1997–Ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր
ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը 1997–ին ընթացքին հետեւեալ կարգադրութիւններուն համաձայն պիտի վարուի։
ԴԱՍԱԳՐՔԵՐ. Աստուածաշունչը, Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Հրատարակողներ, «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է», Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ, Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել (Անգլ.) եւ Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ պիտի ըլլան նշանակումներուն հիմը։
Դպրոցը պէտք է ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ սկսի երգեցողութեամբ, աղօթքով եւ բարի գալուստ մաղթելով, ապա հետեւեալ կերպով պիտի վարուի.
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 15 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը կողմէ եւ հիմնուած պիտի ըլլայ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Հրատարակողներ կամ «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» գրքին վրայ։ Երբ Հրատարակողներ գրքին վրայ հիմնուած է, այս նշանակումը պէտք է ներկայացուի որպէս 15 վայրկեան տեւող հրահանգիչ ուղերձ, առանց բերանացի վերաքաղի. իսկ երբ «Բոլոր Գիրքը» գրքին վրայ հիմնուած է, անիկա պէտք է ներկայացուի որպէս 10–12 վայրկեան տեւող հրահանգիչ ուղերձ, որու կը յաջորդէ 3–5 վայրկեան տեւող բերանացի վերաքաղ, գործածելով գրականութեան տպուած հարցումները։ Նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն նիւթը ծածկել, այլ՝ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել բացատրուած տեղեկութիւններուն գործնական արժէքին վրայ, ցցուն ընելով ինչ որ ժողովքին մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ։ Ցոյց տրուած բնաբանը պէտք է գործածել։ Դասախօսը կրնայ մեկնաբանել Հրատարակողներ գրքին մէջ գտնուած լուսաբանութիւններուն, լուսանկարներուն եւ քարտէսներուն մասին եւ զանոնք գործածել որպէս սորվեցնելու օժանդակներ։
Այն եղբայրները որոնց նշանակուած է այս դասախօսութիւնը, պէտք է ուշադիր ըլլան որ որոշուած ժամանակին սահմանին մէջ մնան։ Կարելի է առանձին խրատ տալ եթէ անհրաժեշտ է կամ եթէ դասախօսը խնդրէ զայն։
ԱՉՔԱՌՈՒ ԿԷՏԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԷՆ. 6 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը միջոցաւ որ նիւթը ազդուօրէն պիտի կիրարկէ տեղական կարիքներուն։ Ասիկա նշանակուած ընթերցումին միայն ամփոփում մը պէտք չէ ըլլայ։ Կարելի է պարփակել նշանակուած գլուխներուն մասին 30–էն 60 երկվայրկեան տեւող ընդհանուր վերաքաղ մը։ Սակայն, գլխաւոր նպատակն է ունկնդիրներուն օգնել որ գնահատեն թէ տեղեկութիւնները ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս արժէք ունին մեզի համար։ Անկէ ետք, դպրոցի տեսուչը պիտի արձակէ աշակերտները որ իրենց զանազան դասարանները երթան։
ԹԻՒ 2 ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Ասիկա նշանակուած նիւթի մը Աստուածաշունչի ընթերցում մըն է, որ եղբօր մը կողմէ պէտք է տրուի։ Ասիկա պիտի կիրարկուի գլխաւոր դպրոցին մէջ ինչպէս նաեւ յաւելեալ խումբերուն մէջ։ Ընթերցումի նշանակումները սովորաբար բաւական կարճ են աշակերտին թոյլ տալու որ ամփոփ բացատրողական տեղեկութիւններ ներկայացնէ բացման եւ փակման խօսքերուն մէջ։ Պատմական անցեալը, մարգարէական կամ վարդապետական նշանակութիւնը եւ սկզբունքներու կիրարկումը կարելի է պարփակել։ Նշանակուած բոլոր համարները պէտք է անընդհատաբար կարդացուին։ Անշուշտ, երբ կարդացուելիք համարները յաջորդական չեն, աշակերտը կրնայ համարին տեղը ըսել ուր ընթերցումը պիտի շարունակուի։
