Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յունիս 12–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 95
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Ձեր Աշխատութիւնը Պարապ Չէ»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, ապա նիւթը հարց պատասխանով նկատի առէք։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 15 Յունիս 1996, էջ 32–ի վրայ գտնուող փորձառութենէն (Անգլերէն)։
22 վյրկ. Ուսումնասիրութիւններ Սկսիլ Ի՛նչ կը Պահանջէ Գրքոյկով։ Դասախօսութիւն, վերաքաղ ընելով Յունուար 1999 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 6–ի վրայ գտնուող յօդուածը։ Ցուցադրեցէք 6–րդ պարբերութեան մէջ թելադրուած ներկայացումը։ Մէկ կամ երկու հրատարակիչներ հակիրճօրէն թող պատմեն ուսումնասիրութիւններ սկսելու մէջ իրենց ձեռք ձգած յաջողութեան մասին, նշելով թէ ի՛նչպէս ուսումնասիրութիւն առաջարկեցին եւ ի՛նչ ըրին որպէսզի ամէն շաբաթ շարունակուի։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 19–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր եւ հաշիւներու եռամսեայ ստուգման ծանուցումը։ Եթէ ժողովքը Պատանիներ կամ Պատանեկութիւն գրքերէն քանակ մը ունի, ցուցադրեցէք թէ անոնք ծառայութեան մէջ ի՛նչպէս կրնան օգտակար կերպով գործածուիլ ամառուան ամիսներու ընթացքին, երբ մեծ հաւանականութիւն կայ որ պատանիներ տունը գտնենք։
8 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։
25 վյրկ. «Ի՞նչպէս Կրնամ . . . Եթէ Մէկը Ինծի Չառաջնորդէ»։ Ծառայութեան տեսուչը նիւթը նկատի կ’առնէ հարց պատասխանով։ Իւրաքանչիւր պարբերութիւն բարձրաձայն թող կարդացուի, նաեւ կարդացէք 3, 4, եւ 7–րդ պարբերութիւններուն համարները։ Երբ 6–րդ պարբերութեան հասնիք, բացատրեցէք ծառայութեան տեսուչին դերը, որոշելու համար թէ մկրտուած անհատներու հետ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւն մը պէտք է վերսկսի՞ թէ ոչ։—Տես՝ Նոյեմբեր 1998 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը։
Երգեցողութիւն թիւ 59 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 26–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 34
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Յունիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Վերաքաղ ըրէք Յուլիս ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնը։ Ցոյց տուէք տեղական ժողովքին մէջ մատչելի եղող հին գրքոյկները, եւ հակիրճօրէն նշեցէք իւրաքանչիւրին նպատակը։ Լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւն մը ներկայացուցէք, ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս կրնաք ասոնցմէ մէկը ծառայութեան մէջ ներկայացնել։
17 վյրկ. «Առատաձեռն՝ եւ Ձեր Ունեցածով Ուրիշներուն Օգնելու Պատրաստ Եղէք»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակեցէք այն չորս պատճառները թէ «Ինչո՛ւ կու Տանք», որոնք ուրուագծուած են Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1996, էջ 29-30–ի մէջ (Անգլերէն)։
18 վյրկ. Գիտցէք թէ Ի՛նչպէս Պատասխան Կրնաք Տալ։ (Կող. 4։6) Դասախօսութիւն եւ ներկաներու հետ խօսակցութիւն։ Ի՞նչ կ’ընէք երբ կը հանդիպիք անհատի մը, որ սուրբ գրային չեղող առարկութիւն մը կը յարուցանէ։ Պատճառաբանել գիրքը յաճախ օգնութեան կը փութայ, գործնական թելադրութիւններ հայթայթելով թէ ի՛նչպէս կրնանք փափկանկատ պատասխան մը տալ։ Զոր օրինակ, թէեւ մահը կը նկատենք թշնամի մը որ Յիսուսի փրկանքին միջոցաւ պիտի նուաճուի, սակայն ուրիշներ համոզուած են թէ ոչինչ պիտի չքացնէ մահը. անոնք նոյնիսկ հոգեփոխութեան սուտ գաղափարին հաւատք կ’ընծայեն։ Նկատի առէք Պատճառաբանել գրքին մէջ ներկայացուած պատասխանները, «Եթէ Անհատ մը Ըսէ» ենթագլուխին ներքեւ, էջ 103-104 եւ 321։ Բոլորը քաջալերեցէք որ այս գիրքը դաշտի ծառայութեան մէջ իրենց հետ ունենան։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 3–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 123
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Խնդրեցէք որ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկով ուսումնասիրութիւններ սկսած հրատարակիչներ պատմեն, թէ ասիկա ի՛նչպէս իրագործած են։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Աստուածաշունչի Սկզբունքները Կիրարկելը Ընտանեկան Կեանքը կը Զօրացնէ։ Երկու եղբայրներու միջեւ խօսակցութիւն, հիմնուած՝ Պատճառաբանել գրքին 253-254–րդ էջերուն մէջ գտնուող ութը կէտերուն վրայ։ Բացատրեցէք թէ ո՛րքան կարեւոր է Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել, որպէսզի սորվին, թէ ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող սկզբունքները հասկնալուն եւ կիրարկելուն մէջ կը կայանայ։ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 8–րդ դասը գործածելով, ցուցադրեցէք թէ ասիկա ի՛նչպէս կրնայ իրագործուիլ։ Աստուածաշունչի խրատին ընդառաջող ընտանիքները, իրարու կը մօտենան եւ յաւելեալ ուրախութիւն ինչպէս նաեւ սիրոյ եւ միութեան սերտ կապեր կը վայելեն։ Պատմեցէք Ընտանիք գրքին գլուխ 13, պարբերութիւն 1, 21-22–ին մէջ գտնուող փորձառութիւնը։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։