Մեր պաշտօնական ցանցակայքը ծրագրուած է, որ թէ՛ մենք եւ թէ ուրիշները օգտուին
Յիսուս մեզի յանձնարարեց, որ Թագաւորութեան բարի լուրը «բովանդակ աշխարհի մէջ» քարոզենք՝ «բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատ. 24։14)։ ‘Մեր պաշտօնը’ լիովին ‘կատարելու’ մէջ օգնելու համար, watchtower.org–ը, jw-media.org–ը եւ jw.org–ը մէկ ցանցակայքի վերածուեցան, որը կը կոչուի՝ jw.org (Բ. Տիմ. 4։5)։
«Բովանդակ աշխարհի մէջ»։ Աշխարհի բնակչութեան գրեթէ մէկ երրորդը համացանց կը գործածէ, որը շատերու համար տեղեկութիւններու գլխաւոր աղբիւրը դարձած է, մա՛նաւանդ երիտասարդներու համար։ Համացանց գործածողները մեր ցանցակայքէն կրնան կարդալ Աստուածաշունչի ճշգրիտ պատասխանները, որոշ հարցումներու շուրջ։ Այս ցանցակայքին միջոցով, մարդիկ Եհովայի կազմակերպութեան կը ծանօթանան եւ իրենց աւելի դիւրին կ’ըլլայ Աստուածաշունչի անվճար տնային ուսումնասիրութիւն խնդրելը։ Ցանցակայքը կարելի կը դարձնէ, որ բարի լուրը տարածուի այնպիսի շրջաններ, ուր մարդիկ շատ պատեհութիւններ չունին Թագաւորութեան պատգամը լսելու։
«Բոլոր ազգերուն»։ «Բոլոր ազգերուն» վկայութիւն տալու համար, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները պէտք է ներկայացնենք տարբեր լեզուներով։ Անոնք՝ որոնք jw.org կ’այցելեն, դիւրութեամբ կրնան գրեթէ 400 լեզուներով տեղեկութիւններ գտնել, որեւէ ա՛յլ ցանցակայքէ աւելի։
Անկէ լաւագոյնս օգտուէ։ Վերածրագրուած jw.org–ին նպատակը միայն անհաւատներու վկայել չէ, այլ նաեւ Եհովայի վկաներու գործածութեան համար է։ Եթէ համացանց կը գործածես, քեզ կը քաջալերենք որ ընտելանաս jw.org–ին։ Ահա՛ւասիկ կարգ մը կերպեր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զայն գործածել։
[Գծապատկեր՝ էջ 3]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
Փորձէ՛
1 Համացանցը բաց եւ պատկերի մէջ նշուած տեղը գրէ www.jw.org։
2 Ցանցակայքին ընտելացիր, կտտացնելով ենթախորագիրները, ընտրացանկը եւ կապերը։
3 Եթէ բջիջային հեռաձայնիդ մէջ համացանցը մատչելի է, փորձէ jw.org մտնել։ Հեռաձայնիդ պաստառին վրայ բաւեցնելու համար, կայքէջին տեսքը կը փոխուի, բայց տեղեկութիւնը նոյնը կը մնայ։