ԹԻՒ 3 ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Այս դասախօսութիւնը քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Այս դասախօսութեան նիւթերը պիտի հիմնուին Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին վրայ։ Ցուցադրութիւնը կրնայ անպաշտօն վկայութիւն մը, վերայցելութիւն մը կամ տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ըլլալ, իսկ մասնակցողները կրնան նստած կամ կայնած ըլլալ։ Դպրոցի տեսուչը յատկապէս նկատի պիտի առնէ այն կերպը որով աշակերտուհին կ’օգնէ տանտիրուհիին որ պատճառաբանէ ու նիւթը հասկնայ եւ թէ ի՛նչպէս համարները կը կիրարկուին։ Նշանակուած աշակերտուհին ընթերցելու կարող պէտք է ըլլայ։ Դպրոցի տեսուչը օգնական մը պիտի նշանակէ, բայց կարելի է յաւելեալ օգնական մը գործածել։ Աշակերտուհիին կ’իյնայ որոշել թէ տանտիրուհին որոշ պարբերութիւններ կարդա՛յ կամ ոչ։ Գլխաւոր ուշադրութիւնը պէտք է տրուի ո՛չ թէ ցուցադրութեան, այլ՝ նիւթին ազդեցիկ գործածութեան։
ԹԻՒ 4 ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Ասիկա եղբօր մը կամ քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Ան հիմնուած պիտի ըլլայ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքին վրայ կամ Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկին վրայ։ Երբ եղբօր մը կը նշանակուի, նիւթը պէտք է տրուի որպէս բոլոր ունկնդիրներուն ուղղուած դասախօսութիւն մը։ Սովորաբար լաւագոյն բանն է որ եղբայրը իր դասախօսութիւնը պատրաստէ ի մտի ունենալով Թագաւորութեան Սրահին մէջ եղող ունկնդիրները, որպէսզի նիւթը իրապէս տեղեկատու եւ օգտակար ըլլայ զայն լսողներուն։ Երբ քրոջ մը նշանակուի, նիւթը պէտք է ներկայացուի ինչպէս Թիւ 3 Դասախօսութեան ուրուագծուած է։
ԽՐԱՏ ԵՒ ՆՇՄԱՐՆԵՐ. Իւրաքանչիւր աշակերտի դասախօսութենէն ետք, դպրոցի տեսուչը մասնայատուկ խրատ պիտի տայ, պայման չէ որ հետեւի Դասախօսական Խրատի թղթիկի կէտերուն դասաւորման։ Փոխարէն, ան պիտի կեդրոնանայ այն մարզերուն վրայ ուր աշակերտը բարելաւուելու կարիքը ունի։ Եթէ աշակերտը ‘Բ’ կամ ‘Ա’ չունի, դպրոցի տեսուչը պէտք է յիշէ թէ յաջորդ անգամ ո՛ր կէտին վրայ պիտի աշխատի, շրջանակ մը գծելով հոն ուր պիտի դրուի ‘Ա’, ‘Բ’ կամ ‘Լ’։ Ժողովէն ետք ան աշակերտին պիտի տեղեկացնէ ասիկա ինչպէս նաեւ յաջորդ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Նշանակումի թղթիկին (S-89) մէջ։ Դասախօսութիւն տուողները պէտք է նստին սրահին առջեւի շարքերը։ Ասիկա ժամանակ պիտի խնայէ եւ կարելի պիտի դարձնէ որ դպրոցի տեսուչը իր խրատը ուղղակի տայ իւրաքանչիւր աշակերտի։ Եթէ ժամանակը ներէ անհրաժեշտ բերանացի խրատը տալէ ետք, խրատատուն կրնայ խօսիլ այն տեղեկատուական եւ գործնական կէտերուն մասին զորս աշակերտները չյիշեցին։ Դպրոցի տեսուչը խրատին եւ նշմարներուն համար պէտք է գործածէ ոչ աւելի քան երկու վայրկեան իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք։ Եթէ Աստուածաշունչի վերաքաղին բաժինը ներկայացնող եղբայրը խրատուելու կարիքը ունի, կարելի է առանձին խրատ տալ։
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ. Նշանակուած դասախօսութիւն մը պատրաստելէ առաջ, աշակերտը պէտք է Դպրոցի Ուղեգիրքէն ուշադրութեամբ կարդայ իր աշխատելիք կէտին մասին։ Այն աշակերտները որոնց նշանակուած է Թիւ 2 Դասախօսութիւնը, պէտք է յարմար բնաբան մը ընտրեն Աստուածաշունչի կարդացուելիք բաժինին համար։ Միւս դասախօսութիւնները պիտի զարգացուին տպուած յայտագրին մէջ ցոյց տրուած բնաբանին համաձայն։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐՈՒՄ. Ո՛չ մէկ դասախօսութիւն պէտք է աւելի ժամանակ առնէ, ո՛չ ալ՝ խրատատուին խրատն ու նշմարները։ Թիւ 2–էն 4 Դասախօսութիւնները փափկանկատութեամբ պէտք է դադրեցնել երբ ժամանակը վերջանայ։ Ան որ նշանակուած է լմննալու նշանը տալու, պէտք է ասիկա արագօրէն ընէ։ Այն եղբայրները որոնք Թիւ 1 Նշանակումը եւ Աստուածաշունչի աչքառու կէտերը կը ներկայացնեն, եթէ ժամանակէն աւելի առնեն, իրենց առանձին խրատ պէտք է տրուի։ Ամբողջ յայտագիրը 45 վայրկեան է, երգեցողութենէն ու աղօթքէն զատ։
ԳՐԱՒՈՐ ՎԵՐԱՔԱՂ. Պարբերաբար գրաւոր վերաքաղ մը պիտի տրուի։ Պատրաստուելու համար, նշանակուած նիւթերը աչքէ անցուցէք եւ յայտագրուած Աստուածաշունչի ընթերցումը ամբողջացուցէք։ Միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել այս 25 վայրկեան տեւող վերաքաղին ընթացքին։ Մնացեալ ժամանակը պիտի տրամադրուի հարցումներն ու պատասխանները նկատի առնելու։ Իւրաքանչիւր աշակերտ իր թուղթը պիտի սրբագրէ։ Դպրոցի տեսուչը ունկնդիրներուն հետ նկատի պիտի առնէ վերաքաղի հարցումներուն պատասխանները եւ պիտի կեդրոնանայ դժուարին հարցումներուն վրայ, օգնելով բոլորին որ յստակօրէն պատասխանները հասկնան։ Եթէ տեղւոյն կարիքին համաձայն անհրաժեշտ ըլլայ, գրաւոր վերաքաղը կարելի է յաջորդ շաբթուան յետաձգել։
