ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍԿՍԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏՈՎ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ
1 Երբ հետաքրքրուած անհատ մը կը գտնենք, կատարելապէս հոգ տանելու կարիքը կայ որպէսզի այս հետաքրքրութիւնը վառ պահենք։ Վերայցելութիւններ ընելը կրնայ ուղղակիօրէն առաջնորդել կենսապահ Աստուածաշունչի խօսակցութիւններու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու։ Նկատի առէք հետեւեալ թելադրութիւնները ազդեցիկ վերայցելութիւններ ընելու։
Առաջին հանդիպումին վերջաւորութեան, կրնաք ճամբան հարթել վերայցելութեան մը՝ ըսելով.
◼ «Որեւէ մէկ ժամանակ հարց տուա՞ծ էք թէ ինչո՞ւ այսքան շատ կրօնքներ կան»։ Երբ կը վերադառնաք կրնաք ըսել. «Վերջին անգամ որ հոս էի, հարցում մը յարուցուեցաւ թէ ինչո՞ւ այսքան շատ կրօնքներ կան։ Մի քանի պատճառներ կան ասոր համար։ Կը փափաքիմ հետաքրքրական բան մը կարդալ զոր գտայ երբ այս հարցումը վերաքաղ ըրի»։ Բացէք Պատճառաբանել գիրքին 322–րդ էջը (198–րդ էջը, Արբ.) ու կարդացէք «Ինչո՞ւ այսքան շատ կրօնքներ կան» ենթագլուխին տակ գտնուած բաժինը։
2 Կարելի՞ է Աստուած գտնել բոլոր կրօնքներուն մէջ. Որպէսզի Աստուած կրօնքի մը հետ ըլլայ, պէտք է անիկա արտադրէ պատշաճ պտուղներ։
Վերայցելութիւն մը սկսելու համար, կրնաք ըսել.
◼ «Կրօնքը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ անհատի մը վարմունքին։ Ինչ որ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ Մատթէոս 7։17–20–ի մէջ, մեզի կու տայ այն ուղղութիւնները որոնց ճշմարիտ կրօնքը կ’ակնկալուի որ հետեւի»։ Համարները ուղղակիօրէն կարդացէք Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքէն՝ էջ 12 § 19։ Ետքը տանուտիրոջ հարցուցէք թէ ի՞նչ կը տեսնէ 13–րդ էջին պատկերին մէջ։ «Մինչ միլիոնաւորներ կը դաւանին Աստուծոյ հաւատալ, շատեր կ’ուրանան զինք իրենց գործերով»։ Ետքը կարդացէք 20–րդ պարբերութեան առաջին երկու նախադասութիւնները։ «Այս բռնի արարքները կը բնորոշեն կրօնքները թէ անոնք չեն հետեւիր Քրիստոսի տուած ուղղութեան որ իրար սիրենք, նոյնիսկ մեր թշնամիները։ Իմ յաջորդ այցելութեանս ատեն, կրնանք խօսակցիլ թէ կրօնք մը ի՞նչ պէտք է ընէ եթէ կ’արտադրէ լաւ պտուղներ»։
3 Ապագան ի՞նչ կը վերապահէ անոնց որոնք ճշմարիտ Աստուածը կը փնտռեն. Այս հարցումին մասին խօսակցիլը ուղղակիօրէն Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքէն, կրնայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը առաջնորդել։
Խօսակցութիւն մը սկսելու համար, կրնաք ըսել.
◼ «Ներկայիս եղած տնտեսական պարագաներուն ի տես, շատ մը մարդիկ հարց կու տան թէ կրնա՞ն ապագային նկատմամբ դրական տեսակէտ մը ունենալ։ Տեսած եմ որ Աստուածաշունչը շատ քաջալերական է երբ կը խօսի ապագային մասին։ Թող որ ձեր հետ բաժնեմ Աստուծոյ խոստումը Եսայեայ 65։21, 22, 25–ի մէջ։ [Համարները կարդացէք ու հակիրճօրէն մեկնաբանեցէք։] Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը կը պատասխանէ կարգ մը հետաքրքրական հարցումներու ասոր առնչութեամբ, 17–րդ պարբերութենէն սկսեալ՝ 372–րդ էջին մէջ»։ Ետքը ցուցադրեցէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը, գործածելով 17–20–րդ պարբերութիւնները։ «Յաջորդ շաբաթ կը փափաքիմ նկատի առնել սա հարցումը. Ի՞նչ է հիմը Աստուածաշունչին մէջ խոստացուած նոր աշխարհին նկատմամբ»։
4 Իմաստուն կերպով գործածեցէք մնացած ժամանակը, մասնակցելով լման վկայութեան որ կը տրուի հիմա երկրի բոլոր ազգերուն։ (Բաղդատել Գործք 20։21)։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակակէտով վերայցելութիւններ ընելը կրնայ յաւիտենական կեանք նշանակել անոնց համար որոնց կը քարոզենք։