ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆՔ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՓՆՏՌԵԼՈՒ
1 Գրքոյկները զօրեղ գործիքներ են։ Միայն 32 էջ ըլլալով, գրքոյկ մը կրնայ սուրբ գրային ճշմարտութիւնները անխախտօրէն հաստատել եւ Աստուծոյ գիտութեան հակառակ եղող խորհուրդները եւ ուսուցումները հերքել։—Բ. Կորն. 10։5
2 Եհովայի Վկաները—Միութեամբ Աստուծոյ Կամքը կը Կատարեն Համայն Աշխարհի մէջ գրքոյկը կարդալէ ետք, մարդ մը մղուեցաւ գրելու. «Այսպիսի կազմակերպութիւն մը բնաւ տեսած չեմ։ . . . Հիանալի է գտնել մարդիկ որոնք Աստուծոյ կամքը այսքան լուրջի կ’առնեն ահռելի կրօնական կեղծաւորութեան այս դարուն մէջ»։ Ափրիկէի մէջ, կախարդ–բժիշկ մը երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք գրքոյկը ուսումնասիրեց։ Գրքոյկը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ իր վրայ։ Ան զանց ըրաւ իր կախարդ–բժիշկի արհեստը եւ իրեն հետ ապրող կիները արձակեց, պահելով իր առաջին կինը։ Յետոյ անոր հետ օրինաւոր կերպով ամուսնացաւ։
3 Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք գրքոյկը ճշմարտութեան բանաւոր, լաւ կերպով վաւերագրուած եւ ազդու գործիք մըն է։ Անոր մասին խօսելով, կրօնքի վերաբերեալ գրող մը The Sunday Gleaner–ի համար Ճամայքայի մէջ, Արեւմտեան Ինտիզ, ըսաւ. «Հրատարակութիւնը . . . Վկաներուն ճարտար գործն է եւ այժմ ոչ մէկ Երրորդութեանական մը—կամ երկադաւան մը—ապահով է։ Գրքոյկը պատմական եւ աստուածաբանական աղբիւրներէ մէջբերում մէջբերումի վրայ կը կուտակէ ցոյց տալու համար թէ Երրորդութեան վարդապետութիւնը Աստուածաշունչէն ծագում չէ առած։ . . . Այս կրօնական գրողին համար մեծապէս դժուար է տեսնել թէ ինչպէս եկեղեցիի սովորական—կամ նոյնիսկ սովորականէն աւելի—անդամ մը կրնայ պատասխանել Վկաներուն կողմէ ուղղուած ուշագրաւ եւ ազդու փաստերուն այն տեսակէտին դէմ թէ Յիսուս Աստուածն է»։
4 Լաւ Կերպով Զանոնք Գործածեցէ՛ք. Ազդեցիկ ըլլալու համար, այս հրապուրիչ եւ հեղինակաւոր գործիքները պէտք է տեղաւորել այն անհատներու հետ որոնք պիտի կարդան զանոնք։ Քանի որ զանազան գրքոյկներ ունինք, իւրաքանչիւրը տարբեր բնաբան նկատի առնելով, պէտք է ջանանք մատուցանել այն գրքոյկը զոր ամենայարմարը կը նկատենք մեր վկայած անհատին։ Մեր գրքոյկներուն քաջածանօթ ըլլալը եւ անոնցմէ հաւաքածոյ մը ձեռքի տակ ունենալը, աւելի դիւրին պիտի դարձնէ որ զանոնք լաւ կերպով գործածենք, ըլլա՛յ դաշտի ծառայութեան մէջ, տան մէջ կամ այլուր։
5 Օրինակի համար, եթէ խօսիք անհատի մը հետ որ Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութեան վարդապետութեան մասին շփոթած է կամ կը խորհի թէ Յիսուս Աստուածն է, ո՞ր գրքոյկը կը գործածէք։ Եթէ անհատ մը հարց տայ թէ ինչո՛ւ սիրալիր Աստուած մը այսքան տառապանք կը թոյլատրէ, ո՞ր գրքոյկը պէտքին գոհացում կու տայ։ Եթէ անձ մը մտահոգութիւն արտայայտէ ժողովուրդին օգտակար եղող կառավարութեան մը կարիքին նկատմամբ, ո՞ր գրքոյկը կրնայ իրեն յարմար ըլլալ։
6 Գիտնալէ զատ թէ ո՛ր գրքոյկը գործածէք, ջանացէք անհատին ախորժակը բանալ անոր բովանդակութեան հանդէպ։ Եթէ պարագաները ներեն, մեկնաբանութիւն մը կամ պատկեր մը ցոյց տուէք որ կրնայ անոր հետաքրքրութիւնը արթնցնել նիւթը կարդալու։ Կամ կրնաք մէկ կամ երկու պարբերութիւններ կարդալ անոր հետ, մէջբերուած համարները բանալ եւ նիւթին շուրջ խօսակցիլ։ Շատ մը Աստուածաշունչի լաւ ուսումնասիրութիւններ այս ձեւով սկսած են։
7 Մեր գրքոյկները սուրբ գրային պատասխաններ կը հայթայթեն եւ աշխարհի մէջ եղած պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոց մէջ յոյս կ’արծարծեն։ (Բաղդատել Եզեկիէլ 9։4)։ Ոչխարանման մարդիկ պիտի ընդառաջեն այսպիսի գրականութիւններու բովանդակած պատգամին։ Մեր առանձնաշնորհումն է օգտագործել գրքոյկները ծառայութեան մէջ մինչ հետաքրքրուած անհատներու վրայ կը փնտռենք։