Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/00 էջ 1
  • «Չենք Կրնար Չխօսիլ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Չենք Կրնար Չխօսիլ»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Շարունակեցէք խիզախօրէն խօսիլ Աստուծոյ Խօսքը
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
  • ‘Աստուծոյ խօսքը համարձակ խօսէ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Բարի Լուրը Առանց Դանդաղելու Յայտարարենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Յիսուսը ընդօրինակէ. համարձակութեամբ քարոզէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 7/00 էջ 1

«Չենք Կրնար Չխօսիլ»

1 Յիսուս Քրիստոս մօտէն կը հսկէ քարոզչութեան գործին։ (Մատթ. 28։20. Մար. 13։10) Թէպէտ շուրջ վեց միլիոն գործօն հրատարակիչներ 234 երկիրներու մէջ կը վկայեն, պէտք չէ ենթադրենք որ մեր վկայութեան գործը ամբողջացած է։ Մինչեւ որ Աստուած չյայտարարէ թէ գործը ամբողջացած է, «չենք կրնար չխօսիլ» մեր սորված բաներուն մասին։—Գործք 4։20

2 Աստուծոյ Հոգիին Ապաւինեցէք. Սատանան մեծ ճնշում կը բանեցնէ մեզ վհատեցնելու համար։ (Յայտ. 12։17) Մեր անկատար մարմինն ալ շատ մը խնդիրներ կը յարուցանէ։ Այսպիսի բաներ կրնան մեր ուշադրութիւնը վրիպեցնել շատ կարեւոր եղող քարոզչութեան գործէն։ Այսուհանդերձ, եթէ Եհովայի ապաւինինք, իր հոգին մեզի պիտի օգնէ որ որեւէ արգելք յաղթահարենք։

3 Երբ առաջին դարու Քրիստոնեայ ժողովքը սաստիկ հալածանքի ենթարկուեցաւ, եղբայրները Աստուծոյ աղօթեցին օգնութեան համար, որպէսզի շարունակէին ամենայն համարձակութեամբ իր խօսքը խօսիլ։ Եհովա պատասխանեց անոնց աղօթքին, իր հոգիով տոգորելով զանոնք, եւ անոնց հարկ եղած նախանձախնդրութիւնը եւ վճռակամութիւնը տալով, որպէսզի շարունակէին քարոզել։ Որպէս հետեւանք՝ անոնք շարունակեցին առանց դադարելու համարձակօրէն բարի լուրը քարոզել։—Գործք 4։29, 31. 5։42

4 Ժխտական Խօսակցութենէն Մի՛ Վախնաք. Հասարակաց կարծիքը կամ ծանուցուած զրպարտութիւնները վախ պատճառող ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր վրայ։ Սակայն, յիշեցէք Գործք Առաքելոց 5։29-32–ի մէջ արձանագրուած Պետրոսի եւ միւս առաքեալներուն Սենետրիոնին տուած համարձակ պատասխանը։ Ինչպէս Օրէնքի ուսուցիչ Գամաղիէլ ընդունեց, Աստուծոյ գործը չի կրնար խափանուիլ։ Անիկա մեր ուժով չ’իրագործուիր։ Այս հսկայ գործին զօրավիգ կանգնողը Աստուած է, եւ միայն ի՛նք կրնայ իրագործել զայն։—Զաք. 4։6

5 Շարունակենք ամէն օր Եհովայի աղաչել որ իր հոգիով օգնէ մեզի, որպէսզի նախանձախնդրաբար բարի լուրը յայտարարենք։ Երեմիայի նման մե՛նք ալ ըսենք, որ Թագաւորութեան պատգամը մեր ոսկորներուն մէջ բորբոքած կրակի մը նման է։ (Երեմ. 20։9) Չե՛նք կրնար լուռ կենալ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել