ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔԸ ԱՍՏՈՒԱԾ ՓՆՏՌԵԼՈՒ
1 Այս Ի. դարուն ընթացքին, մեծ ամբոխներ գաղթած են որպէս հետեւանք պատերազմներու, կեղեքումի, եւ տնտեսական ճնշումներու։ Եւ աւելի արագ ճամբորդութեամբ ու հաղորդակցութեամբ, աշխարհը կը թուի թէ աւելի պզտիկ եղած է։ Ասիկա զանազան կրօնական խումբեր աւելի շփման մէջ բերած է։ Արդ, կրօնքը յաճախ կը յիշուի լուրերուն մէջ որպէս ազդեցութիւն ունեցող մը մարդոց կեանքին վրայ ամէն տեղ։
2 Մեր քարոզչական գործն ալ ազդուած է։ Այլեւս անսովոր բան մը չէ մեզի անծանօթ կրօնքի մը պատկանող մարդոց հետ հաղորդակցութեան մէջ գանք։
3 Մեզի օգնելու որ աւելի յստակ հասկացողութիւն մը ունենանք ուրիշ կրօնքներու ու անոնց պատմական ծագումին մասին, մեզի հայթայթուած է Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը։ Անիկա կը պատասխանէ հարիւրաւոր հարցումներու աշխարհի գլխաւոր կրօնքներու հիմնական համոզումներուն մասին։ Այս գիրքը պիտի գործածենք Յունիս ամսուան ընթացքին մեր ծառայութեան մէջ։ Այս արժէքաւոր գիրքէն ի՞նչ նիւթեր կրնանք ցցուն ընել անկեղծ անհատները քաջալերելու որ Աստուծոյ մասին աւելի սորվին։
4 Գլխաւոր հարցում մը, որ ձեռք առնուած է ամբողջ գիրքին մէջ, սա է. Մարդը անմահ հոգի մը ունի՞ որ իր մահէն կը վերապրի ու կը շարունակէ ապրիլ անդիի աշխարհի մը մէջ։ Այլազան կերպերով, գրեթէ ամէն կրօնք այդ գաղափարը կ’ուսուցանէ։ Հետեւեալները գիրքին մէջ ուղղուած ուրիշ հարցումներ են. Գոյութիւն ունի՞ Դժոխք ըսուած տեղ մը, ուր հոգիներ կը տանջուին։ Ի՞նչ է իսկական յոյսը մեռեալներուն համար։ Մէ՞կ Աստուած կայ, թէ ոչ շատ մը աստուածներ։ Ուշադրութեան կարելի է յանձնել գիրքի 17–18–րդ էջերուն մէջ գտնուած հարցումները։ Նոյնիսկ երբ կը խօսինք անաստուած կամ երեւութապաշտ անհատի մը հետ, 4–րդ եւ 5–րդ հարցումները կրնան իր ուշադրութիւնը գրաւել եւ հաւանաբար արդիւնաբեր խօսակցութիւն մը յառաջ բերել։
5 Ամբողջ մարդկութիւնը կարիքը ունի Աստուած ու անոր հաճութիւնը հիմա փնտռելու։ Աշխարհի դէպքերը ցոյց կու տան թէ Արմագեդոնը շուտով կու գայ։ Ժամանակն է նախանձախնդիր գործունէութեան։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում մը ունինք ուրիշները յորդորելու որ Եհովան փնտռեն հիմա, մինչ անիկա կը գտնուի։ (Եսա. 55։6, 7) Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը ինչպէ՞ս մարդոց կ’օգնէ իրենց Աստուած փնտռելուն մէջ։ Անիկա կը հայթայթէ միտք գրգռող տեղեկութիւններ կրօնական այլազան ծագումներ ունեցողներու։ Զոր օրինակ, 297–րդ էջին մէջ՝ 26–րդ պարբերութիւնը, Իսլամներուն ցոյց կու տայ թէ ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը չի սորվեցներ Երրորդութեան վարդապետութիւնը։
6 Ամէն պատճառ ունինք այս գիրքը խանդավառութեամբ ներկայացնելու։ Եթէ քաջածանօթ ենք անոր բովանդակութեան, առիթներ պիտի գտնենք այլազան կրօնքներու պատկանող անկեղծ մարդոց հետաքրքրութիւնը արթնցնելու։ Թող որ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերենք այս ծառայութեան նկատմամբ։
7 Եհովա առատաձեռն ու ողորմած Աստուած մըն է։ Ի՜նչ շնորհալի է անոր հրաւէրը իր մասին սորվելու։ Տակաւին շատ աւելի անհատներ կան որոնք Եհովան փառաբանողներ պիտի ըլլան։ Յունիս ամսուան ընթացքին, Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքին օգնութեամբ, կարող պիտի ըլլանք շատերու օգնելու Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ ինչպէս նաեւ անոնց որոնք ոչ–Քրիստոնէական եւ անաստուած ծագումներ ունին, որ սկսին Եհովան պաշտել ‘‘հոգիով ու ճշմարտութիւնով’’։ (Յովհ. 4։23, 24) Թող որ յարատեւենք ճշմարտութիւն փնտռողները գտնել ու անոնց յարաբերութիւնը զօրացնել ճշմարտութեան Աստուծոյն հետ։ Անիկա կարելի է որ գտնուի։