ՊԱՐԶ ԵՒ ԱԶԴԵՑԻԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐ
1 Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը յայտարարեց պարզ եւ ուղղակի կերպով մը։ Ան գիտէր թէ ոչխարանման անհատները նպաստաւոր կերպով պիտի հակազդէին երբ ճշմարտութիւնը լսէին։ Ան նաեւ գիտէր թէ մարդիկ կը տարբերին իրենց մտածելակերպին, հետաքրքրութիւններուն, եւ պատճառաբանելու կարողութեան մէջ։ Հետեւաբար, ան պարզ բացումներու, հարցումներու, եւ լուսաբանութիւններու այլազանութիւն մը գործածեց, որպէսզի իր ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը գրաւէ եւ անոնց սրտերուն հասնի։ Մենք կրնանք զինք ընդօրինակել եւ պարզ ու ազդեցիկ բացումեր լաւ կերպով գործածել։
2 Պատճառաբանել Գիրքը Ազդեցիկ Կերպով Գործածեցէք. Պատճառաբանել գրքին 11–րդ [կամ 9–րդ, Արբ.] էջին վրայ, «Գործ/Պատսպարում» խորագրին տակ առաջին բացումը այժմէական է եւ դիւրին կերպով կը ներկայացուի։
Կրնաք ըսել.
◼ «Ձեր դրացիներուն հետ կը խօսակցէինք թէ ի՛նչ կարելի է ընել վստահ ըլլալու համար թէ ամէն անհատի գործ ու պատսպարում պիտի ըլլան։ Կը խորհի՞ք թէ տրամաբանական է ակնկալել որ մարդկային կառավարութիւնները ասիկա պիտի իրագործեն։ . . . Բայց մէկը կայ որ գիտէ ինչպէս լուծել այս խնդիրները. ան մարդկութեան Ստեղծիչն է»։ Կարդացէք Եսայեայ 65։21–23։ Ապա կրնաք տանուտիրոջ հարցնել թէ անիկա ի՛նչպէս կը թուի իրեն։
3 Շատերու կոչ պիտի ընէ այսօր էջ 12–ին վրայ եղած բացումը՝ «Անարդարութիւն/Տառապանք» խորագրին տակ։
Կրնաք հարցնել.
◼ «Որեւէ ժամանակ հարց տուա՞ծ էք. Աստուած իրապէս կը հետաքրքրուի՞ մարդոց կրած անարդարութեան եւ տառապանքին մասին»։ Թոյլ տուէք որ տանուտէրը պատասխանէ, ապա կարդացէք Ժողովողի 4։1 եւ Սաղմոս 72։12–14։ Ձեր խօսակցութեան ընթացքին, կրնաք կարգ մը կէտեր գործածել Յաւիտեան Ապրիլ գիրքէն, էջ 150–3, հակիրճօրէն ցոյց տալու ինչպէս աշխարհի վիճակները Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումն են այսօր։ Ետքը՝ էջ 161–2, ցոյց տալու թէ Աստուած ինչ յաւելեալ բաներ գուշակեց մարդուն օրհնութեան համար։ Տանուտիրոջ հարցուցէք թէ ո՛ր երեսակը իրեն մեծապէս կոչ կ’ընէ։
4 Կամ, տանուտիրոջ հետ հակիրճ խօսակցութենէ մը ետք, կրնաք ըսել.
◼ «Այսօր աշխարհի մէջ շատ թշուառութիւն եւ խնդիրներ կան։ Պատերազմը, ուտելիքի պակասը, եւ հիւանդութիւնները բոլորն ալ մարգարէացուած են Աստուածաշունչին մէջ։ Բայց Աստուած նաեւ խոստացած է սքանչելի փոփոխութիւն մը բերել մարդկութեան համար»։ Կարդացէք այս յօդուածին 3–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած համարները։
5 Մեր անկեղծ հետաքրքրութիւնը մարդոց հանդէպ ինչպէս նաեւ սրտին խօսող պարզ ու ազդեցիկ ներկայացումը, վստահօրէն կոչ պիտի ընեն ոչխարանման անհատներուն։—Յովհ. 10։16