ԳՐՔՈՅԿՆԵՐԸ ՑՑՈՒՆ ԸՐԷՔ՝ ՁԵՐ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍԸ ԲԱԺՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
1 Մինչ ականատես կ’ըլլանք Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարման, մեր Թագաւորութեան յոյսով կ’ուրախանանք, եւ կը մղուինք անոր մասին խօսելու ոեւէ անհատի հետ որ կ’ուզէ մտիկ ընել։ (Ղուկ. 6։45. Հռովմ. 12։12) Յուլիս ամսուան ընթացքին մեր գրքոյկները ցցուն ընելը դաշտի ծառայութեան մէջ, կերպ մըն է որով կրնանք մեր Թագաւորութեան յոյսը բաժնել ուրիշներու հետ, ինչպէս որ Յիսուս պատուիրեց։—Մատթ. 24։14
2 Քանի որ գունաւոր եւ տեղեկատու մի քանի գրքոյկներ ունինք որոնցմէ կրնանք ընտրել, որո՞նք լաւագոյն կերպով կրնան գոհացնել մեր թաղամասին մէջ գտնուող անհատներու պէտքերը եւ անոնց հետաքրքրութիւնը արթնցնել։ Գրքոյկները լաւագոյն կերպով գործածելու համար, պէտք է անոնց պարունակութեան ծանօթ ըլլանք։ Հետեւեալ հակիրճ վերաքաղը պիտի օգնէ մեզի այդ նպատակով։
3 Այն Կառավարութիւնը որ Դրախտը Պիտի Բերէ. Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր քարոզչութեան բնաբանն էր։ Այս գրքոյկը ցոյց կու տայ թէ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է եւ թէ ան ի՛նչպէս պիտի լուծէ այն խնդիրները որոնք ներկայիս կեանքը շատ դժուար կը դարձնեն։
4 Կեանքը Վայելեցէք Երկրի Վրայ Յաւիտեան. Ան կը բացատրէ թէ Աստուած ինչո՛ւ մարդը ստեղծեց եւ թէ ի՛նչպէս կրնանք կեանքը վայելել երկրի վրայ յաւիտեան։ Այս գրքոյկին նկարագրական պատկերները եւ համառօտ նիւթերը կոչ կ’ընեն դեռահասակներուն եւ անոնց որոնք ընթերցումի սահմանափակ կարողութիւն ունին։ Կարելի է զայն գործածել նաեւ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները փոխանցելու անոնց որոնց լսողութիւնը վատթարացած է։
5 ‘‘Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ’’. Այս գրքոյկը կը նկարագրէ դրախտը եւ գնահատանք կը կերտէ Աստուածաշունչին եւ մեր Ստեղծիչին հանդէպ։ Բացատրելէ յետոյ թէ Աստուած ինչո՛ւ չարութիւը կ’արտօնէ, ան կը կեդրոնանայ Աստուածաշունչի հիմնական երեք ուսուցումներու վրայ. փրկանքը, յարութիւնը, եւ Թագաւորութիւնը։ Այս գրքոյկը ունի նաեւ հարցումներ էջերուն վարը, ինչ որ աւելի դիւրին կը դարձնէ մեզի որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարենք անով։
6 Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք. Մարդիկ կարելի է որ ըսեն թէ երրորդութեան կը հաւատան, բայց եւ այնպէս կը տարբերին զանիկա հասկնալու մէջ։ Այս գրքոյկը կը պատասխանէ այսպիսի հարցումներու՝ Ի՞նչ է Երրորդութիւնը. Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ՞ զանիկա. Յիսուս Քրիստոս ամենակալ Աստուա՞ծն է եւ Երրորդութեան մէկ մա՞սն է. Ի՞նչ է սուրբ հոգին, եւ ի՞նչպէս կը գործէ։
7 Երբ ընտրենք այն գրքոյկները որ կ’ուզենք գործածել ծառայութեան մէջ կամ անպաշտօն վկայութեան ատեն, պէտք է վերաքաղ ընենք Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան այս թիւին վերջին էջին մէջ եղած յօդուածները։ Հոն թելադրութիւններ պիտի գտնենք մեր գրականութիւնները ներկայացնելու մասին վերայցելութիւններու ատեն, հետաքրքրութիւն զարգացնելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով։
8 Շատ մը առիթներով, ըլլայ պաշտօնական կամ անպաշտօն վկայութեան ատեն, ընտիր վկայութիւն մը տալու համար որոշ գրքոյկ մը կը փաստէ ճիշդ պէտք եղածը ըլլալ։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է նախապատրաստուած ըլլանք, գրքոյկներէն բաւարար քանակ մը ունենանք, անոնց պարունակութիւնը գիտնանք, եւ ներատես ըլլանք։ Թող որ Եհովայի օրհնութիւնը մեր նախանձախնդիր ծառայութեան վրայ յառաջ բերէ աւելի անհատներ որոնք մեր հետ Թագաւորութեան յոյսով կ’ուրախանան։—Գործք 13։47, 48