ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ ԹԷ՛ ՆՈՐԵԿ ԵՒ ԹԷ ՀՄՈՒՏ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
1 Սաղմոսերգու Դաւիթ հարցուց. «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ, ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ»։ Լաւ ընտրուած մի քանի բառերով, Դաւիթ պատասխանեց. «Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն»։ (Սաղմ. 15։1, 2) Այդ պահանջները չեն փոխուած։ Բոլոր անոնք որոնք ներկայիս պաշտամունքի կու գան Քրիստոնէական ժողովքին մէջ պէտք է լքեն անբարոյական սովորութիւնները եւ գինովութիւնը։ Եհովայի ժողովուրդին մէջ տեղ չկայ անոնց որոնք կռուազան, ցասկոտ կամ երկլեզու են։ Ըլլա՛նք նորեկ կամ հմուտ ծառաներ, պէտք է հաւատարմութեամբ պահենք Աստուծոյ Խօսքին մէջ ուրուագծուած բարձր չափանիշները։—Գաղ. 5։19–21
2 Շատ մը նորեկներ Եհովայի կազմակերպութեան հետ կ’ընկերակցին։ Թէ՛ պատանիները եւ թէ չափահասները իրենց մտածելակերպը փոխած են որպէսզի իրենց կենցաղը Աստուծոյ պահանջներուն հետ ներդաշնակ ընեն։ Հարաւային Ամերիկայի մէջ տղայ մը մեծցաւ առանց ծնողական առաջնորդութեան եւ զարգացուց անձնաւորութեան լուրջ խնդիրներ։ Երբ 18 տարեկան էր, թմրեցուցիչներու մոլի դարձած էր եւ արդէն ժամանակ մը բանտարկուած էր քանի որ գողութիւն ըրած էր սովորութիւնը շարունակելու համար։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ, ան դադրեցուց ընկերակցութիւնը իր առաջուան բարեկամներուն հետ, նոր ընկերներ գտաւ Եհովայի Վկաներուն մէջ եւ վերջապէս իր կեանքը Աստուծոյ նուիրեց։
3 Նմանապէս, պէտք է հաստատամիտ ըլլանք Աստուծոյ հաճեցնելու մեր ամբողջ վարքին մէջ, «արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով»։ (Եփ. 4։24) Մենք պարտաւորութիւնը ունինք ‘հանելու հին անձնաւորութիւնը իր գործերովը’ եւ ‘հագնելու նոր անձնաւորութիւնը որ ճշգրիտ գիտութիւնով նորոգուած է’ եթէ կ’ուզենք մնալ Աստուծոյ լեռնանման կազմակերպութեան մէջ։—Կող. 3։9, 10
4 Աստուծոյ Խօսքը Զօրեղ Ազդեցութիւն մըն Է. Եհովայի անձնաւորութիւնը ինչպէս որ մեզի յայտնուած է Աստուածաշունչին միջոցաւ, դրական կերպով կրնայ մեծապէս ազդել մեր մտածելակերպին եւ արարքներուն։ (Հռովմ. 12։2) Անոր Խօսքը զօրութիւն ունի մտքերը փոխելու եւ սրտերը քննելու։ (Եբր. 4։12) Ներշնչուած սուրբ գրութիւնները մեզի կը սորվեցնեն թէ Եհովայի կամքը կը պահանջէ որ բարոյապէս մաքուր կեանք մը ապրինք, հանրային ծառայութեան մէջ լման բաժին մը բերենք եւ Քրիստոնէական ժողովները չանտեսենք։
5 Այս դժուարին օրերուն մէջ, աւելցած ճնշումները կրնան Քրիստոնեայի մը մղել որ Աստուծոյ օրէնքները բեկանէ։ Եթէ անձնական ուսումնասիրութիւնը, ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը, ժողովները կամ ծառայութիւնը անտեսուի, նոյնիսկ ատենօք զօրաւոր Քրիստոնեայ մը կրնայ հաւատքէն խոտորիլ, թերեւս սխալ ընթացքի մէջ իյնալով։ Այդ պատճառին համար Պօղոս Տիմոթէոսի գրեց. «[Յարատեւ] զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ» եւ «[Յարատեւ] իմացի՛ր ինչ որ կ’ըսեմ»։—Ա. Տիմ. 4։16. Բ. Տիմ. 2։7
6 Ըլլա՛նք վերջերս ընկերակցողներ կամ տարիներու փորձառութիւն ունենալով հասուն անհատներ, եթէ կ’ուզենք վերապրիլ պէտք է Աստուծոյ պահանջներուն յարատեւ ուշադիր ըլլանք, ծառայութեան մէջ ամբողջովին հաւասարակշռուած ըլլանք եւ մեր յոյսը զօրաւոր վիճակի մէջ պահենք։ (Ա. Պետ. 1։13–16) Աստուծոյ արդար պահանջները օրէ–օր պահելը բացարաձակապէս կենսական է։
7 Ձեր նպատակակէտը ըրէք դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ 1993–ի ծառայութեան տարուան այս վերջին ամսուան ընթացքին։ Հաստատամիտ եղէք ուրիշներու օգնելու որ հաւատքին մէջ աճին եւ դաշտի ծառայութեան մէջ արդիւնաբերութիւնը աւելցնեն։ (Հռովմ. 1։12) Ձեր խորհուրդները պատշաճ բաներու վրայ կեդրոնացած պահեցէք կանոնաւոր ըլլալով անձնական ուսումնասիրութեան մէջ, ընտանեկան ուսումնասիրութեան մէջ եւ ժողովներուն ներկայ գտնուելուն մէջ։ (Փիլ. 4։8) Ձեր ջանքերը որպէսզի Աստուծոյ հաճեցնէք, ապրելով իր պահանջներուն համաձայն, պիտի նկատուին։—Կող. 3։23, 24