ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ԳՐԳՌԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
1 Երբեմն դաշտի ծառայութեան մէջ կը հանդիպինք մարդոց որոնք որոշ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան բարի լուրին հանդէպ, բայց մեր այցելած ժամանակ այնքան զբաղած կ’ըլլան որ չեն կրնար մեզի հետ խօսակցիլ։ Կը փորձե՞նք ուրիշ ատեն մը վերայցելել անոնց հետ Թագաւորութեան պատգամը բաժնելու։ Կամ թերեւս տանուտիրոջ մը հետ գեղեցիկ խօսակցութիւն մը կ’ունենանք եւ ան կը հետաքրքրուի։ Արդեօք կը վերադառնա՞նք որպէսզի անոր հետ աւելի խօսակցինք ճշմարտութեան մասին։
2 Կարեւոր է որ մեր թաղամասը լիովին ծածկենք եւ մեր գտած ամէն հետաքրքրութիւն հետապնդենք։ Արդեօք կը վերայցելենք միա՞յն զանոնք որոնք մեզ կը հրաւիրեն իրենց տուներէն ներս։ Եթէ պարագան այդպէս է, կարելի է որ անտեսենք կարգ մը հետաքրքրուած անհատներ։ Վստահաբար պիտի չուզենք անհատ մը դատել թէ յաւելեալ հոգեւոր քաջալերանքի անարժան է, քանի որ մեզ չհրաւիրեց ներս։ (Բաղդատել Հռովմայեցիս 14։4)։ Թերեւս մեր այցելութենէն ետք, տանուտէր մը մտածէ մեր ըսածին մասին կամ սկսի գնահատել մեր ըրած ճիգը զինք այցելելու։ Ան թերեւս աւելի նպաստաւոր մտավիճակի մէջ ըլլայ երբ վերադառնանք։
3 Երբ կրկին այցելէք անձ մը որ զբաղած էր, կրնաք ըսել.
◼ «Ուրախ եմ ձեզ դարձեալ տեսնելով։ Վերջին անգամ երբ հոս էի չկրցանք խօսակցիլ, որովհետեւ ժամանակ չունէիք։ Կը նկատեմ որ զբաղած անձ մըն էք, ուստի պիտի չերկարեմ։ Հաւանական է որ հետաքրքրուած էք ձեր եւ ձեր սիրելիներու լաւ առողջութեամբ։ Արդեօք գիտէի՞ք որ Աստուած խոստացած է բոլոր հիւանդութիւններուն վերջ դնել։ Ատիկա հիանալի բան մը պիտի չըլլա՞յ։ [Պատասխանելու առիթ տուէք]։ ‘Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ’ խորագրով այս գրքոյկին մէջ, նկատեցէք 4–րդ պարբերութեան յիշած կէտը»։ Եթէ ժամանակը կը ներէ, պարբերութիւնը կարդացէք եւ ետքը նկատի առէք 4–րդ էջին վարը յիշուած համարներէն մէկը որ նոր աշխարհի մէջ եղած վիճակները կը նկարագրէ։ Եթէ տանուտէրը ընդունող է, կարելի է որ Աստուածաշունչի տան ուսումնասիրութիւն մը սկսիք։
4 Երբ կը վերայցելէք անհատ մը որ հետաքրքրուած էր, կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Վերջին անգամ երբ ձեզ տեսայ, խօսակցեցանք թէ ինչո՛ւ սիրալիր Աստուած մը չարութիւնը թոյլատրած է։ Արդեօք ձեզի համար դժուա՞ր է ընդունիլ որ Սատանան այս աշխարհին կը տիրապետէ»։ Պատասխանելու առիթ տուէք։ Կրնաք ներկայացնել Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի գրքոյկը։ Յետոյ բացէք 13 եւ 14–րդ էջերը, կարդացէք ու բացատրեցէք 8–10 պարբերութիւնները։ Կրնաք գրքոյկը իրեն մատուցանել եւ ձեր յաջորդ այցելութեան համար կարգադրութիւն ընել։
5 Լաւ պատճառ կայ դրական ըլլալու եւ մեր քարոզչական գործին մէջ գտնուած հետաքրքրութիւնը հետապնդելու, նոյնիսկ եթէ սահմանափակ կերպով արտայայտուած է։ Կարեւոր է հետաքրքրուիլ ուրիշներով եւ մղուիլ անոնց օգնելու որ ճշմարտութիւնը սորվին։ Եհովայի կազմակերպութիւնը կը հայթայթէ գրականութիւններ եւ առաջարկուած ներկայացումներ որոնք կրնան մեզի օգնել ուրիշները իրենց հոգեւոր կարիքին գիտակից դարձնելու։—Մատթ. 5։3
6 Եթէ հաճելի խօսակցութիւն մը ըրիք անհատի մը հետ որ թերեւս չնչին հետաքրքրութիւն ունի, մի անտեսէք վերայցելելը որպէսզի հետաքրքրութիւնը մշակէք։ Անիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը սկսի եւ անհատ մը կեանքի ճամբուն մէջ քալէ։ Բոլորին կը քաջալերենք որ շարունակեն խղճմտօրէն բաժին բերել այս կենսապահ գործին մէջ։—Ա. Տիմ. 4։16