Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յունուար 8–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
7 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
13 վյրկ. «Ձեր Լոյսը Փայլեցուցէք»։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1997 համարէն, էջ 17, պարբերութիւն 12-13։ Բոլորը քաջալերեցէք որ վկայելու իւրաքանչիւր պատեհութիւն օգտագործեն։
25 վյրկ. Մեր Առողջապահական Խնամքին Համար Սիրալիր Կարգադրութիւններ։ Որակելի երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Ընկերութեան կողմէ ղրկուած 1 Դեկտեմբեր 2000 թուակիր նամակին եւ ուրուագծին վրայ։ Շեշտեցէք թէ անփափաքելի արեան ներարկումի դէմ կարելի եղած լաւագոյն օրինական պաշտպանութիւնը կ’իրագործուի, երբ լեցնենք թէ՛ Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը եւ թէ Ընկերութեան հայթայթած առողջապահական մնայուն փոխանորդագրի (DPA) պատճենը։ Այս ժողովէն ետք այս փաստաթուղթերը մկրտուած հրատարակիչներուն մատչելի պիտի ըլլան, սակայն այս գիշեր պէտք ՉԷ զանոնք լեցնել։ Ժողովքը պէտք է բաւարար քանակ մը ունենայ այս երեքէն՝ քարտը, վերստուգուած DPA, եւ Բժշկական Կանխայայտ Ուղեցոյցը, զանոնք բաշխելու համար։ Անհատին եւ վկաներուն կողմէ ստորագրուիլը, ինչպէս նաեւ թուական դնելը պիտի ըլլան յաջորդ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութենէն ետք, գրքի ուսումնասիրութեան վարիչին աջակցութեամբ, եթէ կարիքը տեսնուի։ Որպէս վկաներ ստորագրողները պէ՛տք է տեսնեն անհատին իր փաստաթուղթը ստորագրելը։ Ընկերութեան Կանխայայտ Ուղեցոյցը զգուշութեամբ պէտք է նկատի առնուի DPA–ը ամբողջացնելէ առաջ։ Եթէ հրատարակիչ մը ուրիշ նահանգ մը փոխադրուած է, պէտք է այդ նահանգին համար նոր DPA–ի պատճեն մը լեցնէ։ Գրքի ուսումնասիրութեան վարիչները վստահ պէտք է ըլլան որ իրենց խումբին նշանակուած բոլոր անդամները հարկ եղած օգնութիւնը կը ստանան, Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը եւ DPA–ը լեցնելու համար։ Այս ժողովէն ետք երախաներու համար Անձնագիրներ մատչելի պիտի ըլլան ծնողներուն։ Այս վաւերագրերուն գործածած լեզուն իրենց անհատական պարագաներուն ու համոզումներուն յարմարցնելով, չմկրտուած հրատարակիչներ կրնան իրենց եւ իրենց զաւակներուն համար անձնապէս ցուցմունքներ գրել։
Երգեցողութիւն թիւ 27 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 15–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 59
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագրութիւն։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Աստուածաշունչը Ամէն Օր կը Քննէ՞ք։ Դասախօսութիւն եւ հարցազրոյցներ։ Նկատի առէք Դիտարան 1 Յունուար 1997, էջ 14-15, պարբերութիւն 12-14, որ աչքառու կը դարձնէ ամէն օր ընտանեօք օրուան համարը նկատի առնելուն իմաստութիւնը։ Հարցազրոյց ունեցէք ընտանիքի անդամներու հետ, որոնց իւրաքանչիւրը վերջերս նկատի առնուած օրուան համար մը կը մտաբերէ, որ յատկապէս օգտակար եղած է, եւ պատճառը կու տայ։ Շեշտեցէք թէ ասիկա ընտանեկան ուսումնասիրութեան կանոնաւոր յայտագրին մէկ մասը պէտք է ըլլայ, ծրագրուած՝ մեր ընտանիքները զօրացնելու եւ զանոնք ծառայութեան մէջ գործունեայ պահելու համար։
Երգեցողութիւն թիւ 46 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 22–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
7 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
