Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/06 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Դեկտեմբեր 11–ով սկսող շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 18–ով սկսող շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 25–ով սկսող շաբաթ
  • Յունուար 1–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
թծ 12/06 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Դեկտեմբեր 11–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 28

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր Դեկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ ցոյց տուր թէ ի՛նչ կը պատասխանենք, եթէ տանտէրը ըսէ. «Հետաքրքրուած չեմ»։—Տեսնել Պատճառաբանել գիրքը, էջ 16։

15 վյրկ. 2007–Ի ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑ։ Դպրոցի տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն եւ հարցազրոյցներ։ Հոկտեմբեր 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածէն նկատի առ տեղականօրէն շեշտուելիք կէտեր։ Բացատրէ թէ դպրոցի տեսուչը նախապէս չի նշեր թէ աշակերտը խօսակցութեան ո՛ր յատկութեան վրայ կ’աշխատի։ Որովհետեւ 2007–ի ընթացքին Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններու ընթերցանութիւնը պիտի ամբողջացնենք (Եսայեայ 24–Մաղաքեայ 4), Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր պատրաստող եւ մեկնաբանութիւններ ներկայացնող անհատներուն համար լաւ առիթ մըն է որ այս մարգարէական գրքերը լուսաբանող մեր հրատարակութիւնները օգտագործեն։ Երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ հարցազրոյց ունեցիր, որոնք նոր աշակերտ, յառաջդիմող դեռատի աշակերտ կամ փորձառու աշակերտ են։ Թող պատմեն թէ դպրոցը իրենց ծառայութեան ու հոգեւորութեան վրայ ի՛նչ ազդեցութիւններ ունեցած է։ Բոլորը քաջալերէ որ փութաջան ըլլան՝ իրենց նշանակումները կատարելու մէջ, Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր ներկայացնելու մէջ եւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գրքէն ամէն շաբաթ մատուցուած թելադրութիւնները կիրարկելու մէջ։

20 վյրկ. «Առաջին սէրդ մի՛ կորսնցներ»։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարները մեկնաբանեն։

Երգեցողութիւն թիւ 13 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 18–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 150

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ «Հարցումի տուփը» վերաքաղ ըրէ։ Ծանուցանէ Դեկտեմբեր 25–ի եւ Յունուար 1–ի վերաբերեալ դաշտի ծառայութեան մասնայատուկ կարգադրութիւնները։

15 վյրկ. «Չնչին հետաքրքրութիւն ցուցաբերող բոլոր անհատներուն վերայցելէ»։ Ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն թէ ի՛նչպէս անպաշտօն վկայութեան կամ փողոցի քարոզչութեան ընթացքին կրցած են հետաքրքրուած անհատներու հեռաձայնի թիւը կամ հասցէն ձեռք ձգել եւ անոնց վերայցելելով ի՛նչ ուշագրաւ փորձառութիւն վայելած են։ Կարելի է մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւններ նախապէս պատրաստել։

20 վյրկ. «Կամաւոր հոգին օրհնութիւններ կը բերէ»։ Տեսակցութիւն ունեցիր մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ, որոնք իրենց կամաւոր հոգիով հռչակաւոր են։ Անոնք ի՞նչպէս կամաւոր հոգի ցուցաբերած են, ի՞նչ անհրաժեշտ ճշդումներ կատարեցին եւ ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած են։

Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 25–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր Յունուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Իւրաքանչիւր ներկայացման վերջաւորութեան, միտք գրգռող հարցում մը ուղղէ, որուն կրնաս վերայցելութեան պատասխանել՝ գործածելով Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Անձնական թաղամաս ունի՞ս»։ Ծառայութեան տեսուչէն խնդրէ որ համառօտաբար բացատրէ ժողովքին նշանակուած թաղամասին սահմանները, թէ թաղամասը ո՛րքան յաճախ կը ծածկուի, եւ թէ անձնական թաղամասեր մատչելի՛ են կամ ոչ։

Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 1–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 127

Նշում. ժողովքները Յունուար 1–ով սկսող շաբթուան իրենց Ծառայութեան Ժողովը որոշուած օրէն առաջ պէտք չէ ընեն, բացի եթէ շրջանային տեսուչին այցելութեան կը զուգադիպի։ Բոլոր ժողովքները համաժողովի յաւելուածը նկատի պէտք է առնեն յայտագրին համաձայն։ Ծառայութեան Ժողովի աւարտին, «Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ»ը պէտք է դրուի տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ։ Եթէ այս շաբաթ շրջանային համաժողով կայ, գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչները նահանգային համաժողովի վայրն ու թուականը պէտք է ծանուցանեն իրենց գիրքի ուսումնասիրութեան սովորական օրուան մէջ։ «Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ»էն օրինակ մը մատչելի պէտք է ընել Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր տեսուչի, որպէսզի ներկաները կարենան պանդոկներուն հեռաձայնի թիւերը ընդօրինակել, իրենց վերապահումները ընելու համար։ Սակայն այս ցանկին կրկնօրինակը ոեւէ հրատարակիչի պէտք չէ տրուի։

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Դեկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։

15 վյրկ. ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳՐԵԼ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գրքին վրայ, էջ 83–ի ենթագլուխէն մինչեւ գլուխին վերջաւորութիւնը։

25 վյրկ. «Եհովայի Վկաներու 2007–ի ‘Քրիստոսի հետեւեցէք’ բնաբանով Նահանգային Համաժողով»։ Յօդուածը նկատի պիտի առնուի ժողովքի քարտուղարին կողմէ։ Յաւելուածը քննարկելէ առաջ, կարդա՛ համաժողովի նշանակումին 15 Դեկտեմբեր 2006 թուակիր նամակը։ Երբ յաւելուածին 8–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, կարդա՛ «Իջեւանի վերապահումները ի՛նչպէս ընել» շրջանակին իւրաքանչիւր կէտը։ Բոլորը քաջալերէ որ համաժողովի իրենց կարգադրութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ ընեն։

Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել