Ծառայութեան մէջ jw.org կայքը գործածէ. «Եհովային ընկերը եղիր»
Մեր կայքին մէջ կը գտնուին երեխաներուն համար տեսաերիզներ՝ «Եհովային ընկերը եղիր» խորագրով։ (Արեւմտահայերէնով, անոնք կը գտնուին «Հրատարակութիւններ > Տեսաերիզներ» բաժինին մէջ)։ Այս տեսաերիզները ծառայութեանդ մէջ կը գործածե՞ս։ Եթէ Աստուածաշունչը կը սերտես ծնողի մը հետ որ երեխաներ ունի, կրնաս այս տեսաերիզները անոր ցոյց տալ։ Թերեւս ասիկա զինք մղէ, որ մեր կայքին միւս բաժինները պրպտէ։
Մինչ եղբայր մը Թագաւորութեան լուրեր թիւ 38 թերթիկը կը բաշխէր, հանդիպեցաւ կնոջ մը՝ որ զայն առնելուն պէս սկսաւ կարդալ։ Ան քանի մը երեխայ ունէր, որոնք թերթիկով հետաքրքրուած էին։ Եղբայրը հակիրճ կերպով քննարկեց թերթիկին բովանդակութիւնը եւ վերջին էջէն ցոյց տուաւ մեր կայքին հասցէն։ Քանի որ կինը հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, եղբայրը առիթը օգտագործեց եւ իր հեռախօսիկով անոր եւ անոր երեխաներուն ցոյց տուաւ Ալեքին տեսաերիզներէն մէկը։
Քոյր մը երեխաներու տէր իր գործակիցին պատմեց մեր կայքին եւ անոր բովանդակած ընտանեկան կեանքի առնչուող տեղեկութիւններուն մասին։ Կինը իր երեխաներուն հետ jw.org կայքը բացաւ։ Յետագային, ան քրոջ ըսաւ որ իր զաւակները տունին մէջ կ’երգէին «Խօսքը քարոզէ՛» երգը, որ մաս կը կազմէ «Եհովային ընկերը եղիր» բաժինին։
jw.org կայքի այս տեսաերիզներուն ընտելացիր եւ անոնցմէ մէկը հեռախօսիկիդ մէջ բեռնէ։ Այսպէս՝ պատրաստ պիտի ըլլաս զայն գործածելու ծառայութեանդ մէջ։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ գործիք մըն է մեզի օգնելու, որ Տէրոջ ծառայենք (Գործք 20։19)։