Եթէ օտար լեզուով հրատարակութիւններու անմիջական կարիք ունիս
Երբեմն կը հանդիպինք անհատներու, որոնք կը նախընտրեն օտար լեզուով հրատարակութիւններ կարդալ, զորս ժողովքը չունի։ Գիտէի՞ր որ եթէ համացանցի դիւրութիւն եւ տպիչ մը ունիս, կրնաս շուրջ 400 լեզուներով հրատարակութիւններ տպել։ Ահա թէ ինչպէ՛ս.
• Բաց մեր պաշտօնական ցանցակայքը՝ www.watchtower.org։
• Գլխաւոր էջին աջ կողմը, լեզուներու ոչ–ամբողջական ցանկ մը կայ։ Բոլոր մատչելի լեզուներուն ցանկին համար, երկրագունդի պատկերակը կտտացուր։
• Ընտրած լեզուդ կտտացուր։ Էջ մը պիտի բացուի, որ ցոյց կու տայ այն հրատարակութիւնները, զորս կրնաս տպել, ինչպէս՝ թերթիկներ, գրքոյկներ ու յօդուածներ։ Որովհետեւ այս էջը ընտրած լեզուովդ գրուած է, մի՛ մտահոգուիր եթէ չզատորոշես խորագիրները։
• Որեւէ նիւթ կտտացուր։ Պաստառին վրայ յօդուածը պիտի երեւի եւ կրնաս զայն տպել՝ գործածելով զննարկիչիդ տպելու յատկութիւնը։
Մեր ցանցակայքը լոկ նմոյշներ կը պարունակէ. յաւելեալ հրատարակութիւններ մատչելի են ժողովքին միջոցով։ Անգամ մը որ հետաքրքրութիւն հաստատեցիր, լաւագոյն բանն է հրատարակութիւններ ապսպրել պատասխանատու եղբօր միջոցով։