ՅԻՇԵՑԷՔ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ ԳՈՐԾԱԾԵԼԸ
Երբ անպաշտօն կերպով կը վկայենք, կը վերայցելենք կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարենք, խօսակցութիւնը յաճախ կը դառնայ նիւթի մը շուրջ որ նկատի առնուած է մեր հրապուրիչ գրքոյկներէն մէկուն մէջ։ Ամէն ոք պէտք է ասիկա մասնաւորաբար ի մտի ունենայ մինչ ցցուն կ’ընէ Դիտարանը եւ Զարթի՛րը Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն ընթացքին։ Զանազան գրքոյկներ միշտ ունենալով այն պարբերաթերթերուն հետ զորս պիտի ներկայացնէք ծառայութեան մէջ, զինուած պիտի ըլլաք մատուցանելու ճիշդ ինչ որ պէտք է ազդեցիկ վկայութիւն մը տալու։ Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն ընթացքին, ազատ զգացէք գործածելու որեւէ գրքոյկ (բացի Դպրոց գրքոյկէն) ձեր ցցուն ըրած պարբերաթերթերուն հետ կամ անոնց փոխարէն։—Բաղդատել Առակաց 15։23։