ՄԵԾ ԺՈՂՈՎՔՆԵՐ. 50 կամ աւելի աշակերտներ ունեցող ժողովքները կրնան կարգադրութիւններ ընել, որ աշակերտներու յաւելեալ խումբեր կարենան յայտագրուած դասախօսութիւնները տալ տարբեր խրատատուներու դիմաց։ Անշուշտ, չմկրտուած անհատներ որոնք Քրիստոնէական սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրին, կրնան դպրոցին մէջ արձանագրուիլ եւ նշանակումներ ստանալ։
ԲԱՑԱԿԱՆԵՐ. Ժողովքին մէջ բոլոր եղողները կրնան այս դպրոցին հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերել, ջանք թափելով որ ամէն շաբաթ ներկայ ըլլան, իրենց նշանակումները լաւ պատրաստելով եւ հարց–պատասխաններուն մասնակցելով։ Կը յուսանք որ բոլոր աշակերտները իրենց նշանակումները խղճմտօրէն նկատի պիտի առնեն։ Եթէ յայտագրին վրայ եղող աշակերտ մը բացակայ է, կամաւոր մը կրնայ այդ նշանակումը առնել եւ իր կարողութեան համաձայն ներկայացնել։ Կամ դպրոցի տեսուչը կրնայ նիւթը ծածկել ունկնդիրներուն յարմար մասնակցութեամբ։
ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Յունուար 6 Աստ. ընթ. Զաքարեայ 1–5
Երգեցողութիւն թիւ 113
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Զաքարեայ Գրքին Մասին («Բոլոր Գիրքը» էջ 168–169 պարբ. 1–7)
Թիւ 2. Զաքարեայ 2։1–13
Թիւ 3. Մարդը Չէ Ստեղծուած Որպէսզի Մեռնի (Գիտութիւն էջ 53 պարբ. 1–3)
Թիւ 4. Աշխարհի Հոգին Ի՞նչ Է եւ Ինչո՞ւ Վտանգաւոր Է (Պատճառաբանել էջ 389 պարբ. 5–էջ 390 պարբ. 4. կամ Արաբերէնով՝ էջ 221 պարբ. 3–էջ 222 պարբ. 4)
Յունուար 13 Աստ. ընթ. Զաքարեայ 6–9
Երգեցողութիւն թիւ 55
Թիւ 1. Թագաւորութեան Գործը Նիւթական Գետնի Վրայ Ինչպէ՛ս կը Հոգածուի (Հրատարակողներ էջ 340 պարբ. 1–էջ 343 պարբ. 3)
Թիւ 2. Զաքարեայ 7։1–14
Թիւ 3. Ձախորդ Ծրագիր մը (Գիտութիւն էջ 55–56 պարբ. 4–7)
Թիւ 4. Հպարտութիւնը եւ Ըմբոստութիւնը Աշխարհի Հոգիին Յայտնաբերումներն Են (Պատճառաբանել էջ 391 պարբ. 1–2. կամ Արաբերէնով՝ էջ 223 պարբ. 1–2)
Յունուար 20 Աստ. ընթ. Զաքարեայ 10–14
Երգեցողութիւն թիւ 38
Թիւ 1. Զաքարեայ Գիրքը—Ինչո՛ւ Օգտակար Է («Բոլոր Գիրքը» էջ 171–172 պարբ. 23–27)
Թիւ 2. Զաքարեայ 12։1–14
Թիւ 3. Սատանան Իր Դաւադրութիւնը Ինչպէ՛ս Կատարեց (Գիտութիւն էջ 56–58 պարբ. 8–12)
Թիւ 4. Աշխարհի Հոգին Մարմնին Ցանկութիւնները կը Խրախուսէ (Պատճառաբանել էջ 391 պարբ. 3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 223 պարբ. 3)
Յունուար 27 Աստ. ընթ. Մաղաքեայ 1–4
Երգեցողութիւն թիւ 172
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Մաղաքեայ Գրքին Մասին եւ Ինչո՛ւ Օգտակար Է («Բոլոր Գիրքը» էջ 172–175 պարբ. 1–6, 13–17)
Թիւ 2. Մաղաքեայ 1։6–14
Թիւ 3. Մեղքն ու Մահը Ի՛նչպէս Տարածուեցան (Գիտութիւն էջ 58–59 պարբ. 13–15)
Թիւ 4. Աշխարհի Հոգին Նիւթապաշտութիւնը կը Խրախուսէ (Պատճառաբանել էջ 392 պարբ. 1–2. կամ Արաբերէնով՝ էջ 224 պարբ. 1–2)
Փետր. 3 Աստ. ընթ. Մատթէոս 1–3
Երգեցողութիւն թիւ 160
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Մատթէոս Գրքին Մասին («Բոլոր Գիրքը» էջ 175–177 պարբ. 1–10)
Թիւ 2. Մատթէոս 2։1–15
Թիւ 3. Սատանայի Հնարամտութիւններէն Զգուշացէ՛ք (Գիտութիւն էջ 59–60 պարբ. 16–18)
Թիւ 4. Մարմնին Գործերուն Դէմ Պայքարեցէք (Պատճառաբանել էջ 392 պարբ. 3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 224 պարբ. 3)
Փետր. 10 Աստ. ընթ. Մատթէոս 4 եւ 5
Երգեցողութիւն թիւ 27
Թիւ 1. Ժողովասրահներուն ու Պէթէլի Դիւրութիւններուն Ընդլայնման Նիւթական Գետնի Վրայ Հոգ Տանիլ (Հրատարակողներ էջ 343 պարբ. 4–էջ 347 պարբ. 1. կարելի է էջ 352–401–ի օրինակներուն ակնարկել)
Թիւ 2. Մատթէոս 4։1–17
Թիւ 3. Հաւատք Ունեցէք ու Հակառակութիւն Դիմագրաւելու Պատրաստուեցէք (Գիտութիւն էջ 60–61 պարբ. 19–21)
Թիւ 4. Եհովայի Ապաւինեցէք, Ո՛չ թէ՝ Մարդկային Կառավարիչներու (Պատճառաբանել էջ 392 պարբ. 4–էջ 393 պարբ. 1. կամ Արաբերէնով՝ էջ 224 պարբ. 4–էջ 225 պարբ. 1)
