Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յուլիս 10–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Խօսեցէք ձեր ժողովքին Ապրիլ ամսուան դաշտի ծառայութեան մասին։ Ուշադրութեան յանձնեցէք «Վերջին Էջը Տեսէք» շրջագիծը, եւ ցուցադրեցէք թելադրուած ներկայացումներէն մէկը, որ կրնայ ձեր թաղամասին մէջ ազդեցիկ ըլլալ։
15 վյրկ. «Չենք Կրնար Չխօսիլ»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, ապա զրոյցը շարունակեցէք հարց պատասխանով։ Կարգ մը պատճառներ ընդգծեցէք թէ մեր քարոզչական նշանակումը ինչո՛ւ այդքան լուրջի կ’առնենք։ Պարփակեցէք յարմար կէտեր, առնուած՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1997–ի համարէն, էջ 27-28։
18 վյրկ. «Թող Բոլոր Բաները Շինութեան Համար Ըլլան»։ Երկու երէցներ յօդուածը նկատի կ’առնեն։ Կարդացէք իւրաքանչիւր պարբերութիւն եւ ակնարկուած համարները։ Աչքառու դարձուցէք խնդրոյ առարկայ եղող սկզբունքները։ Շեշտեցէք թէ ներատեսութեան կարիքը կայ, երբ առեւտրական հարցեր ձեռք կ’առնուին կամ ներդրումներ կը կատարուին։ Վերաքաղ ըրէք կարգ մը խրատներ, առնուած՝ Դիտարան 1 Յունիս 1997–ի համարէն, էջ 23-24, 27։
Երգեցողութիւն թիւ 95 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 17–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Հակիրճօրէն բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս կրնանք Աստուածային Անունը գրքոյկը գործածել, հետաքրքրուած անհատներուն օգնելու համար որ գնահատեն Աստուծոյ անձնական անունը գիտնալու եւ զայն գործածելու կարիքը։—Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 196-197։
10 վյրկ. «Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր»։ Հարց պատասխանով։ Ծանուցանեցէք յաջորդ շրջանային համաժողովին թուականը, եւ յորդորեցէք որ ամէնքն ալ երկու օրերուն ներկայ գտնուին։ Բոլորը քաջալերեցէք որ մասնայատուկ ջանք թափեն Աստուածաշունչի աշակերտները հրաւիրելու։ Համաժողովին ներկայ գտնուիլը, ժողովքին հետ կանոնաւորաբար ընկերակցելու անոնց փափաքը կրնայ զօրացնել։
20 վյրկ. Ո՞վ Պէտք Է Ըլլայ Ձեր Տիպարը։ Հայր մը իր ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը կը վարէ մէկ կամ երկու դեռատի զաւակներուն հետ։ Ան վերջերս նկատած է թէ, յաճախ անոնց խօսակցութեան նիւթը մարմնամարզանքի հերոսները, շարժապատկերի աստղերը, հեռատեսիլի անձնաւորութիւնները եւ երաժիշտները եղած է։ Ան մտահոգութիւն կը յայտնէ, քանի որ այս տեսակի հիացմունք աշխարհի հոգիին մէկ յայտնաբերումն է։ Անոնք նկատի կ’առնեն Զարթի՛ր 22 Մայիս 1998–ի համարը, էջ 12-14։ Պատանիները կ’ընդունին թէ աշխարհային անձնաւորութիւններ աստուածացնելը վտանգաւոր է, եւ կը համաձայնին թէ աշխարհի կարկառուն դէմքերը Քրիստոնեային մատուցանելիք բան մը չունին։ Անոնք նկատի կ’առնեն իրենց ծնողները, երէցները, ժողովքին մէջ օրինակելի ուրիշ անհատներ՝ եւ յատկապէս Յիսուս Քրիստոսը՝ իրենց գլխաւոր տիպարը ընելուն օգուտները։
Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 24–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Մեր Անձերը կը Յանձնարարենք Որպէս Աստուծոյ Սպասաւորներ։ Երկու օգնական ծառաներ նկատի կ’առնեն Դիտարան 1 Յունուար 1999–ի մէջ տրուած սուրբ գրային խրատը, էջ 16-18։ Անոնք կ’ընդունին որ որպէս օգնական ծառաներ ինչ որ կը սպասուի իրենցմէ, լաւ կերպով պէտք է ընեն, եւ վերաքաղ կ’ընեն թէ անձամբ ի՛նչ կրնան ընել ցոյց տալու համար թէ իրենց նշանակումները լիովին կը կատարեն։ Անոնք դաշտի ծառայութեան մէջ լաւ օրինակներ ըլլալու կարեւորութեան կը գիտակցին, եւ նկատի կ’առնեն կարգ մը կերպեր, որոնցմով կրնան ուրիշներու անհատական օգնութիւն մատուցանելու մէջ երէցներուն ձեռնտու ըլլալ։ Անոնք կը համաձայնին որ կ’ուզեն իրենց ձեռքէն եկածը ընել, ժողովքի անդամներուն օգնելով որ գնահատեն մեր ժամանակներուն ստիպողականութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հոգեւորապէս աճին ու բարգաւաճին։
10 վյրկ. Նամակներ Գրել Անհատներու Որոնց Հետ Չենք Կրնար Հաղորդակցութեան Մէջ Գալ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Քանի որ հետզհետէ դժուար կ’ըլլայ մարդիկը տունը գտնել, հրատարակիչներէն ոմանք լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն նամակներ գրելով։ Նկատի առէք հետեւեալ ուղղութիւնները։ Նամակները հակիրճ պէտք է ըլլան, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած եւ յարգանք ներշնչող։ Անանուն նամակներ մի՛ ղրկէք։ Կոկիկ եւ ընթեռնլի կերպով գրեցէք կամ տպեցէք։ Տուէք Թագաւորութեան Սրահին հասցէն եւ ժողովքային հանդիպումներուն ժամերը, նաեւ ներկայ գտնուելու հրաւէր մը։ Ընկերութեան հասցէն մի՛ գործածէք որպէս թէ ատիկա ըլլար ղրկողը։ Վերաքաղ ըրէք Դպրոցի Ուղեգիրք–ին մէջ ներկայացուած թելադրութիւնները, էջ 87-88, եւ Նոյեմբեր 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը։
15 վյրկ. Ազդու Ներկայացումներ Գործածեցէք։ Երկու կամ երեք ներկայացումներ գործածեցէք, առնուած՝ Պատճառաբանել գրքէն՝ էջ 9-15, եւ նկատի առէք թէ ասոնք ի՛նչպէս կրնան ազդու կերպով գործածուիլ ձեր թաղամասին մէջ։ Ներկաներուն հարցուցէք՝ «Ի՞նչ ներկայացումներ կը գործածէք, երբ փողոցը, անպաշտօն կամ այլ կերպով, մէկու մը կը մօտենաք»։ Եթէ ժամանակը ներէ, մէկ կամ երկու բացում ցուցադրեցէք։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 31–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 113
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուցէք որ Յուլիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ այս ամիս գրքոյկներ բաշխելու ընթացքին, իրենց ունեցած փորձառութիւնները պատմեն։
12 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
18 վյրկ. «Եհովայի Համբերութիւնը կը Գնահատէ՞ք»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակեցէք յարմար մեկնաբանութիւններ Եհովայի երկայնամտութեան մասին։—Տես՝ Խորաթափանց, Հատոր Բ., էջ 263-264։
Երգեցողութիւն թիւ 81 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 7–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
17 վյրկ. «Ամչկո՞տ Էք»։ Հարց պատասխանով։ Պատմեցէք քաջալերական փորձառութիւն մը, առնուած՝ 1997–ի Տարեգիրք–էն, էջ 43-44։
18 վյրկ. Ձեր Ապագային Համար Իմաստուն Եղէք։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Պատանիներ կը փափաքին իրենց սիրած անհատներուն հետ ուրախ ապագայ մը վայելել։ Թէեւ ասիկա բնական բան մըն է, սակայն անոնք աստուածային խրատները պէտք է կիրարկեն, եթէ կ’ուզեն յաջողութիւն գտնել։ (Առ. 19։20) Պատանեկութեան շրջանին հակառակ սեռի հանդէպ հրապոյրը զօրաւոր կ’ըլլայ։ Եթէ զգացումները չզսպուին, հետեւանքները աղիտալի կրնան ըլլալ։ Շատ հարցումներ կը յարուցուին թէ, ո՛րքանով իմաստութիւն է որ դեռատիներ զգացական կապեր մշակեն հակառակ սեռին հետ, վիպական յարաբերութիւններ զարգացնելով, որոնք ժամադրուելու կ’առաջնորդեն։ Վերաքաղ ըրէք Պատանիներ գրքին մէջ տրուած խրատը, էջ 231-235։ Աչքառու դարձուցէք Դիտարան 15 Նոյեմբեր 1999–էն առնուած գլխաւոր կէտեր, էջ 18-23, որոնք ցոյց կու տան թէ ո՛րքան կարեւոր է, որ պատանիներ Աստուծոյ հանդէպ իրենց պարտականութիւնը լման կերպով կատարեն։ Պատանիները քաջալերեցէք որ այս խրատին մասին խորհրդածեն եւ եթէ հարցումներ ունին անոնց մասին իրենց ծնողներուն հետ խօսին։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։