ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ ԳԻՐՔՈՎ ՕԳՆԵՑԷՔ՝ ՅՈՒՆԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՄԷՋ
1 Շատեր այսօր կը զգան թէ իրենց կրօնքի ընտրութիւնը շատ անձնական հարց մըն է։ Ուստի, կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ այս նիւթին մասին խօսիլը մեր դրացիներուն հետ։ Բայց հիմա մենք ունինք Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը, որ փաստած է թանկագին օգնութիւն մը ըլլալ քարոզչութեան մէջ տարբեր կրօնքներու պատկանող մարդոց համար։
2 Ի՞նչ պիտի ըսէք տանուտիրոջ հետաքրքրութիւնը գրգռելու երբ կը խօսակցիք իր հետ։ Ի՞նչ կէտեր կամ երեսակներ ցցուն պիտի ընէք, որոնք կոչ կ’ընեն դաւանեալ Քրիստոնեաներուն, ոչ–Քրիստոնէական համոզումներ ունեցողներուն, կամ անհաւատներուն։ Հետեւեալ թելադրութիւնները պիտի օգնեն մեզի որ նախապատրաստուինք մեր դրացիներուն ցոյց տալու կարիքը ‘Եհովան փնտռելու ու զանիկա կանչելու, քանի որ անիկա կը գտնուի’։ (Եսա. 55։6) Թելադրութիւնները կարելի է տեղական պարագաներուն յարմարցնել։
3 Մեր Ըսելիքը Ինչո՞ւ Քննել. Քանի որ շատեր կը դաւանին գոհ ըլլալ իրենց կրօնքէն եւ հետաքրքրուած չեն փոխելով, պէտք է մեր բացումը յարմարցնենք տանուտիրոջ օգնելու որ քննէ բաց մտքով մեր ըսելիքը։
4 Յարմար բարեւ մը տալէ յետոյ, կրնաք ըսել.
◼ «Խօսակցելով մեր դրացիներուն հետ, տեսանք թէ շատ մը մարդիկ գոհ են իրենց կրօնքէն եւ չեն փափաքիր փոխել։ Բայց եթէ մարդիկ ժամանակ յատկացնեն ուրիշներու հաւատքը քննելու, կը խորհի՞ք որ ասիկա կրնայ առաջնորդել աւելի լաւ հասկացողութեան ու աւելի քիչ ատելութեան աշխարհի մէջ։ [Թոյլ տուէք որ տանուտէրը պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ անոնց մասին որոնք Աստուած կը սիրեն եւ ինչպէ՛ս պէտք է զգան ուրիշներու հանդէպ»։ Գործք 17։26, 27–ը կարդալէ յետոյ, յիշեցէք թէ ինչպէ՛ս ուրիշներու հաւատքը քննելը կրնայ փարատել աշխարհի մէջ եղած այն ատելութիւնները որոնք կրօնական տարբերութիւններու վրայ հիմնուած են։ [Յաւելեալ գաղափարներու համար, կրնաք նկատի առնել Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը՝ էջ 10, §§ 15, 16։]
5 Շատեր նշմարած են թէ տանուտիրոջ կրօնքին հետ կապ ունեցող կէտերու մասին խօսակցիլը անոր ուշադրութիւնը կը գրաւէ։ Նկատեցէք թէ ասիկա ինչպէ՛ս կարելի է ընել։
6 Դուք ձեզ ծանօթացնելէ յետոյ, կրնաք ըսել.
◼ «Այսքան շատ կրօնքներ գտնուելով այսօր, հարց տուա՞ծ էք թէ ինչպէ՞ս կարելի է որոշել թէ Աստուած կը հաճի մեր կրօնքը»։ Տանուտիրոջ մեկնաբանութիւններէն ետք, կարդացէք Եսայեայ 2։2–4 եւ յիշեցէք թէ ճշմարիտ կրօնքը պէտք է յաջողութեամբ միացնէ ամէն ցեղէ, լեզուէ, եւ տոհմէ եղող մարդիկ։ Ճշմարիտ կրօնքը պէտք չէ ազգայնականութիւն կամ ատելութիւն քարոզէ, այլ՝ սէր։ Տանուտիրոջ հարցուցէք թէ արդեօք կը համաձայնի՞ թէ ան որ կը հետեւի ճշմարիտ կրօնքին պէտք է այդ կերպով զգայ ուրիշ ցեղերու եւ ազգերու հանդէպ։ Ետքը կարդացէք Յայտնութիւն 7։9, 10–ը, ցոյց տալով թէ ինչպէ՛ս ճշմարիտ կրօնքը պէտք է մարդիկ միացնէ։ [Դարձեալ այս բացատրութիւնը հիմնուած է Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքին վրայ, էջ 377–ի տուփը, 7–րդ կէտը։]
7 Օգնական Ուրիշ Երեսակներ. Կարելի է նաեւ գործածել գիրքին վերջաւորութեան գտնուած ընդարձակ նիւթացանկը։ Զոր օրինակ, ի՞նչ ըսենք եթէ շատ մը մարդիկ թաղամասին մէջ կը խորհին թէ բոլոր կրօնքները պարզապէս տարբեր ճամբաներ են Աստուծոյ առաջնորդելու։ Այն ատեն նայեցէք «Կրօնք» խորագիրին ներքեւ գտնուած սա ենթագլուխը՝ «‘բոլոր կրօնքները հաւասար են’. 12»։ Ասիկա կը լուսաբանէ թէ ինչպէ՛ս նիւթացանկը կրնայ օգնել մեզի որ խօսակցական կէտեր գտնենք։ Երբ կը խօսինք անոնց հետ որոնք Աստուծոյ չեն հաւատար, կրնանք կարգ մը օգտակար կէտեր գործածել էջ 329–ին առաջին ու երկրորդ պարբերութիւններէն, որոնք նկատի կ’առնեն արդի անհաւատութեան հարցը։ Էջ 17–18–ի մէջ գտնուած հինգ «Հարցումներ Որոնք Պատասխան կը Պահանջեն» կարելի է որ հետաքրքրեն մասնաւորաբար անոնց որոնք հարց կու տան թէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ՞ ինչ որ կրօնքներու մեծամասնութիւնը կը քարոզէ։
8 Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքի օգտակար գաղափարները գործածելով Յունիս ամսուան ընթացքին, կրնանք օգնել այն մարդոց որոնց հետ կը խօսակցինք, որ փնտռեն միակ ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան։