Համարձակութեամբ կը Քարոզէ՞ք
1 Հակառակորդներու կողմէ ձերբակալուելով եւ սպառնալիք ստանալով հանդերձ, Պետրոս եւ Յովհաննէս շարունակեցին Թագաւորութեան պատգամը համարձակօրէն յայտարարել։ (Գործք 4։17, 21, 31) Ներկայիս մեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ համարձակութեամբ քարոզել։
2 Համարձակութեամբ Վկայութիւն մը Տալ. «Համարձակ» բառին հոմանիշներէն մէկն է՝ «յանդուգն», որ կը նշանակէ «հաստատ խիզախութիւն, վճռակամութիւն եւ համբերութիւն» ունենալ։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար համարձակութեամբ քարոզելը կը նշանակէ՝ անվախօրէն խօսիլ երբ բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելու յարմար պատեհութիւնը հանդիսանայ։ (Գործք 4։20. Ա. Պետ. 3։15) Կը նշանակէ թէ բարի լուրէն չենք ամչնար։ (Սաղմ. 119։46. Հռովմ. 1։16. Բ. Տիմ. 1։8) Ուստի, համարձակութիւնը յատկութիւն մըն է, որու կարիքը ունինք այս վերջին ժամանակին մէջ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մեր յանձնարարութիւնը իրագործելու համար։ Անիկա կը մղէ մեզ որ մարդոց հետ բարի լուրը բաժնենք, անոնք ո՛ւր որ ալ գտնուին։—Գործք 4։29. Ա. Կորն. 9։23
3 Համարձակութիւն՝ Դպրոցին Մէջ. Արդեօք վախկոտ կամ երկչոտ ըլլալու հակումը ձեր դասընկերներուն քարոզելը դժուար կը դարձնէ՞։ Ատեններ անիկա դիւրին չէ. իրականութեան մէջ, կրնայ իսկական մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Սակայն, Եհովա ձեզ պիտի զօրացնէ, եթէ աղօթքով իրմէ համարձակութիւն խնդրէք ուրիշներու քարոզելու համար։ (Սաղմ. 138։3) Համարձակութիւնը պիտի օգնէ ձեզի, դուք ձեզ որպէս Եհովայի Վկայ մը ճանչցնելու եւ ծաղրանքի տոկալու։ Որպէս արդիւնք, դպրոցին մէջ ձեր քարոզչութիւնը կրնայ ձեզի մտիկ ընողները փրկել։—Ա. Տիմ. 4։16
4 Համարձակութիւն՝ Աշխատավայրին Մէջ. Ձեր աշխատավայրին մէջ որպէս Եհովայի Վկայ ճանչցուա՞ծ էք։ Բարի լուրը ձեր գործակիցներուն հասցնելու միակ կերպը թերեւս ձե՛ր քարոզչութիւնն է։ Ձեր համարձակութիւնը պիտի օգնէ նաեւ որ քրիստոնէական ժողովներուն եւ համաժողովներուն համար արձակուրդ առնէք։
5 Համարձակութիւն՝ Փորձութեան Ներքեւ. Համարձակութիւն ունենալը շատ կարեւոր է երբ հակառակութիւն կը դիմագրաւենք։ (Ա. Թես. 2։1, 2) Անիկա մեզի կ’օգնէ որ մեր հաւատքին կառչինք երբ սպառնալիքներու, ծաղրանքի կամ ուղղակի հալածանքի ենթարկուինք։ (Փիլ. 1։27, 28) Անիկա մեզ կ’ամրապնդէ որ հաստատ մնանք, երբ մեր Եհովա Աստուծոյն չափանիշներուն կառչելու առնչութեամբ զիջումներ ընելու ճնշումին ներքեւ գտնուինք։ Անիկա մեզ կը զօրացնէ որ մեր խաղաղութիւնը պահենք, երբ ուրիշներ վէճեր հրահրեն։—Հռովմ. 12։18
6 Անձնապէս ի՛նչ դժուարութիւններ ալ դիմագրաւենք, թող որ բարի լուրը համարձակութեամբ քարոզելու մէջ յարատեւենք։—Եփ. 6։18-20