Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/98 էջ 8
  • ‘Բոլոր Տեսակի Մարդոց’ Վկայենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Բոլոր Տեսակի Մարդոց’ Վկայենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ ԳԻՐՔՈՎ ՕԳՆԵՑԷՔ՝ ՅՈՒՆԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՄԷՋ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Աստուծոյ տուած գիտութիւնը կը պատասխանէ շատ հարցումներու
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Դաշտի Ծառայութեան Համար Թելադրուած Ներկայացումներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • «Այս Է Յաւիտենական Կեանքը»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
թծ 6/98 էջ 8

‘Բոլոր Տեսակի Մարդոց’ Վկայենք

1 Երբ այլազան մշակոյթներու պատկանող մարդոց կը հանդիպինք, կը յիշենք որ Եհովայի կամքն է «որ բոլոր [«տեսակի», ՆԱ] մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Երբ Յիսուս 1,900 տարիներ առաջ երկրի վրայ կ’ապրէր, մարդկութեան ուղղած իր պատգամին բնաբանը՝ Թագաւորութիւնն էր։ Հետեւաբար, Յիսուս Քրիստոսի կողմէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին մեր այժմէական պատգամը, կրնայ աւելի զօրաւոր թափ մը ստանալ Յունիս ամսուան ընթացքին, ազդուօրէն գործածելով «Քու Թագաւորութիւնդ Գայ» գիրքը։ Շատեր պիտի օգտուին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այս պատգամէն, մինչ ամէն ջանք կը թափենք Թագաւորութեան յոյսը ծանուցանելու մեր ամբողջ թաղամասին մէջ։

2 «Քու Թագաւորութիւնդ Գայ» գիրքը սքանչելի գործիք մըն է ուրիշներուն օգնելու որ աւելի սորվին այն Թագաւորութեան մասին, որու համար շատ յաճախ կ’աղօթեն, սակայն անոր մասին շատ քիչ բան գիտեն։ Անոր այժմէական պատգամը մեզի պիտի օգնէ, մինչ կը կատարենք ‘Արքայութեան աւետարանը’ քարոզելու մեր յանձնարարութիւնը։ (Մատթ. 24։14) Երբ յարմար տեսնէք այս գիրքը ներկայացնել, կրնաք փորձել հետեւեալ թելադրութիւններէն մէկը։

3 Երբ «Քու Թագաւորութիւնդ Գայ» գիրքը կը ներկայացնէք, կրնաք ըսել.

◼ «Քրիստոնեաները շուրջ 2,000 տարիներէ ի վեր աղօթած են Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար։ Ըստ ձեզի, Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ մարդկութեան համար։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Էջ 25–ի վրայ եղող շրջագիծը բացէք, եւ ուշադրութիւն հրաւիրեցէք Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ իրականանալիք օրհնութիւններուն վրայ։] Այս գիրքը կը խօսի Թագաւորութեան իրագործելիք բաներուն մասին եւ կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս դուք ու ձեր սիրելիները կրնաք օգտուիլ։ Եթէ կը փափաքիք կարդալ, կրնամ ձեզի օրինակ մը ձգել»։ Անհատներուն պատեհութիւն տուէք որ մեր գործին նպաստեն, թերեւս անոնց ըսելով. «Ոմանք կը փափաքին մեր համաշխարհային գործին ի նպաստ պզտիկ նուիրատուութիւն մը ընել»։

4 Եթէ անոնց քով «Քու Թագաւորութիւնդ Գայ» գիրքը ձգեցիք, կրնաք փորձել ձեր խօսակցութիւնը վերսկսիլ այս կերպով.

◼ «Նախապէս խօսակցեցանք Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ մեզի համար անոր ընելիքներուն մասին։ Այդ Թագաւորութիւնը այս երկիրը շուտով դրախտի մը պիտի վերածէ։ Քանի որ բնաւ դրախտ մը չենք տեսած, դժուար կրնայ ըլլալ զայն մտապատկերել։ Ահաւասիկ պատկեր մը, որ մեզի գաղափար մը կու տայ, թէ անիկա ինչպէս պիտի ըլլայ։ [Ակնարկէ 4–րդ եւ 5–րդ էջերուն վրայ եղող պատկերին։] Աստուածաշունչը ա՛յսպիսի դրախտ մը կը խոստանայ»։ Կարդացէք Սաղմոս 72։7–ն։ Եթէ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, բացէք էջ 175, պարբերութիւն 3 եւ 4, եւ ցոյց տուէք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, եթէ կ’ուզենք ապագայ Դրախտին մէջ ապրիլ։

5 Հակիրճ բացումէ մը ետք կրնաք ըսել.

◼ «Աշխարհի վիճակները հետզհետէ աւելի գէշ կ’ըլլան, այդպէս չէ՞ք խորհիր։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Տնտեսական խնդիրները եւ հիւլէական պատերազմի սպառնալիքը պատճառ եղած են որ բազմաթիւ անհատներ հարց տան, թէ մարդուն ապագան ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Աստուածաշունչը ապագայի նկատմամբ քաջալերութիւն եւ յոյս կու տայ մեզի։ Նկատի առէք թէ աշխարհի ներկայ վիճակները ի՛նչպէս նախագուշակուած էին։ [Կարդացէք Մատթէոս 24։7։] Հոս գրուած դէպքերը տեսած ենք, այնպէս չէ՞։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Սակայն, Յիսուս ցոյց կու տայ թէ ապագան աւելի լաւ բաներ վերապահած է ձեզի եւ ձեր ընտանիքին համար։ [Կարդացէք Մատթէոս 24։13։] Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է որ մարդկութիւնը պիտի փրկէ»։ Կրնաք հակիրճօրէն նկատի առնել «Քու Թագաւորութիւնդ Գայ» գրքէն ընտրուած կարգ մը կէտեր։ Բացատրեցէք նուիրատուութեան կարգադրութիւնը։ Վերադառնալու Ժամանակը որոշեցէք։

6 Եթէ զգաք որ տանտէրը կրօնասէր մէկն է, դուք ձեզ ներկայացնելէ ետք թերեւս փափաքիք ըսել.

◼ «Իրենց կեանքերը բարելաւելով հետաքրքրուած անհատներ կրնան ասիկա ցոյց տալ որոշ կրօնքի մը հետեւելով։ Սակայն, շատեր որոնք կրօնքի մը կը հետեւին տակաւին ուրախ չեն։ Ինչո՞ւ։ Աստուածաշունչը հետեւեալ պատասխանը կու տայ։ [Կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։1, 2, 5։] Մեր կարդացածէն շուտով յայտնի կ’ըլլայ թէ պարզապէս պաշտամունքի ձեւ մը ունենալը բաւարար չէ։ Հետեւաբար, Աստուած մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։ Նկատի առէք Յովհաննու 4։23–ի մէջ տրուած պատասխանը։ [Կարդացէք։] Աստուածաշունչը ինքնին պիտի օգնէ ձեզի որ իսկական արժէք ունեցող կրօնքին մասին սորվիք։ Վստահաբար, Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատալը Աստուծոյ ընդունած կրօնքին կարեւոր մէկ մասը պէտք է կազմէ։ Կրնա՞մ այս գիրքը ձեզի մատուցանել, որու նպատակն է Աստուածաշունչի մէջ յաճախ ակնարկուած Թագաւորութեան հետ ծանօթացնել ձեզ»։ Չմոռնաք յիշելու որ մեր երկրածաւալ գործունէութիւնը յօժարակամ նուիրատուութիւններով կ’ընթանայ։

7 Քանի որ շատեր մտահոգ են մարդկութեան դիմագրաւած հետզհետէ աւելցող խնդիրներով, ձեր առաջին հանդիպումին կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.

◼ «Բարի լոյս, անունս ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ է եւ ուրախ եմ որ ձեզ տունը գտայ։ Այցելութեանս նպատակն է ձեզի հետ բաժնեկցիլ մարդկութեան խնդիրներուն համար Աստուածաշունչի տուած լուծումը։ Ինչպէս նկատած ըլլալու էք, մեր խնդիրները կ’աւելնան, հակառակ փոփոխութիւններ ընելու համար թափուած անկեղծ ջանքերուն։ [Տեղական օրինակներ տուէք։] Կը խորհի՞ք որ օրին մէկը լուծում մը պիտի գտնուի։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատի առէք Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած այս քաջալերական խօսքերը։ [Կարդացէք Յայտնութիւն 11։17, 18։] Լուծումը նշմարեցի՞ք։ Աստուած երկիրը ապականողները պիտի ապականէ, այսպէս զայն մաքրելով՝ ոճիրէ, անձնասիրութենէ, ապականութենէ, սովերէ, պատերազմներէ, եւայլն։ Ի՞նչպէս։ Իր Թագաւորութեան միջոցաւ։ Մատթէոս 6։10–ին մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ աղօթեն, ‘Քու Թագաւորութիւնդ գայ’։ Կ’ուզէի՞ք գիտնալ թէ ասիկա ի՛նչպէս տեղի պիտի ունենայ։ Քանի որ պատասխանը Աստուածաշունչին մէջ է, կը փափաքիմ ձեզի տալ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող այս գիրքը, որ նկատի կ’առնէ Թագաւորութեան նիւթը»։ Եթէ անհատը գիրքը ընդունի, անոր ըսէք. «Ասիկա կամաւորներու կողմէ տարուած համաշխարհային գործունէութիւն մըն է որ պզտիկ նուիրատուութիւններով կ’ընթանայ։ Եթէ կը փափաքիք նուիրատուութիւն մը ընել, ուրախութեամբ զայն պիտի ընդունիմ»։

8 Եթէ աւելի պարզացուած ներկայացում մը կը նախընտրէք, կրնաք հետեւեալը փորձել.

◼ «Բարի լոյս, ուրախ եմ որ ձեզ տունը գտայ։ Այցելութեանս նպատակն է ձեր հետ խօսիլ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Շատեր հարց տուած են թէ Յիսուս ինչո՞ւ իր աշակերտներուն ըսաւ որ աղօթեն՝ ‘Քու Թագաւորութիւնդ գայ’։ Թերեւս դուք ալ այս մասին հարց տուած էք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Հետաքրքրական պիտի չըլլա՞յ գիտնալ թէ Թագաւորութիւնը երկրին նկատմամբ ի՛նչ պիտի ընէ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող այս գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ այս նիւթին մասին, 21–րդ էջին, առաջին պարբերութեան մէջ։ [Կարդացէք պարբերութիւնը։] Կը փափաքիմ այս գիրքը ձեր քով ձգել»։ Գիրքը ներկայացուցէք, եւ յիշեցէք նուիրատուութեան մեր կարգադրութիւնը։

9 Պարկեշտ սիրտ ունեցող ամէն տեսակի մարդիկ Աստուծոյ ու Քրիստոսի մասին ճշմարտութիւնը կը փնտռեն։ Մեր քարոզչութեամբ կրնանք անոնց օգնել։ Հետեւաբար, շարունակենք ‘ծանր աշխատիլ ու տքնաջան ըլլալ, քանզի կենդանի Աստուծոյ յուսացեր ենք, որ բոլոր տեսակի մարդոց Փրկիչն է’։—Ա. Տիմ. 4։10

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել