Եհովայի Վկաներու 2007–ի «Քրիստոսի հետեւեցէք» բնաբանով Նահանգային Համաժողով
1, 2. (ա) Մովսէս Իսրայելացիները ի՞նչպէս քաջալերեց որ իրարու հետ համախմբուելէ օգտուին։ (բ) Հիմակուընէ ի՞նչ պատրաստութիւններ պէտք է սկսինք տեսնել։
1 Մովսէս բոլոր Իսրայելացիներուն եւ օտարներուն նշեց որ ամէն եօթը տարին անգամ մը հաւաքուին եւ Օրէնքին ընթերցանութիւնը մտիկ ընեն։ Ի՞նչ նպատակով։ ‘Որպէսզի լսեն եւ սորվին’։ (Բ. Օր. 31։10-12) Եհովա հարկ տեսաւ որ իր ժողովուրդը մեծ թիւով համախմբուի։ Մօտ ատենէն, Եհովայի ժողովուրդը դարձեալ պիտի համախմբուի երեք օր՝ «Քրիստոսի հետեւեցէք» բնաբանով Նահանգային Համաժողովին։
2 Սկսա՞ծ ես պատրաստութիւններ տեսնել։ Գործատիրոջմէդ արձակուրդ խնդրելու հարկ ունի՞ս։ Կրնա՞ս Աստուածաշունչի աշակերտներուդ կամ ընտանիքիդ անհաւատ անդամներուն օգնել որ քեզի հետ համաժողովին ներկայ գտնուին։ Ժողովքին մէջ ուրիշներ կա՞ն որոնք ներկայ գտնուելու համար օգնութեան պէտք ունին։ Կը ծրագրե՞ս ժողովքիդ նշանակուած համաժողովէն տարբեր համաժողովի մը ներկայ գտնուիլ։ Պանդոկի սենեակի մը կարիք պիտի ունենա՞ս։ Հետեւեալ տեղեկութիւնները քեզի պիտի օգնեն նախապատրաստուելու։
3. (ա) Ներկայիս Եսայեայ 25։6–ի ո՞ր կատարումը տեղի կ’ունենայ։ (բ) Համաժողովի ներկաներուն թիւը յաճախ ի՞նչպէս է Ուրբաթ օրը, եւ անձնապէս ի՞նչ պէտք է ընենք։
3 Երեք օրերուն ալ ներկայ եղիր. Եհովա իր ժողովուրդին համար առատ հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ։ (Եսայ. 25։6) Ասիկա կը պարփակէ մեր տարեկան նահանգային համաժողովին հրամցուած հոգեւոր կոչունքը։ Նկատուած է թէ Ուրբաթ օրուան ներկաներուն թիւը աւելի նուազ է, քան՝ միւս երկու օրերուն թիւը։ Նպատակակէտ դիր համաժողովի թարմացուցիչ երե՛ք օրերը վայելել, զորս Եհովայի կազմակերպութիւնը պատրաստած է մեզի համար։ Եթէ աշխարհային գործէդ արձակուրդ պիտի խնդրես, ասոր մասին աղօթէ, ապա ‘համարձակօրէն’ գործատիրոջդ հետ խօսէ, անմիջապէս որ ժողովքին համաժողովի թուականը ծանուցանուի։ (Ա. Թես. 2։2. Նէեմ. 2։4, 5) Կրնաս իրեն բացատրել թէ այս տարեկան համաժողովը պաշտամունքիդ մէկ մասն է։ Ասիկա կանուխէն ընելը՝ գործատիրոջդ պիտի դիւրացնէ որ հարկ եղած ճշդումները ընէ եւ խնդրանքդ ընդունի։
4. Ի՞նչպէս կրնանք մեր Աստուածաշունչի աշակերտները եւ ընտանիքի անհաւատ անդամները համաժողովին համար նախապատրաստել։
4 Աստուածաշունչի աշակերտներդ ու ընտանիքդ նախապատրաստել. Ո՜րքան հաճելի պիտի ըլլայ, երբ Աստուածաշունչի աշակերտներդ քեզի հետ համաժողովին ներկայ գտնուին ու «մեծ ժողովին մէջ» քրիստոնէական եղբայրութեան ջերմութեան անձնապէս ականատես ըլլան։ (Սաղմ. 22։25) Բաւական առաջուընէ զիրենք տեղեակ պահէ, որպէսզի համաժողովին ներկայ ըլլալու համար ժամանակ տրամադրեն։ Անոնց պատմէ թէ ի՛նչ պատճառներով համաժողովները քեզի համար հաճելի են։ Կրնաս աշակերտին գաղափար մը տալ համաժողովներուն մասին, գործածելով այն տեսաերիզները որոնք համաժողովի տեսարաններ կը բովանդակեն, յատկապէս Միացած՝ աստուածային ուսուցումով տեսաերիզը։ Ծրագիրներդ իմացուր նաեւ ընտանիքիդ Վկայ չեղող անդամներուն։ Թերեւս անոնք կարենան թատերախաղը դիտել, կամ առնուազն մէկ օր քեզի հետ ներկայ գտնուիլ։
5, 6. (ա) Ա. Տիմոթէոս 6։18–ի մէջ ակնարկուած առատաձեռն հոգին ի՞նչպէս կրնանք ցուցաբերել։ (բ) Իջեւանի վերաբերեալ օգնութեան կարիք ունեցողներէն ոմանց աջակցելու համար ի՞նչ կարգադրութիւն եղած է։
5 Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ օգնէ. Պօղոս առաքեալ հարուստ Քրիստոնեաները խրատեց որ «բարիք գործեն, բարի գործերով հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլան»։ (Ա. Տիմ. 6։17, 18) Պօղոսի քաջալերած առատաձեռն հոգին կրնանք ցուցաբերել, եթէ նկատի առնենք տարեցներուն ու անկարողներուն, լիաժամ ծառաներուն, միածնող ընտանիքներուն եւ թերեւս ժողովքի այլ անդամներուն պարագաները, որոնք համաժողովին ներկայ ըլլալու համար օգնութեան կարիք ունին։ Այսպիսիներուն կարիքները գոհացնելը գլխաւորաբար ճշմարտութեան մէջ եղող ազգականներուն պատասխանատուութիւնն է, բայց երէցները եւ ուրիշներ կրնան խորատեսութիւն ցուցաբերել եւ ի պահանջել հարկին ազնուօրէն օգնութիւն մատուցանել։—Գաղ. 6։10. Ա. Տիմ. 5։4
6 Եթէ ժողովքին մէկ անդամը իջեւանի վերաբերեալ օգնութեան կարիք ունի, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը պէտք է որոշէ թէ հրատարակիչը Մասնայատուկ կարիք ունեցողներու իջեւանի խնդրագիր մը ներկայացնելու որակեա՛լ է կամ ոչ։ Այս խնդրագիրը համաժողովի Իջեւանի Բաժանմունքին ներկայացնելէ առաջ, անոնք պէտք է աչքէ անցընեն տրուած ուղեգծերը թէ՛ պատճենին մէջ եւ թէ բոլոր երէցներուն ուղղուած 14 Դեկտեմբեր 2006 թուակիր նամակին մէջ։
7. Եթէ ժողովքին նշանակուած համաժողովէն տարբեր համաժողովի մը ներկայ պիտի ըլլանք, ի՞նչ քայլեր պէտք է առնենք։
7 Այլ համաժողովի մը ներկայ գտնուիլ. Դիտարան 1 Մարտ 2007 թիւը (Անգլերէն) պիտի բովանդակէ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ կայանալիք բոլոր նահանգային համաժողովներուն ցանկը։ Եթէ կ’ուզես ժողովքիդ նշանակուածէն տարբեր համաժողովի մը մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կամ «Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ»ը ունենալ, կրնաս այդ համաժողովի յանձնախումբին գրել, գործածելով ժողովքի քարտուղարին տուած հասցէն, որ կը գտնուի ընթացիկ Մասնայատուկ կարիք ունեցողներու իջեւանի խնդրագիր պատճենին ետեւ։ Որպէսզի համաժողովի յանձնախումբը կարենայ նամակիդ պատասխանել, ներփակէ նամակադրոշմ մը եւ հասցէդ կրող նամակի պահարան մը։
8. Պանդոկի վերապահումներ ընելու ատեն, ո՞ր ցուցմունքներուն պէտք է հետեւինք։ (Տեսնել «Իջեւանի վերապահումները ի՛նչպէս ընել» շրջանակը։)
8 Պանդոկի սենեակ մը վերապահել. Մատչելի պանդոկներուն վերաբերեալ «Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ» մը պիտի դրուի տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ, Յունուար 1–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովէն ետք։ «Իջեւանի վերապահումները ի՛նչպէս ընել» խորագրով շրջանակին հրահանգներուն հետեւէ։ Եթէ ցանկին մէջ եղող բոլոր պանդոկներուն հեռաձայնելէ ետք մատչելի սենեակներ չգտար կամ որոշ պանդոկի մը հետ խնդիր ունեցար, ժողովքիդ քարտուղարը տեղեակ պահէ։ Ան համաժողովի Իջեւանի Բաժանմունքին հետ շփման մէջ պէտք է գայ, ցանկին վերեւը գտնուող տեղեկութիւնները գործածելով։ Մասնաճիւղին մի՛ հեռաձայներ։ Եթէ ցանկի պանդոկները այլեւս յաւելեալ սենեակներ չունենան, սպասէ մինչեւ որ ժողովքը վերանայուած ցանկ մը ստանայ, փոխանակ ցանկին վրայ չեղող պանդոկի մը հեռաձայնելու։
9, 10. (ա) Համաժողովը սկսելէ առաջ, մեզի համար ի՞նչ պատրաստութիւններ կը տեսնուին։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք գնահատել մեզի ի նպաստ կատարուած աշխատանքը։ (Կարդա՛ Եբրայեցիս 13։17–ն։)
9 Կարգադրութիւններուն հետ համագործակցէ. Համաժողովի վայրը մտնելով, կը նկատենք թէ մեզի համար շատ աշխատանք տարուած է։ Որպէս հիւրընկալ ծառայող սիրալիր եղբայրներ մեզ կը դիմաւորեն, համաժողովի յայտագիրը կու տան եւ կ’օգնեն որ նստարաններ գտնենք։ Եղբայրներ ու քոյրեր համալիրը մաքրած եւ բեմը գեղեցիկ կերպով յարդարած են։ Կենսական աշխատանք տարուած է նաեւ յայտագրին նիւթերը պատրաստելու, պանդոկներու հետ բանակցելու եւ բազմաթիւ այլ մանրամասնութիւններու հոգ տանելու համար։
10 Իւրաքանչիւր համաժողովի համար, բազմաթիւ անհատներ ամիսներ շարունակ աշխատած են՝ հարկ եղած կարգադրութիւնները ընելու, իսկ անոնց ընտանիքներն ալ նպաստ բերած են, թոյլ տալով որ այս կարեւոր հարցերուն ժամանակ յատկացնեն։ Մեր անձնական օգտին համար եղած զոհողութիւնները չե՞նք գնահատեր։ Մեր երախտագիտութիւնը կրնանք ցուցաբերել՝ ենթարկուելով այս յօդուածին նշած հրահանգներուն եւ համաժողովէն առաջ մեր ստացած յաւելեալ ուղղութիւններուն։ (Եբր. 13։17) Ամէն ոքի յօժարակամ համագործակցութիւնը կարելի կը դարձնէ որ բոլոր բաները ‘վայելչութեամբ եւ կարգաւ ըլլան’։—Ա. Կորն. 14։40
11. (ա) Եհովայի ժողովուրդին համախմբումները ներկայիս ինչո՞ւ շատ կարեւոր են։ (բ) Այժմ իւրաքանչիւրս ի՞նչ կրնանք ընել։
11 Մինչ ‘այն օրուան մօտենալը կը տեսնենք’, Աստուծոյ ժողովուրդին համախմբումները ա՛լ աւելի կարեւոր կը դառնան։ (Եբր. 10։25) Մեր քրիստոնէական համաժողովներուն, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը տեղեկութիւններ կը հայթայթէ, մեզի օգնելու որ Եհովայի ‘բոլոր խօսքերը պահենք ու կատարենք’։ (Բ. Օր. 31։12) Հիմակուընէ ծրագրէ որ «Քրիստոսի հետեւեցէք» բնաբանով Նահանգային Համաժողովի երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուիս, եւ այսպէս օգտուիս ամբողջ հոգեւոր կրթութենէն ու բերկրալի ընկերակցութենէն։
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Յայտագրին ժամերը
Ուրբաթ եւ Շաբաթ
9:20 կ.ա. – 5։05 կ.ե.
Կիրակի
9:20 կ.ա. – 4։10 կ.ե.
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Իջեւանի վերապահումները ի՛նչպէս ընել.
1. Պանդոկներուն հեռաձայնէ գործի սովորական ժամերուն, «Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ»ին մէջ նշուած թիւերը գործածելով։
2. Պանդոկին իմացուր թէ Եհովայի Վկաներու համաժողովին ներկայ պիտի գտնուիս։
3. Պանդոկին մէջ կեցութեան թուականը նշէ։
4. Եթէ մատչելի սենեակներ չկան, ցանկին մէջ նշուած ուրիշ պանդոկի մը հեռաձայնէ։
5. Ցանկին նշած սակէն աւելի բարձր սակ մի՛ վճարեր։
6. Վերապահումը ըրէ եւ զայն վաւերացնող թիւ մը խնդրէ։
7. Կանխավճարդ տասը օրուան մէջ ըրէ՝ վարկաքարտով կամ վճարագրով։ Պատրաստ դրամ երբեք մի՛ ուղարկեր։ Եթէ կանխավճարը վճարագրով պիտի ընես, վաւերացնող թիւը վրան գրէ։
Հետեւելիք ուղեգծեր.
◼ Միայն Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ին նշած պանդոկներուն մէջ իջեւանէ։
◼ Ցանկին մէջ չեղող պանդոկներուն մի՛ հեռաձայներ, հարցնելով թէ մեր համաժողովին համար յատուկ սակ ունի՛ն կամ ոչ։ ՄԻԱՅՆ յանձնարարուած ցանկին նշած պանդոկներուն հեռաձայնէ։
◼ Պանդոկները մեր համաժողովներուն վերաբերեալ վերապահումներ պիտի սկսին ընդունիլ միայն Յունուար 1–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովէն ետք։ Այս ժամանակէն առաջ մի՛ հեռաձայներ՝ համաժողովի վերապահումներ ընելու համար։
◼ Միայն ցանկին նշած սակերը ընդունէ։
◼ Իւրաքանչիւր սենեակ որ կը վերապահուի, զայն գործածող անհատին անունով պէտք է ըլլայ։
◼ Ցանկին բովանդակած վերապահում ընելու հեռաձայնի թիւերը գործածէ։ Պանդոկի վերապահումը համացանցով մի՛ ըներ, բացի եթէ ցանկը ասիկա կը նշէ։
◼ Հրդեհի վերաբերեալ օրէնքներուն ենթարկուելու համար, յարգէ պանդոկի սենեակին մէջ չափահասներուն արտօնուած առաւելագոյն թիւը, որ նշուած է ցանկին մէջ։
◼ Ժողովքիդ քարտուղարին իմացուր թէ այլեւս մատչելի սենեակներ չկան, միայն ցանկին նշած ԲՈԼՈՐ պանդոկներուն հեռաձայնելէ ետք։
◼ Առաջին վերապահումդ պահէ։—Մատթ. 5։37
◼ Եթէ վերապահում մը չեղեալ պիտի սեպես, ասիկա կարելի եղածին չափ կանուխ ըրէ եւ ջնջումի թիւը ձեռք ձգէ։