Փետր. 17 Աստ. ընթ. Մատթէոս 6 եւ 7
Երգեցողութիւն թիւ 150
Թիւ 1. Թագաւորութեան Գործը Առեւտրական Չէ (Հրատարակողներ էջ 347 պարբ. 2–էջ 351 պարբ. 6)
Թիւ 2. Մատթէոս 7։1–14
Թիւ 3. Մարդկութիւնը Փրկելու Աստուծոյ Միջոցը (Գիտութիւն էջ 62–63 պարբ. 1–5)
Թիւ 4. Մարդկային Տառապանքին Համար Ո՞վ Մեղադրելի Է (Պատճառաբանել էջ 393 պարբ. 2–էջ 394 պարբ. 1. կամ Արաբերէնով՝ էջ 64 պարբ. 4–էջ 65 պարբ. 2)
Փետր. 24 Աստ. ընթ. Մատթէոս 8 եւ 9
Երգեցողութիւն թիւ 114
Թիւ 1. Վկաներ Մինչեւ Երկրին Ծայրերը (Հրատարակողներ էջ 404 պարբ. 1–էջ 408 պարբ. 3)
Թիւ 2. Մատթէոս 8։1–17
Թիւ 3. Մեսիան Ի՛նչու Պէտք Էր Մեռնէր (Գիտութիւն էջ 63–65 պարբ. 6–11)
Թիւ 4. Մարդկային Տառապանքը Ինչպէ՞ս Սկսաւ (Պատճառաբանել էջ 394 պարբ. 2–3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 65 պարբ. 3–էջ 66 պարբ. 1)
Մարտ 3 Աստ. ընթ. Մատթէոս 10 եւ 11
Երգեցողութիւն թիւ 152
Թիւ 1. Գնահատանքը Մղեց Զիրենք որ Խօսին (Հրատարակողներ էջ 409 պարբ. 1–էջ 414 պարբ. 3)
Թիւ 2. Մատթէոս 11։1–15
Թիւ 3. Փրկանքը Ի՛նչպէս Վճարուեցաւ (Գիտութիւն էջ 65–68 պարբ. 12–16)
Թիւ 4. Աստուած Ի՛նչ Ըրած Է Տառապող Մարդկութեան Օգնելու Համար (Պատճառաբանել էջ 395 պարբ. 1–2. կամ Արաբերէնով՝ էջ 66 պարբ. 2–3)
Մարտ 10 Աստ. ընթ. Մատթէոս 12 եւ 13
Երգեցողութիւն թիւ 14
Թիւ 1. Ճշմարտութեան Լոյսը Համայն Աշխարհի մէջ կը Փայլի (Հրատարակողներ էջ 414 պարբ. 4–էջ 422 պարբ. 3. կարելի է էջ 422–ի ամփոփումը պարփակել)
Թիւ 2. Մատթէոս 12։22–37
Թիւ 3. Քրիստոսի Փրկանքը եւ Դուք (Գիտութիւն էջ 68–69 պարբ. 17–20)
Թիւ 4. Աստուած Ինչո՞ւ Թոյլատրած Է որ Տառապանքը Շարունակուի (Պատճառաբանել էջ 395 պարբ. 4–էջ 397 պարբ. 1. կամ Արաբերէնով՝ էջ 67 պարբ. 2–էջ 68 պարբ. 2)
Մարտ 17 Աստ. ընթ. Մատթէոս 14 եւ 15
Երգեցողութիւն թիւ 95
Թիւ 1. Ա. Աշխարհամարտի Խաւար Տարիները եւ Ապա Նորոգուած Կեանքը (Հրատարակողներ էջ 423 պարբ. 1–էջ 427 պարբ. 2)
Թիւ 2. Մատթէոս 14։1–22
Թիւ 3. Մարդկային Տառապանքին Պատճառը Աստուա՞ծ Է (Գիտութիւն էջ 70–72 պարբ. 1–5)
Թիւ 4. Ծննդեան Թերութիւններուն Մասին Ի՛նչ Պէտք Է Գիտնանք (Պատճառաբանել էջ 397 պարբ. 2–5. կամ Արաբերէնով՝ էջ 68 պարբ. 3–էջ 69 պարբ. 1)
Մարտ 24 Աստ. ընթ. Մատթէոս 16 եւ 17
Երգեցողութիւն թիւ 21
Թիւ 1. Նախանձախնդիր Ծառաներ Աստուածաշունչի Թանկագին Ճշմարտութիւններ կը Բաժնեն (Հրատարակողներ էջ 427 պարբ. 3–էջ 433 պարբ. 1 [կամ էջ 432 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 2. Մատթէոս 17։14–27
Թիւ 3. Կատարեալ Սկիզբ մը ու Չարամիտ Մարտահրաւէր մը (Գիտութիւն էջ 72–73 պարբ. 6–10)
Թիւ 4. Աստուած Ինչո՞ւ «Բնական Աղէտները» կը Թոյլատրէ (Պատճառաբանել էջ 398 պարբ. 1–3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 69 պարբ. 2–4)
Մարտ 31 Աստ. ընթ. Մատթէոս 18 եւ 19
Երգեցողութիւն թիւ 81
Թիւ 1. Հոգեւոր Լոյսը Ափրիկեան, Սպանական եւ Փորթուկալեան Դաշտերուն մէջ կը Փայլի (Հրատարակողներ էջ 433 պարբ. 2 [կամ էջ 432 պարբ. 3, Արաբ.]–էջ 439 պարբ. 1)
Թիւ 2. Մատթէոս 19։16–30
Թիւ 3. Իրական Հարցերը եւ Զանոնք Լուծելու Եհովայի Կերպը (Գիտութիւն էջ 74–76 պարբ. 11–15)
Թիւ 4. Նեղութեան Մատնուողները Աստուծմէ Պատժուա՞ծ Են (Պատճառաբանել էջ 398 պարբ. 4–էջ 399 պարբ. 3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 70 պարբ. 1–4)
Ապրիլ 7 Աստ. ընթ. Մատթէոս 20 եւ 21
Երգեցողութիւն թիւ 113
Թիւ 1. Հեռաւոր Տեղեր Գտնուող Մարդոց Հասնիլ ու Հակառակութեան Դիմաց Աստուծոյ Հնազանդիլ (Հրատարակողներ էջ 439 պարբ. 2–էջ 443 պարբ. 2. կարելի է էջ 443–ի ամփոփումը պարփակել)
Թիւ 2. Մատթէոս 20։1–16
Թիւ 3. Աստուած Տառապանքը Թոյլատրելով Ի՛նչ Փաստած Է (Գիտութիւն էջ 76–77 պարբ. 16–19)
Թիւ 4. Լեզուներ Խօսիլը կը Փաստէ՞ որ Անհատը Սուրբ Հոգին Ունի (Պատճառաբանել էջ 400 պարբ. 3–էջ 401 պարբ. 2. կամ Արաբերէնով՝ էջ 60 պարբ. 1–6)
Ապրիլ 14 Աստ. ընթ. Մատթէոս 22 եւ 23
Երգեցողութիւն թիւ 172
Թիւ 1. Բարի Լուրը Քարոզելով Մեծապէս Զբաղիլ (Հրատարակողներ էջ 444 պարբ. 1–էջ 448 պարբ. 2)
Թիւ 2. Մատթէոս 23։1–15
Թիւ 3. Որո՞ւ Կողմը Դիրք կը Բռնէք (Գիտութիւն էջ 78–79 պարբ. 20–23)
Թիւ 4. Առաջին Դարու Կարգ մը Քրիստոնեաներ Ինչո՞ւ Լեզուներ Խօսեցան (Պատճառաբանել էջ 401 պարբ. 3–էջ 402 պարբ. 1. կամ Արաբերէնով՝ էջ 61 պարբ. 1–4)
Ապրիլ 21 Աստ. ընթ. Մատթէոս 24 եւ 25
Երգեցողութիւն թիւ 212
Թիւ 1. Եւրոպայի մէջ Պատերազմի Շրջանին Հալածանքի Ներքեւ Քարոզել (Հրատարակողներ էջ 448 պարբ. 3–էջ 454 պարբ. 2. ժամանակին ներած չափով, հաւատարիմ Վկաներուն մասին հակիրճ մեկնաբանութիւններ պարփակէ, էջ 451–453)
Թիւ 2. Մատթէոս 24։32–44
Թիւ 3. Ի՞նչ կը Պատահի Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն (Գիտութիւն էջ 80–81 պարբ. 1–6)
Թիւ 4. Աստուծոյ Հոգին Ունեցողները Ինչպէ՞ս Կրնանք Բնորոշել (Պատճառաբանել էջ 402 պարբ. 3–6. կամ Արաբերէնով՝ էջ 62 պարբ. 1–4)
Ապրիլ 28 Գրաւոր Վերաքաղ։ Ամբողջացուցէք Զաքարեայ 1–էն Մատթէոս 25
Երգեցողութիւն թիւ 57
Մայիս 5 Աստ. ընթ. Մատթէոս 26
Երգեցողութիւն թիւ 143
Թիւ 1. Յառաջդիմութիւն Հակառակ Պատերազմի Տարիներուն Եղած Դժուարութիւններուն (Հրատարակողներ էջ 455 պարբ. 1–էջ 461 պարբ. 2 [կամ պարբ. 1, Արաբ.]. կարելի է էջ 461–ի [կամ էջ 460, Արաբ.] ամփոփումը պարփակել)
Թիւ 2. Մատթէոս 26։31–35, 69–75
Թիւ 3. Հողին Վերադառնալը Իրապէս Ի՛նչ կը Նշանակէ (Գիտութիւն էջ 82–83 պարբ. 7–10)
Թիւ 4. Ներկայիս Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Ինչպէ՛ս Բնորոշուած Են (Պատճառաբանել էջ 403 պարբ. 1–3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 62 պարբ. 5–7)
Մայիս 12 Աստ. ընթ. Մատթէոս 27 եւ 28
Երգեցողութիւն թիւ 102
Թիւ 1. Մատթէոս Գիրքը—Ինչո՛ւ Օգտակար Է («Բոլոր Գիրքը» էջ 180–181 պարբ. 29–33)
Թիւ 2. Մատթէոս 27։11–26
Թիւ 3. Մեռելներուն Վիճակը Ի՞նչ Է (Գիտութիւն էջ 83–84 պարբ. 11–14)
Թիւ 4. Լեզուներու Պարգեւը Ո՞րքան Ժամանակ Պիտի Տեւէր (Պատճառաբանել էջ 403 պարբ. 4–էջ 404 պարբ. 3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 63 պարբ. 1–էջ 64 պարբ. 1)
Մայիս 19 Աստ. ընթ. Մարկոս 1 եւ 2
Երգեցողութիւն թիւ 46
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Մարկոս Գրքին Մասին («Բոլոր Գիրքը» էջ 181–183 պարբ. 1–11)
Թիւ 2. Մարկոս 1։12–28
Թիւ 3. Բոլոր Անոնք Որոնք Եհովայի Յիշողութեան մէջ Են՝ Պիտի Յարուցանուին (Գիտութիւն էջ 84–87 պարբ. 15–18)
Թիւ 4. Երրորդութեան Վարդապետութիւնը Ի՞նչ Է եւ Անոր Ծագումը Ի՞նչ Է (Պատճառաբանել էջ 405 պարբ. 1–էջ 406 պարբ. 3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 130 պարբ. 4–էջ 132 պարբ. 1)
Մայիս 26 Աստ. ընթ. Մարկոս 3 եւ 4
Երգեցողութիւն թիւ 222
Թիւ 1. Ոչխարանման Անհատները Լման Կերպով Փնտռել (Հրատարակողներ էջ 462 պարբ. 1–էջ 466 պարբ. 2)
Թիւ 2. Մարկոս 3։1–15
Թիւ 3. Ո՞ւր Պիտի Յարուցանուին (Գիտութիւն էջ 88–89 պարբ. 19–22)
Թիւ 4. Սուրբ Հոգին Ա՞նձ մըն Է (Պատճառաբանել էջ 406 պարբ. 4–էջ 407 պարբ. 3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 132 պարբ. 2–էջ 133 պարբ. 2)
Յունիս 2 Աստ. ընթ. Մարկոս 5 եւ 6
Երգեցողութիւն թիւ 21
Թիւ 1. Կրթութիւնը Խրախուսել Կեանքի Համար (Հրատարակողներ էջ 466 պարբ. 3–էջ 470 պարբ. 2)
Թիւ 2. Մարկոս 5։21–24, 35–43
Թիւ 3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ Անոր Նպատակը (Գիտութիւն էջ 90–91 պարբ. 1–5)
Թիւ 4. Յիսուս եւ Եհովան Նոյն Անհա՞տն Են (Պատճառաբանել էջ 407 պարբ. 4–էջ 409 պարբ. 2. կամ Արաբերէնով՝ էջ 133 պարբ. 3–էջ 135 պարբ. 1)
Յունիս 9 Աստ. ընթ. Մարկոս 7 եւ 8
Երգեցողութիւն թիւ 33
Թիւ 1. Խաղաղական Կղզիներուն մէջ Քարոզել Ի Հեճուկս Հակառակութեան (Հրատարակողներ էջ 470 պարբ. 3–էջ 474 պարբ. 4)
Թիւ 2. Մարկոս 7։24–37
Թիւ 3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Կառավարութիւն մըն Է (Գիտութիւն էջ 91–92 պարբ. 6–7)
Թիւ 4. Աստուածաշունչը կը Սորվեցնէ՞ թէ Եհովան, Յիսուսը եւ Սուրբ Հոգին Համահաւասար Են (Պատճառաբանել էջ 409 պարբ. 3–էջ 411 պարբ. 1. կամ Արաբերէնով՝ էջ 135 պարբ. 2–էջ 136 պարբ. 4)
Յունիս 16 Աստ. ընթ. Մարկոս 9 եւ 10
Երգեցողութիւն թիւ 129
Թիւ 1. Ճշմարտութեան Մեծ Գետ մը Ափրիկէի մէջ կը Հոսի (Հրատարակողներ էջ 475 պարբ. 1–էջ 481 պարբ. 1 [կամ պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 2. Մարկոս 9։14–29
