիքներու Համար Իջեւանի Խնդրագիր պատճենին ետեւը։ Երբ Յանձնարարուած Իջեւանի Ցանկ կամ որեւէ յաւելեալ տեղեկութիւն խնդրելու ըլլաս, նամակիդ մէջ պարփակէ նամակադրոշմ մը եւ անձնական հասցէդ կրող նամակի պահարան մը։ Եթէ քաղաքին մէջ երկու կամ աւելի համաժողովներ տեղի պիտի ունենան, ընտրած համաժողովիդ թուականը նշէ։
8 Կամաւորներու Կարիք Կայ. Ուրիշներու կարիքներուն խոնարհօրէն հոգ տանելու մէջ Յիսուս կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։ (Ղուկ. 9։12-17. Յովհ. 13։5, 14-16) Համաժողովներուն մէջ աշխատող կամաւորները համանման հոգի մը կ’արտացոլացնեն։ Համաժողովի բաժանմունքներուն կարիքները լեցնելու համար, տեղական Համաժողովի Յանձնախումբերը մօտ ատենէն անհատներ պիտի հրաւիրեն որ իրենց հետ աշխատին։ Յատկապէս կամաւոր երէցներու կարիք կայ, որոնք կրնան նշանակումներ ընդունիլ։ Անոնց յօժարակամ հոգին ժողովքի բոլոր անդամներուն ընտիր օրինակ կը հանդիսանայ։—Ա. Պետ. 5։2, 3
9 Ուրիշներուն Տեսածը. Պանդոկի մը առուծախի բաժանմունքին տնօրինուհին ըսաւ. «Դուք մեր նախասիրած խմբակն էք։ Դուք շատ աւելի քաղաքավար էք, քան՝ որեւէ այլ խմբակ։ Բոլոր սպասեակները կը նշեն թէ իրենց հետ շատ ազնուօրէն կը վարուիք եւ նուէրներ կու տաք։ Իրականութեան մէջ, ամէն ոք կ’ուզէ աշխատիլ այն շաբաթավերջը, երբ հոս էք»։ Ուրիշ պանդոկի մը ներկայացուցիչը ըսաւ. «Միւս բոլոր խմբակներէն աւելի, Եհովայի Վկաներուն հետ աշխատիլը շա՜տ հեշտ է»։ Թերեւս օրինակելի վարքդ նպաստած է վերոյիշեալ խօսքերուն։ Երեւակայէ Եհովայի ուրախութիւնը, երբ կը տեսնէ որ մեր բարքը իրեն փառաբանութիւն կը բերէ։—Ա. Պետ. 2։12
10 ‘Հաւատարիմ տնտեսին’ միջոցով, Եհովա Աստուած կարգադրած որ իր ժողովուրդը յառաջիկայ ամառ համախմբուի, հոգեւոր հրահանգներ ստանալու համար։ (Ղուկ. 12։42) Երեք օրերուն ներկայ գտնուելու համար պատրաստութիւններ տեսնելը ջանք պիտի պահանջէ, բայց կ’արժէ՛։ Այս տարուան «Աստուծոյ Հնազանդիլ» բնաբանով Նահանգային Համաժողովը անկասկած առյաւէտ Եհովայի ծառայելու մեր վճռակամութիւնը պիտի ամրացնէ։ Թող վճռենք սաղմոսերգուին յորդորին անսալ. «Ժողովուրդներուն մէջ Աստուած օրհնեցէ՛ք»։—Սաղմ. 68։26
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Յայտագրին Ժամերը
Ուրբաթ եւ Շաբաթ
9։30 կ.ա. – 5։05 կ.ե.
Կիրակի
9։30 կ.ա. – 4։10 կ.ե.
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Ի՛նչպէս Կրնաս Իջեւանի Կարգադրութիւններուն Թիկունք Կանգնիլ
◼ Միայն այս տարուան Յանձնարարուած Իջեւանի Ցանկին նշած պանդոկներուն մէջ իջեւանէ։ Ցանկին մէջ չեղող պանդոկներուն մի՛ հեռախօսեր եւ մի՛ հարցներ թէ մեր համաժողովին համար յատուկ սակ ունին կամ ոչ։ Ցանկին մէջ չեղող պանդոկները յաճախ պիտի ըսեն թէ Եհովայի Վկաներուն համար յատուկ սակ ունի՛ն։
◼ Հրդեհի վերաբերեալ օրէնքներուն համակերպելու համար, իւրաքանչիւր սենեակի մէջ առաւելագոյնը չորս հոգի թող ըլլայ, ի ներառեալ երախաներ, բացի եթէ ցանկին մէջ «Չափահասներ» ենթագլուխին ներքեւ այլ բան նշուած է։
◼ Եթէ ցանկին մէջ յիշուած բոլոր պանդոկներուն հեռախօսելով մատչելի սենեակներ չգտնես կամ եթէ պանդոկի մը հետ խնդիր ունենաս, ժողովքիդ քարտուղարին իմացուր։ Ան համաժողովիդ Իջեւանի Գրասենեակին հետ կապ պիտի պահէ, գործածելով ցանկին վերը գտնուող տեղեկութիւնները։ Փոխանակ ցանկին վրայ չեղող պանդոկի մը հեռախօսելու, հաճիս, սպասէ մինչեւ որ ժողովքդ վերանայուած ցանկ մը ստանայ։
◼ Վերապահէ միայն այն սենեակները որ իրապէս պիտի գործածես։
◼ Սենեակի մը վերապահումը երաշխաւորելու համար, իւրաքանչիւր վերապահուած սենեակի համար կանխավճար մը պէտք է ընես։ Այլապէս, պանդոկը կրնայ սենեակդ ուրիշ մէկու մը տալ։
◼ Սկիզբի վերապահումդ պահէ։
◼ Եթէ ժողովքը իր շրջանային համաժողովը ունի այն շաբաթը, երբ նահանգային համաժողովի նշանակումին նամակը պիտի կարդացուի, քարտուղարը կրնայ Յանձնարարուած Իջեւանի Ցանկէն օրինակ մը տալ իւրաքանչիւր գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչին, որպէսզի զայն իր խումբին հետ նկատի առնէ։ Ցանկին պատճենը ո՛չ մէկ հրատարակիչի պէտք է տրուի։
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Պանդոկի Սենեակ մը Վերապահելու Լաւագոյն Կերպը Ի՞նչ Է
1. Պանդոկներուն հեռախօսէ սովորական գործի ժամերուն, Յանձնարարուած Իջեւանի Ցանկին մէջ նշուած հեռախօսի թիւերը գործածելով։
2. Պանդոկին տեղեկացուր որ Եհովայի Վկաներու համաժողովին ներկայ պիտի գտնուիս։
3. Պանդոկին մէջ կեցութեանդ թուականները տուր։
4. Եթէ մատչելի սենեակներ չկան, ցանկին մէջ յիշուած ուրիշ պանդոկի մը հեռախօսէ։
5. Մի՛ ընդունիր ցանկին նշած սակէն աւելի բարձր սակ վճարել։
6. Վերապահումդ ըրէ եւ զայն վաւերացնող թիւ մը խնդրէ։
7. Կանխավճարդ վարկաքարտով, դրամատոմսով կամ վճարագրով ըրէ, տասը օրուան մէջ։ Պատրաստ դրամ երբեք մի՛ ղրկեր։ Եթէ կանխավճարը դրամատոմսով կամ վճարագրով ըրիր, վաւերացնող թիւը վրան գրէ։