ԻՆՉՊԷ՛Ս ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵՆՔ
1 Բառարանէ մը կը սորվինք թէ «մշակել» կը նշանակէ աճեցնելու համար պատրաստութիւն տեսնել կամ աճումը զօրացնել։ Բայց այս բառը կրնայ նաեւ նշանակել բարելաւել աշխատանքով, հոգատարութեամբ, կամ ուսումնասիրութեամբ։ Մեր ծառայութեան կարեւոր մէկ նպատակն է աշակերտելը։ (Մատթ. 28։19, 20) Հետեւաբար, պէտք է ջանք թափենք դաշտի ծառայութեան մէջ մեր գտած հետաքրքրութիւնը մշակելու։
2 Կրկնակի այցելութիւններ սովորաբար պահանջուած են պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներու հոգեւոր աճումը քաջալերելու համար։ Արդիւնաբեր վերայցելութիւնները պէտք է Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեան մը առաջնորդեն։
3 Արդեօք կը վերայցելէք միա՞յն անոնց որոնք մեծ հետաքրքրութիւն յայտնաբերեցին։ Պէտք չունիք գրականութիւն մը տեղաւորելու որպէսզի վերադառնաք։ Ռահվիրայ մը, որ սովորաբար շատ գրականութիւն չի տեղաւորեր առաջին այցելութեան ատեն, կը վերայցելէ ամէն անհատի որ բարեկամական է։ Լաւ խօսակցութիւն մը, որու մէջ Սուրբ Գրային գաղափար մը կը բաժնէք, ընտիր հիմ կը հայթայթէ վերայցելութեան մը համար։
4 Թերթիկներ Գործածեցէք Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Սկսելու Համար Վերայցելութիւններու Ատեն. Մեր թերթիկներուն այլազան նիւթերը յարմար են մեր օրերուն։ Անոնք կը շեշտեն կարիքը Աստուածաշունչի գիտութիւնը առնելու եւ կիրարկելու։
Կրնաք Ըսել.
◼ «Վերջին անգամ խօսեցանք Աստուածաշունչի վրայ վստահութիւն դնելու կարգ մը պատճառներուն մասին։ Աստուածաշունչը ի՞նչ տեսակ ապագայի մը մասին կը խօսի»։ Սկսեցէք կարդալ Կեանքը՝ Խաղաղ Նոր Աշխարհի մը Մէջ թերթիկէն, էջ 3, պարբերութիւն 2։ Համարները բացէք։ Տանուտիրոջ հարցուցէք իր հակազդեցութեան մասին ձեր կարդացածին նկատմամբ։ Եզրափակեցէք նկատի առնելով 5–րդ էջի տեղեկութիւնները, «Ինչպէ՛ս Ձեզի Համար Կարելի Է» ենթագլուխին տակ։
5 Նոյնանման կերպով մը, կրնաք գործածել Ի՞նչ Յոյս Կայ Մեռած Սիրելիներուն Համար թերթիկը։
Կրնաք ըսել.
◼ «Ինչպէս նախապէս հակիրճօրէն նկատի առինք, շատ մը մարդիկ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւն չունին։ Զոր օրինակ, անոնք կը հարցնեն. ‘Եթէ Աստուած այսքան զօրաւոր է, ինչո՞ւ կը թոյլատրէ որ մարդիկ մեռնին’։ Այս թերթիկը կրնայ այդ հարցումին պատասխանել»։ Ուշադրութեան յանձնեցէք այն բաժինը որ կը սկսի չորրորդ պարբերութեամբ, 2–րդ էջին մէջ։ Իւրաքանչիւր պարբերութենէ ետք յարմար հարցում մը ուղղեցէք, եւ մէջբերուած համարները նկատի առէք։
6 Ուսումնասիրութիւնը Շարունակել. Հոս առաջարկուած մեթոտներուն հետեւելով կը սկսիք Աստուածաշունչի տան ուսումնասիրութիւն մը։ Որպէսզի խօսակցութիւնը կանոնաւոր կերպով շարունակէք, ձեր այցելութեան վերջաւորութեան տանուտիրոջ հարցուցէք. «Նկատեցի՞ք թէ կարեւոր հարցումներու պատասխանեցինք միայն մի քանի վայրկեաններու ընթացքին։ Յաջորդ շաբաթ կրնանք քիչ մը աւելի ժամանակ տրամադրել խօսելու համար յարութեան յոյսին մասին կամ ուրիշ նիւթի մը մասին որ ձեզ կը հետաքրքրէ»։ Կրնաք գործածել այս յօդուածներուն մէջ յիշուած հարցումներէն միայն մէկը ամէն անգամ որ այցելէք։ Յարմար ժամանակին, կրնաք անցնիլ գրքոյկի մը կամ Յաւիտեան Ապրիլ գրքով ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
7 Ի՜նչ գոհացուցիչ է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելը անհատի մը հետ որ ճշմարտութիւնը անկեղծօրէն կը փնտռէ։ Թող որ օրհնուինք արդիւնաբեր ծառայութեամբ մը, կիրարկելով տրուած թելադրութիւնները գտնուած հետաքրքրութիւնը մշակելու մասին։