«ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԷՔ . . . ԻՆՉ ՈՐ ԵՍ ՁԵԶԻ ՊԱՏՈՒԻՐԵՑԻ»
1 Աշակերտելը սորվեցնել կը պարփակէ։ Անհատ մը Քրիստոսի աշակերտը ըլլալէ առաջ, պէտք է սորվի պահել Յիսուսի պատուիրած բոլոր բաները։ (Մատթ. 28։19, 20) Ասիկա իրագործելու լաւագոյն կերպն է տան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը։
2 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլը միշտ դիւրին չէ։ Եթէ դժուարութիւն կ’ունենաք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը գտնելու մէջ, մի վհատիք։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու մէջ յաջողիլը կը պահանջէ հաստատամտութիւն եւ անկեղծ փափաք մը ճշմարտութիւնը ուրիշներու հաղորդելու։—Գաղ. 6։9
3 Հետաքրքրութիւն Զարգացնել. Ձեր առաջին խօսակցութիւնը կրնայ միայն սահմանափակ հետաքրքրութիւն յառաջ բերել։ Պարագաներուն համաձայն, կրնաք տանուտիրոջ մատուցանել թերթիկ մը, գրքոյկ մը, կամ պարբերաթերթեր ձեր յաջորդ այցելութեան ատեն։ Թերեւս կարող ըլլաք ասոնցմէ մէկը գործածել տան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու։ Եթէ տանուտէրը պատգամով աւելի հետաքրքրուի, կրնաք անցնիլ ուրիշ յարմար գրականութեան մը երբ կրկին կը վերայցելէք։
4 Նախապատրաստութիւնը յաջողութեան բանալին է։ Ինչո՞ւ առաջուընէ չընտրէք համար մը որ մէջբերուած է այն թերթիկին, գրքոյկին, կամ պարբերաթերթին մէջ որ ծրագրած էք գործածել ձեր վերայցելութեան ընթացքին։ Այդ կերպով կարող պիտի ըլլաք հրատարակութենէն մէջբերումներ ընել ձեր խօսակցութեան մէջ։ Կրնաք նաեւ հրատարակութենէն ուղղակի կարդալ մէկ կամ երկու պարբերութիւններ։
5 Կրնաք ասիկա ըսել.
◼ «Կարգ մը տեղեկութիւններ կը բաժնենք աչքառու մարգարէութեան մը մասին որ այժմ կը կատարուի»։ Կարդացէք Մատթէոս 24։3, ապա գործածեցէք «Ահա» գրքոյկին 24–րդ էջի պատկերն ու մեկնաբանութիւնները։ Նոյնանման մօտեցում մը կրնաք գործածել երբ կը ներկայացնէք Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ թերթիկը։
6 Անգամ մը որ անկեղծ հետաքրքրութիւն զատորոշուի, պէտք է շուտով հետապնդել զայն։ Փորձեցէք վերադառնալ մէկ շաբթուայ ընթացքին, այնպէս որ վերջին խօսակցութիւնը տակաւին թարմ ըլլայ տանուտիրոջ մտքին մէջ։ Ամէն անգամ որ կ’այցելէք, ձեր մատուցած հրատարակութենէն նկատի առէք մի քանի պարբերութիւններ։ Ետքը, յարմար ժամանակին, կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ներկայացնել, շարունակելով նոյն ընթացքը։
7 Ներկայիս տակաւին ընելիք շատ գործ կայ Յիսուսի գուշակած հսկայ հունձքին առնչութեամբ։ (Մատթ. 9։37, 38) Մինչ կը շարունակենք պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներու սորվեցնել, ունինք Յիսուսի զօրութիւն ներշնչող երաշխիքը թէ ինք ‘ամէն օր մեզի հետ է, մինչեւ իրերու դրութեան վախճանը’։