‘Ձեր Լոյսը Փայլեցուցէք’
1 Մեր շուրջը գտնուող աշխարհը բարոյապէս ու հոգեւորապէս խաւարի մէջ է։ Ճշմարտութեան լոյսը կը քօղազերծէ խաւարի «անպտուղ գործեր»ը, որպէսզի այս մահացու խոչընդոտներէն կարենանք խուսափիլ։ Հետեւաբար, Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները յորդորեց՝ «Լոյսի որդիներու պէս քալեցէք»։—Եփ. 5։8, 11
2 «Լոյսին պտուղը» աշխարհի խաւարին հետ սուր հակադրութեան մէջ է։ (Եփ. 5։9) Այս պտուղը արտադրելու համար պահանջուած է որ քրիստոնէական ապրելակերպի մէջ փայլուն օրինակներ հանդիսանանք, այնպիսի անհատներ ըլլալով՝ որոնց Յիսուս կը հաճի։ Նաեւ պէտք է ցուցաբերենք յատկութիւններ, ինչպէս՝ բոլորանուիրութիւն, անկեղծութիւն եւ ճշմարտութեան հանդէպ խանդավառութիւն։ Այս պտուղը պէտք է ցուցաբերուի մեր ամէնօրեայ կեանքին եւ ծառայութեան մէջ։
3 Ամէն Առիթով Փայլեցէք. Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Թող փայլի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ»։ (Մատթ. 5։16, Երուսաղէմ) Յիսուսը ընդօրինակելով, Եհովայի լոյսը կ’արտացոլացնենք, Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ իր նպատակներուն մասին քարոզելով։ Որպէս լուսաւորներ կը փայլինք երբ մարդոց տուները կ’այցելենք եւ ճշմարտութիւնը կը տարածենք՝ աշխատավայրին մէջ, դպրոցը, մեր դրացիներուն, կամ որեւէ այլ առիթով։—Փիլ. 2։15
4 Յիսուս ըսաւ թէ ոմանք լոյսը պիտի ատէին։ (Յովհ. 3։20) Ուստի չենք վհատիր, երբ շատեր չեն ուզեր որ ‘Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը’ իրենց վրայ ծագի։ (Բ. Կորն. 4։4) Եհովա մարդոց սրտերը կը կարդայ եւ իր ժողովուրդին մէջ անօրէնութիւն գործողներ չ’ուզեր։
5 Երբ Եհովայի ճամբաներուն հետեւինք եւ հոգեւոր լոյսէն հաճոյք առնենք, այն ատեն կրնանք զայն ուրիշներուն վրայ ցոլացնել։ Եթէ մեր վարքը նկատելով անդրադառնան որ մենք ‘կենաց լոյսը ունինք’, թերեւս իրենք ալ մղուին հարկ եղած փոփոխութիւնները ընելու, որպէսզի լոյս կրողներ ըլլան։—Յովհ. 8։12
6 Երբ մեր լոյսը փայլեցնենք, այդ պարագային մեր Ստեղծիչին փառաբանութիւն կը բերենք եւ անկեղծ անհատներուն կ’օգնենք որ զինք ճանչնան եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը ձեռք ձգեն։ (Ա. Պետ. 2։12) Քանի որ մենք լոյսը ունինք, զայն գործածենք, որպէսզի ուրիշները հոգեւոր խաւարէն դուրս հանենք եւ անոնց օգնենք որ լոյսին պատկանող գործեր կատարեն։