Անոնց Օգնելու Միջոց մը
Ճշմարիտ Քրիստոնեաները բարի լուրը տարածելու հանրային ծառայութեան կը մասնակցին։ (Փիլ. 2։17) Ասիկա իրագործելու համար, Համացանցին վրայ 20 լեզուներով կարգ մը հիմնական գրքոյկներ, թերթիկներ եւ յօդուածներ դրուեցան, հետեւեալ կայքին մէջ՝ www.watchtower.org։ Այս Համացանցի կայքին նպատակը չէ Եհովայի Վկաներուն բաշխել ընթացիկ գրականութիւնները։ Անոր նպատակն է հանրութեան մատչելի դարձնել ճշգրիտ տեղեկութիւններ թէ Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչէն ի՛նչ կը սորվեցնեն։
Վերջերս, մեր պաշտօնական Համացանցի կայքին մէջ դրուեցաւ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը, աւելի քան 220 լեզուներով։ Իսկ Դիտարան 1 Յունուար 2004 եւ Զարթի՛ր 8 Յունուար 2004 թիւերէն սկսեալ, բոլոր լեզուներով հրատարակուած պարբերաթերթերուն վերջին էջը ցոյց կու տայ մեր Համացանցի հասցէն։
Ի՞նչպէս կրնաք այս գործիքը գործածել։ Թերեւս հանդիպիք անհատի մը որ հետաքրքրուած կը թուի, բայց միայն ուրիշ լեզու մը կը հասկնայ։ Եթէ Համացանցը կը գործածէ, կրնաք ցոյց տալ Դիտարան–ի կամ Զարթի՛ր–ի վերջին էջին վրայ գտնուող Համացանցի հասցէն։ Այս կերպով ան կրնայ իր մայրենի լեզուով Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը աչքէ անցընել, մինչ կը ջանաք իր լեզուով գրականութիւն մը բերել։ Կամ, կրնաք այս վերայցելութիւնը յանձնել այն ժողովքին կամ խումբին որ անհատին լեզուն կը գործածէ։