18 վյրկ. Ի՛նչպէս Ներկայացումներ Պատրաստել։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ Պատճառաբանել գրքին 9–րդ էջին վրայ գտնուող բանալի կէտերը վերաքաղ ըրէք։ Ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնանք ներկայացումներ ընտրել, որոնք մեր ոճին, անձնաւորութեան եւ թաղամասին կը յարմարին։ Վերաքաղ ըրէք կարգ մը ներկայացումներ, որոնք կրնան Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին հետ գործածուիլ, ապա անոնցմէ մէկ կամ երկու հատը ցուցադրեցէք։ (Տես՝ Ապրիլ 1997 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 8։) Բոլորը քաջալերեցէք որ Պատճառաբանել գրքին եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ ներկայացուած թելադրութիւնները իրենց դաշտի ծառայութեան մէջ լաւ կերպով գործածեն։
20 վյրկ. «Լաւ Ունկնդիր մը Եղէք»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Վերաքաղ ըրէք Դպրոցի Ուղեգիրք էջ 27-28, պարբերութիւն 15-17։ Մտիկ ընելու մեր սովորութիւնը քննելու լաւագոյն կերպն է՝ տեսնել թէ ո՛րքան կրնանք յիշել։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ ելոյթ ունեցողներուն նշած կարգ մը աչքառու կէտերը մտաբերեն։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 29–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 77
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Յունուար ամսուան իրենց դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Յիշեցէք Փետրուարին ներկայացուելիք գրականութիւնները, աչքառու դարձնելով ժողովքին ունեցած գրքերը։
15 վյրկ. Ստեղծիչը Աւելի Մօտէն Ճանչցէք։ Դասախօսութիւն հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յուլիս 1999, էջ 17, եւ 15 Յունիս 1999 (Անգլ.), էջ 25-26–ի վրայ։
20 վյրկ. «Ո՛վ Ծնողներ, Ձեր Զաւակներուն Մէջ Օգտակար Սովորութիւններ Զետեղեցէք»։ Դասախօսութիւն եւ հարցազրոյց՝ հոգեւորապէս առողջ զաւակներ ունեցող ծնողներու հետ։ Ծնողները կը պատմեն իրենց ըրած դրական բաները, որպէսզի իրենց զաւակները դաշտի ծառայութեան միջամուխ ըլլան։ Եթէ ժամանակը ներէ, պարփակեցէք թելադրութիւններ, առնուած՝ Ընտանիք գրքէն, էջ 55-59։
Երգեցողութիւն թիւ 55 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 5–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 57
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Ուրախ Կատարող մը Եղէք»։ Ցոյց տուէք թէ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ի՛նչ բան մեր ուրախութիւնը կրնայ աւելցնել, ինչպէս ուրուագծուած է Խորաթափանց գրքին մէջ, Հատոր Բ., էջ 120, պարբերութիւն 6-8։
20 վյրկ. Կրնա՛ք Օգտակար Ժամանց Գտնել։ Ընտանիք մը Զարթի՛ր 22 Մայիս 1997–ի տուած խրատը նկատի կ’առնէ։ Հայրը հետաքրքրուած է ընտանիքին հետապնդած զբօսանքով։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ընելէ ետք «Ի՞նչ Պատահած Է Ժամանցին» խորագրով յօդուածը (էջ 4-7), անոնք կը կեդրոնանան առողջ եւ օգտակար եղող ժամանցի տեսակներու վրայ։ Նկատի առէք Կազմակերպուած էջ 131-132, «Զբօսանք» ենթագլուխը, եւ էջ 135-136, «Ամէն Բան Աստուծոյ Փառքին Համար Ըրէք» ենթագլուխը։ Ընդգծեցէք առաջնորդութիւն առնելու մէջ ծնողքին դերը, եւ ամբողջ ընտանիքին օգտին համար անոր անդամներուն միասնաբար համագործակցելու կարիքը։
Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա նիւթը հարց պատասխանով նկատի առէք։