Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/00 էջ 1
  • «Ատենին Ըսուած Խօսքը»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ատենին Ըսուած Խօսքը»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բնական եղիր
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Հարցումներու Ազդու Գործածութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ի՛նչպէս Բարելաւել Զրուցելու Կարողութիւնը
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Պարզութիւնը Լաւագոյնն Է
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 11/00 էջ 1

«Ատենին Ըսուած Խօսքը»

1 Ուրիշներուն հետ կեանքի պատգամը բաժնելը դժուա՞ր կը թուի ձեզի։ Այն զգացումը ունի՞ք որ շատ խորիմաստ բան մը պէտք է ըսէք, ձեր ունկնդիրը տպաւորելու համար։ Երբ Յիսուս իր աշակերտները ղրկեց, անոնց ըսաւ. «Երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’»։ (Մատթ. 10։7) Այս պատգամը խրթին չէր, այլ հեշտ էր։ Նոյնն է պարագան այսօր։

2 Յաճախ քանի մը բառեր պէտք են խօսակցութիւն մը սկսելու համար։ Երբ Փիլիպպոս Եթովպիացի ներքինիին հանդիպեցաւ, անոր հարցուց. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ (Գործք 8։31) «Ատենին ըսուած [այս] խօսք»ով ի՜նչ գոհացուցիչ խօսակցութիւն մը ծայր տուաւ։—Առ. 25։11, ՆԱ

3 Կրնաք նոյնանման մօտեցում մը գործածել ձեր ծառայութեան մէջ։ Ի՞նչպէս։ Նկատառու ըլլալով եւ պարագաներուն յարմար բառեր ընտրելով։ Հարցում մը հարցուցէք եւ պատասխանին սպասեցէք։

4 Կարգ մը Հիմնական Հարցումներ. Խօսակցութիւն մը սկսելու համար այս հարցումներէն որեւէ մէկը կրնաք գործածել.

◼ «Տէրունական Աղօթքը (կամ՝ Հայր Մերը) կը գործածէ՞ք ձեր պաշտամունքին մէջ»։ (Մատթ. 6։9, 10) Անկէ մաս մը կրկնեցէք, ապա ըսէք. «Ոմանք կը հարցնեն՝ ‘Ի՞նչ է Աստուծոյ անունը, որ Յիսուս ըսաւ որ պէտք է սրբացուի’։ Ուրիշներ կը հարցնեն՝ ‘Ի՞նչ է այն Թագաւորութիւնը, որու համար Յիսուս ըսաւ որ աղօթենք’։ Արդեօք այս հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ ստացա՞ծ էք»։

◼ «Բնաւ դուք ձեզի հարց տուա՞ծ էք թէ՝ Ի՛նչ է կեանքին նպատակը»։ Ցոյց տուէք որ անիկա Աստուծոյ գիտութեան հետ կապուած է։—Ժող. 12։13. Յովհ. 17։3

◼ «Կը խորհի՞ք որ օր մը մահը պիտի չքանայ»։ Գործածեցէք Եսայեայ 25։8–ն եւ Յայտնութիւն 21։4–ը, վստահելի պատասխան մը տալու համար։

◼ «Աշխարհի տակնուվրայութեան համար լուծում մը կա՞յ»։ Ցոյց տուէք թէ Աստուած կը սորվեցնէ՝ ‘քու ընկերդ սիրէ’։—Մատթ. 22։39

◼ «Արդեօք օր մը մեր երկիրը անջրպետէն եկած աղէտով մը պիտի կործանի՞»։ Աստուածաշունչի խոստումը բաժնեցէք թէ՝ երկիրը յաւիտեան պիտի մնայ։—Սաղմ. 104։5

5 Բարի լուրը ներկայացուցէք պարզ, յստակ եւ ազնիւ կերպով։ Եհովա պիտի օրհնէ ուրիշներուն հետ նոյնիսկ ճշմարտութեան «խօսք» մը բաժնելու ձեր ջանքերը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել