ՅՈՒԼԻՍԻՆ՝ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐԷՆ ԱԶԴԵՑԻԿ ԿԵՐՊՈՎ ՕԳՏՈՒԻՆՔ
1 Աշակերտելու գործը արագացնելու համար, կազմակերպութիւնը շատ մը տարբեր հրատարակութիւններ առատապէս հայթայթած է։ Անոնց մէջ կ’իյնան գրքոյկներ որոնք մասնայատուկ բնաբաններ նկատի կ’առնեն, ինչպէս՝ Աստուծոյ նպատակը երկրի նկատմամբ, Երրորդութիւնը, Թագաւորութեան կառավարութիւնը եւ Աստուծոյ թոյլտուութիւնը չարութեան։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս գրքոյկներէն օգտուիլ որպէսզի մեր թաղամասին մէջ եղող մարդոց օգնենք։
2 Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի գրքոյկը տրամաբանօրէն կը բացատրէ որ տառապանքէ զերծ նոր աշխարհ մը վերահաս է։ Ինչպէ՞ս կրնանք անկէ օգտուիլ։ Առաջարկներ կան Պատճառաբանել գրքին մէջ, «Տառապանք» գլխաւոր խորագրին տակ, էջ 393–էն սկսեալ, կամ կրնաք նախընտրել այն բացումը որ կը գտնուի էջ 12–ի վրայ, «Անարդարութիւն/Տառապանք» խորագրին տակ։
3 Կրնաք ըսել.
◼ «Արդեօք որեւէ մէկ ատեն հարց տուա՞ծ էք. ‘Աստուած իրապէս կը հետաքրքրուի՞ որ մարդիկ անարդարութեան եւ տառապանքին կը մատնուին’»։ Պատասխանելու առիթ տուէք։ Կարդացէք Սաղմոս 72։12-14–ը։ Յետոյ գործածեցէք կարգ մը կէտեր զորս սորված էք Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի գրքոյկին 22–րդ էջէն, Ժ. բաժինի խորագիրներուն ներքեւ, ինչպէս նաեւ՝ 23–րդ էջին վրայ գտնուած պատկերին իմաստը։
4 Լաւ կառավարութիւնը հետաքրքրութեան արժանի նիւթ մըն է այսօր։ Շատեր հարց կու տան թէ մարդու իշխանութիւնը պիտի միացնէ՞ աշխարհը։ Օգնական տեղեկութիւններ կան «Կառավարութիւն» վերնագրին տակ, Պատճառաբանել գրքի էջ 152–էն սկսեալ։
5 Կրնաք հարցնել.
◼ «Կարելի՞ է որ մարդիկ կառավարութիւն մը հաստատեն որ իրապէս մնայուն երջանկութիւն բերէ»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ, յետոյ հարցուցէք. «Մարդկութեան պատմութեան արձանագրութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ»։ Բացէք Երեմեայ 10։23–ը կամ բացէք Պատճառաբանել գրքի էջ 152–ը եւ յարմար համարներ ու մեկնաբանութիւններ կարդացէք։ Անկէ ետք, գործածեցէք կէտեր զորս սորված էք Կառավարութիւն գրքոյկին էջ 24 եւ 25–էն եւ նկատի առէք համարները։ Բացատրեցէք ինչպէս Աստուծոյ կառավարութիւնը մարդիկ պիտի միացնէ համայն երկրի վրայ։
6 Եթէ ձեր շրջակայքին մէջ ոճիրի վախը կայ, հետեւեալ բացումը կրնայ կոչ ընել։
7 Կրնաք ըսել.
◼ «Շատ մարդիկ հարց կու տան, ‘եթէ Աստուած սէր է, ինչո՞ւ չարութիւնը կը թոյլատրէ’։ Դուք ալ հարց տուա՞ծ էք ասոր մասին»։ Մեկնաբանելու առիթ տուէք, ապա ըսէք. «Նկատեցէք որ Առակաց 19։3–ը կը զգուշացնէ Աստուած մեղադրելէ մարդոց ըրած չար բաներուն համար»։ Համարը կարդալէ ետք, կարգ մը կէտեր գործածեցէք «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ» գրքոյկին էջ 15–էն։
8 Գրքոյկներ գործածելը բարի լուրի մասին ոչխարանման անհատները ուսուցանելու համար, բան մըն է զոր բոլորս ալ կրնանք ընել։ Ամէն մակարդակէ եղող մարդոց կրնանք օգնել որ Աստուծոյ կազմակերպութեան հետ ընկերակցին։ Մեր առանձնաշնորհումն է քարոզչական գործունէութեան մասնակցիլ մինչ մեր այժմէական գրքոյկներէն ազդեցիկ կերպով կ’օգտուինք։