Թիւ 3. Ինչպէ՛ս Գիտենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Իրողութիւն մըն Է (Գիտութիւն էջ 92–93 պարբ. 8–11)
Թիւ 4. Աստուածաշունչը կը Սորվեցնէ՞ թէ Այդպէս Կոչուած Երրորդութեան Իւրաքանչիւր Անդամը Աստուածն Է (Պատճառաբանել էջ 411 պարբ. 2–էջ 412 պարբ. 1. կամ Արաբերէնով՝ էջ 136 պարբ. 5–էջ 137 պարբ. 4)
Յունիս 23 Աստ. ընթ. Մարկոս 11 եւ 12
Երգեցողութիւն թիւ 172
Թիւ 1. Իրական Ոչխարները Բնորոշել (Հրատարակողներ էջ 481 պարբ. 2 [պարբ. 3, Արաբ.]–էջ 484 պարբ. 4)
Թիւ 2. Մարկոս 11։12–25
Թիւ 3. Ինչո՛ւ Թագաւորութիւնը Մարդկութեան Միա՛կ Յոյսն Է (Գիտութիւն էջ 94–95 պարբ. 12–13)
Թիւ 4. Երրորդութենականները Ինչպէ՛ս Համարները Սխալ կը Կիրարկեն (Պատճառաբանել էջ 412 պարբ. 2–էջ 414 պարբ. 1. կամ Արաբերէնով՝ էջ 137 պարբ. 5–էջ 139 պարբ. 3)
Յունիս 30 Աստ. ընթ. Մարկոս 13 եւ 14
Երգեցողութիւն թիւ 127
Թիւ 1. Յաւելեալ Մշակներ Հունձքին կը Մասնակցին (Հրատարակողներ էջ 484 պարբ. 5–էջ 488 պարբ. 1)
Թիւ 2. Մարկոս 14։12–26
Թիւ 3. Յիսուս Ինչո՛ւ Չսկսաւ Իշխել Երկինք Համբառնալէն Անմիջապէս Ետք (Գիտութիւն էջ 95–96 պարբ. 14–15)
Թիւ 4. Եհովայի Ակնարկող Կարգ մը Համարներ Ինչո՛ւ Կարելի Է Քրիստոսին Կիրարկել (Պատճառաբանել էջ 414 պարբ. 2–3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 140 պարբ. 1–2)
Յուլիս 7 Աստ. ընթ. Մարկոս 15 եւ 16
Երգեցողութիւն թիւ 14
Թիւ 1. Մարկոս Գիրքը—Ինչո՛ւ Օգտակար Է («Բոլոր Գիրքը» էջ 186 պարբ. 31–33)
Թիւ 2. Մարկոս 15։16–32
Թիւ 3. Ազգերու Սահմանուած Ժամանակները Ե՞րբ սկսան ու Վերջացան (Գիտութիւն էջ 96–97 պարբ. 16–18)
Թիւ 4. Համարներ Զորս Երրորդութենականները Սխալ կը Գործածեն (Պատճառաբանել էջ 414 պարբ. 4–էջ 415 պարբ. 5. կամ Արաբերէնով՝ էջ 140 պարբ. 3–էջ 141 պարբ. 4)
Յուլիս 14 Աստ. ընթ. Ղուկաս 1
Երգեցողութիւն թիւ 129
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Ղուկաս Գրքին Մասին («Բոլոր Գիրքը» էջ 187–188 պարբ. 1–9)
Թիւ 2. Ղուկաս 1։5–17
Թիւ 3. Վե՛րջին Օրերուն մէջ Ենք (Գիտութիւն էջ 98–99 պարբ. 1–4)
Թիւ 4. Յովհաննու 1։1 եւ 8։58 Ինչո՛ւ Երրորդութեան Թիկունք Չեն Կանգնիր (Պատճառաբանել էջ 416 պարբ. 1–էջ 418 պարբ. 2. կամ Արաբերէնով՝ էջ 141 պարբ. 5–էջ 143 պարբ. 6)
Յուլիս 21 Աստ. ընթ. Ղուկաս 2 եւ 3
Երգեցողութիւն թիւ 195
Թիւ 1. Արեւելքը ու Եւրոպան Եհովայի Յաւելեալ Փառաբանողներ Յառաջ կը Բերեն (Հրատարակողներ էջ 488 պարբ. 2 [կամ էջ 489 պարբ. 1, Արաբ.]–էջ 495 պարբ. 2)
Թիւ 2. Ղուկաս 2։1–14
Թիւ 3. Վերջին Օրերուն Կարգ մը Երեւոյթները Ի՞նչ Են (Գիտութիւն էջ 99–103 պարբ. 5–7)
Թիւ 4. Համարներուն Ընդհանուր Բովանդակութիւնը Նկատի Առնելը Ինչո՛ւ Կենսական Է (Պատճառաբանել էջ 418 պարբ. 4–էջ 421 պարբ. 1. կամ Արաբերէնով՝ էջ 144 պարբ. 1–էջ 146 պարբ. 4)
Յուլիս 28 Աստ. ընթ. Ղուկաս 4 եւ 5
Երգեցողութիւն թիւ 34
Թիւ 1. Բարի Լուրը Ինչպէ՛ս Յաւելեալ Մարդոց Հասաւ (Հրատարակողներ էջ 495 պարբ. 3–էջ 500 պարբ. 4. կարելի է էջ 501–ի ամփոփումը պարփակել)
Թիւ 2. Ղուկաս 4։31–44
Թիւ 3. Մարդկային Նուաստացած Վարքը Նախագուշակուած Է Որպէս Վերջին Օրերուն Մէկ Երեսակը (Գիտութիւն էջ 103–104 պարբ. 8–12)
Թիւ 4. Յիսուս Քրիստոս եւ Եհովա Աստուած Անջատ Անձեր Են (Պատճառաբանել էջ 421 պարբ. 2–էջ 423 պարբ. 1. կամ Արաբերէնով՝ էջ 146 պարբ. 5–էջ 148 պարբ. 3)
Օգոս. 4 Աստ. ընթ. Ղուկաս 6 եւ 7
Երգեցողութիւն թիւ 127
Թիւ 1. Մեծ Համաժողովները եւ Քրիստոնէական Վարքը Վկայութիւն մը կու Տան (Հրատարակողներ էջ 502 պարբ. 1–էջ 507 պարբ. 4 [կամ պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 2. Ղուկաս 6։37–49
Թիւ 3. Վերջին Օրերուն Երկու Յատուկ Երեսակներ (Գիտութիւն էջ 105 պարբ. 13–14)
Թիւ 4. Յիսուս Իր Անձին Յարութիւն Չտուաւ եւ Ան Բնաւ Չդաւանեցաւ Աստուծոյ Հաւասար Ըլլալ (Պատճառաբանել էջ 423 պարբ. 3–էջ 424 պարբ. 2. կամ Արաբերէնով՝ էջ 149 պարբ. 2–5)
Օգոս. 11 Աստ. ընթ. Ղուկաս 8 եւ 9
Երգեցողութիւն թիւ 143
Թիւ 1. Դաշտերը Հնձուելու Պատրաստ Են (Հրատարակողներ էջ 508 պարբ. 1–էջ 513 պարբ. 1 [կամ պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 2. Ղուկաս 9։23–36
Թիւ 3. Վերջին Օրերուն Ապացոյցը Տեսնելով Ընդառաջենք (Գիտութիւն էջ 106–107 պարբ. 15–17)
Թիւ 4. Երրորդութեան Վարդապետութեան Կառչիլը Ինչո՛ւ Վտանգաւոր Է (Պատճառաբանել էջ 424 պարբ. 3–էջ 425 պարբ. 2. կամ Արաբերէնով՝ էջ 150 պարբ. 1–3)
Օգոս. 18 Աստ. ընթ. Ղուկաս 10 եւ 11
Երգեցողութիւն թիւ 34
Թիւ 1. Ամէն Առիթով Մարդոց Վկայել (Հրատարակողներ էջ 513 պարբ. 2 [կամ պարբ. 3, Անգլ.]–էջ 517 պարբ. 1)
Թիւ 2. Ղուկաս 11։37–51
Թիւ 3. Չար Ոգիները Գոյութիւն Ունի՛ն (Գիտութիւն էջ 108 պարբ. 1–3)
Թիւ 4. Ինչո՞ւ Շատ Ամբարշտութիւն Կայ (Պատճառաբանել էջ 427 պարբ. 1–5. կամ Արաբերէնով՝ էջ 247 պարբ. 1–5)
Օգոս. 25 Գրաւոր Վերաքաղ։ Ամբողջացուցէք Մատթէոս 26–էն Ղուկաս 11
Երգեցողութիւն թիւ 47
Սեպտ. 1 Աստ. ընթ. Ղուկաս 12 եւ 13
Երգեցողութիւն թիւ 123
Թիւ 1. Եհովա Գործը կ’Արագացնէ (Հրատարակողներ էջ 517 պարբ. 2–էջ 520 պարբ. 2. կարելի է էջ 520–ի ամփոփումը պարփակել)
Թիւ 2. Ղուկաս 13։1–17
Թիւ 3. Չար Հրեշտակներ Սատանային Կողմը կ’Անցնին (Գիտութիւն էջ 109 պարբ. 4–5)
Թիւ 4. Աստուած Ինչո՞ւ կը Թոյլատրէ Ամբարշտութիւնը (Պատճառաբանել էջ 428 պարբ. 1–էջ 429 պարբ. 1. կամ Արաբերէնով՝ էջ 248 պարբ. 1–էջ 249 պարբ. 1)
Սեպտ. 8 Աստ. ընթ. Ղուկաս 14–16
Երգեցողութիւն թիւ 204
Թիւ 1. Նախանձախնդիր Միսիոնարներ եւ Քաղաադու Դպրոցին Դերը (Հրատարակողներ էջ 521 պարբ. 1–էջ 524 պարբ. 3)
Թիւ 2. Ղուկաս 14։1–14
Թիւ 3. Ոգեհարցութեան Բոլոր Կերպերը Մերժենք (Գիտութիւն էջ 111 պարբ. 6–8)
Թիւ 4. Ինչպէ՛ս Օգտուած Ենք Աստուծոյ Թոյլտուութենէն Ամբարշտութեան (Պատճառաբանել էջ 429 պարբ. 2–3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 249 պարբ. 2–3)
Սեպտ. 15 Աստ. ընթ. Ղուկաս 17 եւ 18
Երգեցողութիւն թիւ 59
Թիւ 1. Քաղաադու Միսիոնարները Ինչպէ՛ս Տարբեր Էին (Հրատարակողներ էջ 525 պարբ. 1–էջ 531 պարբ. 4)
Թիւ 2. Ղուկաս 17։22–37
Թիւ 3. Աստուածաշունչը Ինչո՛ւ կը Դատապարտէ Ոգեհարցութիւնը (Գիտութիւն էջ 112–113 պարբ. 9–11)
Թիւ 4. Աստուածաշունչը Կիները Ինչպէ՛ս կը Նկատէ (Պատճառաբանել էջ 431 պարբ. 2–4. կամ Արաբերէնով՝ էջ 377 պարբ. 2–էջ 378 պարբ. 1)
Սեպտ. 22 Աստ. ընթ. Ղուկաս 19 եւ 20
Երգեցողութիւն թիւ 204
Թիւ 1. Նոր Լեզու մը Սորվիլ ու Նոր Դաշտեր Բանալ (Հրատարակողներ էջ 532 պարբ. 1–էջ 537 պարբ. 3)
Թիւ 2. Ղուկաս 19։11–27
Թիւ 3. Աստուածաշունչը կը Յայտնէ Ինչպէ՛ս Չար Ոգիները կը Գործեն (Գիտութիւն էջ 113–114 պարբ. 12–13)
Թիւ 4. Գլխաւորութիւնը Այրերուն Նշանակելը Կիները կը Նուաստացնէ՞ (Պատճառաբանել էջ 432 պարբ. 1–3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 378 պարբ. 2–էջ 379 պարբ. 1)
Սեպտ. 29 Աստ. ընթ. Ղուկաս 21 եւ 22
Երգեցողութիւն թիւ 47
Թիւ 1. Միսիոնարներուն Սէրն ու Նախանձախնդրութիւնը Ինչպէ՛ս Թագաւորութեան Գործը Յառաջ Տարած Են (Հրատարակողներ էջ 537 պարբ. 4–էջ 541 պարբ. 3)
Թիւ 2. Ղուկաս 22։24–38
Թիւ 3. Ինչպէ՛ս Դէմ Դնել Չար Ոգիներուն (Գիտութիւն էջ 114–115 պարբ. 14–15)
Թիւ 4. Կիները Պէ՞տք Է Ծառաներ Ըլլան (Պատճառաբանել էջ 432 պարբ. 4–էջ 433 պարբ. 1. կամ Արաբերէնով՝ էջ 379 պարբ. 2–3)
Հոկտ. 6 Աստ. ընթ. Ղուկաս 23 եւ 24
Երգեցողութիւն թիւ 46
Թիւ 1. Ղուկաս Գիրքը—Ինչո՛ւ Օգտակար Է («Բոլոր Գիրքը» էջ 192–193 պարբ. 30–35)
Թիւ 2. Ղուկաս 23։32–49
Թիւ 3. Ինչպէ՛ս Կրնաք Ձեր Հաւատքը Զօրացնել (Գիտութիւն էջ 115 պարբ. 16–17)
Թիւ 4. Քրիստոնեայ Կիները Որոշ Առիթներով Ինչո՞ւ Իրենց Գլուխները կը Ծածկեն (Պատճառաբանել էջ 433 պարբ. 2–էջ 434 պարբ. 1. կամ Արաբերէնով՝ էջ 380 պարբ. 1–2)
Հոկտ. 13 Աստ. ընթ. Յովհաննու 1–3
Երգեցողութիւն Թիւ 27
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Յովհաննու Գրքին Մասին («Բոլոր Գիրքը» էջ 193–195 պարբ. 1–9)
Թիւ 2. Յովհաննու 1։19–34
Թիւ 3. Չար Ոգիներու Դէմ Ձեր Կռիւը Շարունակեցէ՛ք (Գիտութիւն էջ 116–117 պարբ. 18–20)
Թիւ 4. Պատշա՞ճ Է որ Կիներ Շպարանիւթ կամ Գոհարեղէն Գործածեն (Պատճառաբանել էջ 435 պարբ. 1–3. կամ Արաբերէնով՝ էջ 381 պարբ. 1–էջ 382 պարբ. 1)
Հոկտ. 20 Աստ. ընթ. Յովհաննու 4 եւ 5
Երգեցողութիւն թիւ 10
Թիւ 1. Զինուած՝ Եհովայի Ծառայելու Ի Հեճուկս Հակառակութեան (Հրատարակողներ էջ 541 պարբ. 4–էջ 546 պարբ. 6)
Թիւ 2. Յովհաննու 4։39–54
Թիւ 3. Բարեպաշտ Կեանք մը Վարելը կը Նպաստէ Ուրախութեան (Գիտութիւն էջ 118–119 պարբ. 1–4)
Թիւ 4. Այս Աշխարհին ու Անոր Իշխանին Ապագան Ի՞նչ Է (Պատճառաբանել էջ 436 պարբ. 1–էջ 437 պարբ. 2. կամ Արաբերէնով՝ էջ 281 պարբ. 5–էջ 283 պարբ. 1)
Հոկտ. 27 Աստ. ընթ. Յովհաննու 6 եւ 7
Երգեցողութիւն Թիւ 150
Թիւ 1. Բարի Լուրին Ետին Եղած Ոյժը (Հրատարակողներ էջ 547 պարբ. 1–էջ 551 պարբ. 1)
Թիւ 2. Յովհաննու 6։52–71
Թիւ 3. Պարկեշտութիւնը Ուրախութիւն կու Տայ (Գիտութիւն էջ 119–120 պարբ. 5–6)
Թիւ 4. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աշխարհը Ինչպէ՞ս Պէտք Է Նկատեն (Պատճառաբանել էջ 437 պարբ. 3–էջ 438 պարբ. 4. կամ Արաբերէնով՝ էջ 283 պարբ. 2–էջ 284 պարբ. 2)
Նոյ. 3 Աստ. ընթ. Յովհաննու 8 եւ 9
Երգեցողութիւն թիւ 95
Թիւ 1. Բարի Լուրը ‘Անհասանելի Թաղամասեր’ուն Մատչելի Դարձնել (Հրատարակողներ էջ 551 պարբ. 2–էջ 553 պարբ. 4)
Թիւ 2. Յովհաննու 9։18–34
Թիւ 3. Առատաձեռնութիւնը Ուրախութիւն կու Տայ (Գիտութիւն էջ 120–121 պարբ. 7–8)
Թիւ 4. Միայն 144,000 Երկինք կ’Երթան (Բնաբաններ 16 Բ)
Նոյ. 10 Աստ. ընթ. Յովհաննու 10 եւ 11
Երգեցողութիւն թիւ 162
Թիւ 1. Հանրապէս եւ Տունէ Տուն Քարոզել (Հրատարակողներ էջ 556 պարբ. 1–էջ 560 պարբ. 3)
Թիւ 2. Յովհաննու 10։22–39
Թիւ 3. Ձեր Մտային Կարողութիւնները Պահեցէք ու Գէշ Բաներէն Խուսափեցէք (Գիտութիւն էջ 121–122 պարբ. 9–10)
Թիւ 4. Կրակը Բնաջնջումի Խորհրդանիշ մըն Է (Բնաբաններ 12 Բ)
Նոյ. 17 Աստ. ընթ. Յովհաննու 12 եւ 13
Երգեցողութիւն թիւ 160
Թիւ 1. Վկայելու Պատասխանատուութիւնը Ինչպէ՛ս Կատարուեցաւ (Հրատարակողներ էջ 561 պարբ. 1–էջ 565 պարբ. 2)
Թիւ 2. Յովհաննու 12։1–16
Թիւ 3. Կողակիցները Իրարու Հաւատարիմ Ըլլալով Ամուսնութեան մէջ Ուրախութիւն Ձեռք կը Ձգեն (Գիտութիւն էջ 122–123 պարբ. 11–13)
Թիւ 4. Տօները եւ Եհովայի Ճշմարիտ Ծառաները (Բնաբաններ 45 Բ)
Նոյ. 24 Աստ. ընթ. Յովհաննու 14–16
Երգեցողութիւն թիւ 172
Թիւ 1. Հանրային Վայրերու մէջ Վկայել ու Սորվիլ Մեր Հաւատքը Բացատրել (Հրատարակողներ էջ 565 պարբ. 3–էջ 570 պարբ. 1)
Թիւ 2. Յովհաննու 16։1–16
Թիւ 3. Աշխարհի Մէկ Մասը Մի՛ Ըլլաք (Գիտութիւն էջ 123–125 պարբ. 14–15)
Թիւ 4. Պաշտամունքի մէջ Արձաններու Գործածութիւնը Աստուծոյ Անարգանք մըն Է (Բնաբաններ 2 Ա)
Դեկ. 1 Աստ. ընթ. Յովհաննու 17 եւ 18
Երգեցողութիւն թիւ 13
Թիւ 1. Աստուծոյ Ճշմարիտ Վկաներուն Յատկորոշող Նշան մը (Հրատարակողներ էջ 570 պարբ. 2–էջ 574 պարբ. 4)
Թիւ 2. Յովհաննու 18։1–14
Թիւ 3. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Ինչո՛ւ Ծնունդ ու Տարեդարձ Չեն Տօներ (Գիտութիւն էջ 126 պարբ. 16–17)
Թիւ 4. «Յարաբերական» Պաշտամունքը Արտօնուած Չէ (Բնաբաններ 2 Բ)
Դեկ. 8 Աստ. ընթ. Յովհաննու 19–21
Երգեցողութիւն թիւ 113
Թիւ 1. Յովհաննու Գիրքը—Ինչո՛ւ Օգտակար Է («Բոլոր Գիրքը» էջ 198–199 պարբ. 30–35)
Թիւ 2. Յովհաննու 19։25–37
Թիւ 3. Տէրունական Ընթրիքը Շարունակենք Տօնել (Գիտութիւն էջ 127 պարբ. 18)
Թիւ 4. Աստուծոյ Անունը Պէտք Է Ճանչցուի (Բնաբաններ 14 Բ)
Դեկ. 15 Աստ. ընթ. Գործք 1–3
Երգեցողութիւն թիւ 55
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Գործք Առաքելոց Գրքին Մասին («Բոլոր Գիրքը» էջ 199–200 պարբ. 1–8)
Թիւ 2. Գործք 1։1–14
Թիւ 3. Աստուածաշունչի Սկզբունքները Ինչպէ՛ս Գործին ու Զբօսանքին կը Կիրարկուին (Գիտութիւն էջ 127–128 պարբ. 19–20)
Թիւ 4. Աստուծոյ Գլխաւոր Յատկութիւնները Ի՞նչ Են (Բնաբաններ 14 Դ)
Դեկ. 22 Աստ. ընթ. Գործք 4–6
Երգեցողութիւն թիւ 59
Թիւ 1. Սուրբ Գրային Գրականութիւններ Արտադրել Գործածելու Համար Ծառայութեան մէջ (Հրատարակողներ էջ 575 պարբ. 1–էջ 579 պարբ. 3 [կամ պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 2. Գործք 5։27–42
Թիւ 3. Կեանքի ու Արեան Հանդէպ Յարգանք Ցուցաբերենք (Գիտութիւն էջ 128–129 պարբ. 21–23)
Թիւ 4. Եհովայի Վկաներուն Ծագումը Ի՞նչ Է (Բնաբաններ 15 Ա)
Դեկ. 29 Գրաւոր Վերաքաղ։ Ամբողջացուցէք Ղուկաս 12–էն Գործք 6
Երգեցողութիւն թիւ 77