Պարզութիւնը Լաւագոյնն Է
1 Ինչո՞ւ դեռահասակ հրատարակիչներ Թագաւորութեան պատգամը լսողներուն ուշադրութիւնը յաճախ կը գրաւեն։ Պատճառներէն մէկը այն է որ անոնց արտայայտութիւնները պարզ են։ Կարգ մը հրատարակիչներ կրնան խորհիլ թէ ազդուօրէն վկայելը պերճախօս ներկայացում մը կը պահանջէ։ Սակայն, փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ պարզ եւ յստակ ներկայացում մը լաւագոյնն է։
2 Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանեց պարզ եւ ուղղակի կերպով, եւ իր աշակերտները մարզեց որ նոյնը ընեն։ (Մատթ. 4։17. 10։5-7. Ղուկ. 10։1, 9) Ան պարզ մօտեցումներ, հարցումներ եւ օրինակներ գործածեց, իր ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը գրաւելու եւ անոնց սրտին հասնելու համար։ (Յովհ. 4։7-14) Լաւ կ’ընենք եթէ իր օրինակին հետեւինք եւ այնպիսի ներկայացումներ ընենք որոնք դիւրաւ կը հասկցուին։
3 Մեր քարոզած պատգամը «Թագաւորութեան բարի լուր»ն է։ (Մատթ. 24։14, ՆԱ) Ձեր հիմնական բնաբանը Թագաւորութեան մասին ընելը պիտի օգնէ որ ձեր ներկայացումը պարզ պահէք։ Խօսեցէք ձեր ունկնդիրները հետաքրքրող բաներու մասին։ Կիներ յաճախ աւելի հետաքրքրուած կ’ըլլան իրենց ընտանիքով, քան՝ քաղաքական նիւթերով։ Հօր մը անմիջական մտահոգութիւնը, իր գործն ու ընտանիքին ապահովութիւնն է։ Երիտասարդներ իրենց ապագայով հետաքրքրուած կ’ըլլան. իսկ տարեցներ՝ աւելի լաւ առողջութեամբ եւ իրենց ապահովութեամբ։ Մարդիկ սովորաբար աւելի հետաքրքրուած կ’ըլլան տեղական իրադարձութիւններով, քան՝ հեռաւոր երկիրներու մէջ պատահած դէպքերով։ Հասարակաց նիւթերու շուրջ խօսակցելէ ետք, ուշադրութիւն հրաւիրեցէք Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ հնազանդ մարդոց վայելելիք օրհնութիւններուն վրայ։ Քանի մը պարզ ու լաւ ընտրուած բառեր համարի մը միացնելով, կրնան լաւագոյն միջոցը ըլլալ ձեզի մտիկ ընողին հետաքրքրութիւնը արթնցնելու համար։
4 Կրնաք խօսակցութիւն մը սկսիլ, ըսելով.
◼ «Անկասկած կը համաձայնիք թէ մարդկութիւնը բազմաթիւ անբուժելի հիւանդութիւններով հարուածուած է։ Բայց գիտէի՞ք թէ Աստուած խոստացած է որ շուտով բնաջինջ պիտի ընէ ամէն տեսակ հիւանդութիւն, ինչպէս նաեւ մահը»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ, ապա կարդացէք Յայտնութիւն 21։3, 4–ը։
5 Յստակ եւ պարզ ներկայացումներով, թող որ ձեր թաղամասին մէջ գտնուող աւելի շատ մարդոց մտքերուն եւ սրտերուն հասնիք, անոնց օգնելով որ Եհովայի եւ յաւիտեան կեանքը վայելելու հեռանկարին մասին սորվին։—Յովհ. 17։3